ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՐԳԱՆՔ

«Կեանքը կը նմանի հեծանիւի ընթացքին։ Հաւասարակշռութիւնը պահելու համար պէտք է առաջ շարժիլ»։

ALBERT EİNSTEİN

Իր անձին սէրը բարոյականութեան հիմնական սկզբունք մը կը հանդիսանայ։ Ուրեմն, օրինաւոր է ե՛ւ բնական յարգել տալ կեանքի իր սեփական իրաւունքը։ Ով որ կը պաշտպանէ իր կեանքը, «մարդասպանութեան» յանցանք չի գործեր, նոյնիսկ եթէ հարկադրուի իր վրայ յարձակողը մահացու խոցել. «Եթէ ինքզինք պաշտպանելու համար՝ պահանջուածէն աւելի մեծ բռնութիւն բանեցուի, ասիկա ապօրինի պիտի համարուի։ Իսկ եթէ բռնութիւնը չափաւոր կերպով ետ կը մղուի, ասիկա օրինաւոր պիտի համարուի…։ Մեզ փրկելու համար անհրաժեշտ չէ որ զանց ընենք այս չափաւորեալ ինքնապաշտպանութիւնը, ուրիշը չսպաննելու համար. որովհետեւ մարդ աւելի պարտաւոր է հսկելու իր կեանքին քան թէ ուրիշի կեանքին վրայ», կ՚ըսէ St. Thomas Aquinas (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։

Օրինաւոր պաշտպանութիւնը կրնայ ո՛չ միայն իրաւունք մը ըլլալ, այլ նաեւ ծանր պարտականութիւն մը՝ այն անձին համար, որ ուրիշներուն կեանքին պատասխանատու է։ Հասարակաց բարիքին պաշտպանութիւնը կը պահանջէ, որ անիրաւ յարձակողը դուրս դրուի վնաս հասցնելու վիճակէն։

Մարդկային ամէն անմեղ անհատի կեանքին անլուծանելի իրաւունքը կը կայացնէ քաղաքացիական ընկերութեան եւ անոր օրէնսդրութեան կազմիչ մէկ տարրը։ Ուստի անձին անլուծանելի եւ անյետաձգելի իրաւունքները պարտին ճանչցուիլ եւ յարգուիլ աշխարհիկ ընկերութեան եւ քաղաքացիական իշխանութեան կողմէ։ Արդարեւ, մարդուն իրաւունքները կախում չունին ո՛չ անհատներէն, ո՛չ ծնողներէն, ո՛չ ալ ընկերութեան եւ իշխանութեան կողմէ կատարուած զիջում մը կը ներկայացնեն. անոնք կը պատկանին մարդկային բնութեան եւ յարակից են մարդու անձին, ստեղծագործ արարքին պատճառով, ուրկէ ան կ՚առնէ իր ծագումը։

Հիմնական այս իրաւունքներուն մէջ, հարկ է թուել մարդկային ամէն էակի կեանքին եւ ֆիզիքական ամբողջականութեան իրաւունքը, սկսեալ յղութենէն մինչեւ մահը։

Քանի որ յղութենէն սկսեալ, սաղմը պէտք է իբր անձ նկատուի, ան պէտք է պաշտպանուի իր ամբողջականութեան մէջ, եւ յարգուի, եւ կարելիութեան չափով խնամուի եւ բուժուի, ինչէս ուրիշ ոեւէ մարդկային էակ։ Եւ այս իմաստով, նախածննդական ախտաճանաչումը բարոյապէս օրինաւոր է, եթէ կը յարգէ կեանքը եւ ամբողջականութիւնը մարդկային նախասաղմին եւ սաղմին, եւ եթէ կը ձգտի անոր պահպանումին կամ անոր անհատական բուժումին։ Ան բարոյական օրէնքին ծանրօրէն կը հակադրուի, երբ նախատեսէ, ըստ արդիւնքներուն, վիժում կատարելու հաւանականութիւնը։

Արդարեւ, ախտաճանաչում մը պէտք չէ համազօր ըլլայ մահավճիռի։

Հարկ է իբրեւ օրինաւոր նկատել մարդկային նախասաղմին վրայ կատարուող միջամտութիւնները, պայմանաւ որ անոնք յարգեն կեանքը եւ ամբողջականութիւնը նախասաղմին եւ անոր դէմ անհամաչափ վտանգներ չբերեն, այլ ձգտին անոր բուժումին, անոր առողջութեան պայմաններուն բարւոքումին կամ անոր անհատական վերապրումին՝ անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման։

Ամէն մարդ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու է իր կեանքին, զոր Ան տուած է իրեն։ Ան կը մնայ կեանքին գերակայ Տէրը։ Մենք պարտաւոր ենք զայն երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ պահպանել՝ Աստուծոյ փառք եւ պատիւին, եւ մեր հոգիներուն փրկութեան համար։

Մենք տնտեսներն ենք եւ ո՛չ թէ տէրերը կեանքին, զոր Աստուած վստահած է մեզի։ Մենք կեանքը չենք տնօրիներ, ան կ՚ընթանայ Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։ Հակառակ ընթացք մը կը հակասէ մարդկային էակին բնական հակումին՝ պահպանելու, տեւականացնելու եւ յաւերժացնելու իր կեանքը։

Իշխանութեան ջանքը արգիլելու ծաւալումը արարքներու, որոնք կը բռնաբարեն մարդուն իրաւունքները եւ քաղաքացիական համակեցութեան հիմնական օրէնքները, կը համապատասխանէ հասարակաց բարիքին պաշտպանութեան մէկ պահանջքին։ Հանրային օրինաւոր իշխանութիւնը իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ունի յանցանքին ծանրութեան համեմատ եւ համաչափ պատիժներ սահմանելու։ Պատիժը իբր առաջին նպատակ ունի դարմանել յանցանքին ներմուծած անկարգութիւնը։ Այս պատիժը երբ կամովին ընդունուած է յանցաւորէն, համարժէք է քաւութեան։ Այս պատիժը հանրային կարգը եւ անձերուն ապահովութիւնը պաշտպանելէ զատ, բուժիչ նպատակ մըն ալ ունի։ Ան պարտի կարելիին չափով յանցաւորին զգաստացումին նպաստել։ Այս իմաստով պատիժը, կանխարգելիչ դեր մը կը խաղայ մարդոց կեանքի իրաւունքին դէմ ամէն տեսակ արարքներուն նկատմամբ։ Պատիժը՝ անվտանգութեան ապահով միջոց մըն է։

Հասարակաց բարիքը կ՚ենթադրէ անձերուն կեանքի իրաւունքին պահպանութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։

Այսօր կան ոճիրները ազդու կերպով զսպելու, անվնաս դարձնելու միջոցներ եւ կարելիութիւններ, եւ ոճրագործը, առանց վերջնականապէս զրկելու զղջալու կարելիութիւններ։ Այս պարագային, ահաւասիկ, պատիժը, յարգելով կեանքի իրաւունքը, բուժիչ հանգամանք մը կը ստանայ, անշուշտ նկատի ունենալով ոճիրին եւ ոճրագործին մասնաւոր ծանրութիւնը եւ հանգամանքը։ Եւ, դարձեալ, այս կէտին պէտք է նկատի առնուի որպէս չափանիշ, հասարակաց բարիքը, եւ հասարակաց բարիքին հանդէպ գործուած յանցանքները իրենց ծանրութեան համեմատ պատիժ սահմանուի եւ գործադրուի։

Ուրեմն, կը տեսնուի, որ հասարակաց բարիքը եւ անձին կեանքի իրաւունքը պէտք է լաւ հաւասարակշռել, ներդաշնակել եւ համապատասխան պատիժներու ենթարկել յանցաւորները։

Արդարեւ, Եկեղեցւոյ աւանդական ուսուցումը, այն պարագային որ յանցաւորին ինքնութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը լրիւ ստուգուած են, չի բացառեր դիմումը մահուան պատիժին, երբ ասիկա միակ գործնական միջոցն է արդիւնաւորապէս պաշտպանելու մարդուն կեանքը ընդդէմ յարձակողին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021