ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՆԳՈՅ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

Երբեւէ կարելի չէ երեւակայել միանման հասարակութիւն մը, ուր ամէն մարդ ապրի, մտածէ ու գործէ նոյն չափանիշներով եւ տրամաբանութեամբ: Անցեալին ամէն շրջան ունէր գրեթէ միանման մտածողութեան սահմաններ. յստակ քաղաքացիին համոզումները եւ յստակ գիւղացիինը. թէեւ անձէ անձ գոյութիւն ունէին տարբերութիւններ, սակայն անոնց միջեւ գոյութիւն չուէին անդունդներ՝ ինչպէս այսօր, որովհետեւ այսօր չենք կրնար մտածողութեան ճամբով զանազանել գիւղացին քաղաքացիէն, կամ ուսեալը անուսէն, որովհետեւ մեր շուրջ կը տեսնենք քաղաքացիներ՝ գիւղացիին մօտ իսկ գոյութիւն չունեցող յետամնացութեամբ, իսկ շատ անգամ գիւղացիին մօտ կը  տեսնենք իմաստութիւն ու հաւասարակշռութիւն. ուսեալ մարդուն մօտ կը տեսնենք ամէ՛ն տեսակ անկրթութիւն, մինչ դպրոց չյաճախող մարդու մը մօտ գիտակցութիւն ու հասունութիւն. այլ խօսքով քաոսային վիճակ մը պարզապէս:

Մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները կը պարզուի անոնց հետաքրքրութիւններուն ճամբով. խորհուրդներու լեցուն ու ծանր թատրերգութիւն մը կրնայ ձանձրոյթ պատճառել մէկուն, սակայն միւսին մօտ գոհունակութեան զգացում մը արթնցնել. ներկայացումը նոյնն է. փոխանցուած խորհուրդը նոյնը, սակայն զգացումներն ու ըմբռնումները տարբեր եւ այդ տարբերութիւններն են, որ կը ստեղծեն բաժանումներ թէ՛ երաժշտութեան, թէ՛ թատրերգութեան, թէ՛ արուեստի եւ առօրեայ զբաղումներուն միջեւ:

Զարմանալի է սակայն, որ շատ անգամ նոյն կրթութիւնը ստացող, նոյն յարկին տակ հասակ առած երկու եղբայրներու մօտ անգամ այդ բոլորը կրնան տարբերութիւններ կրել եւ երբ նոյն տան մէջ հետաքրքրութիւններն ու մտածողութիւնները կը սկսին ըլլալ տարբեր, կրնանք որոշ վտանգ մը նկատել անոր մէջ. այդ վտանգը հետեւեալն է.- անցեալին կրթութեան սկզբնաղբիւրը մայրն էր եւ եղբայրներ ու քոյրեր իրարմէ որքան ալ որոշ բնաւորութեան հետ կապուած տարբերութիւններ ունենային, անոնց միջեւ գոյութիւն կ՚ունենար հասարակաց գաղափարներ, որոնք հայելին էին մօր փոխանցած կրթութեան, սակայն այնքան ատեն որ մեր կեանքին մէջ մուտք գործեց արդի արհեստագիտութիւնը, այդ բոլորը սկսաւ տարբերութիւն կրել, որովհետեւ մերօրեայ զաւակները իրենց մայրերէն աւելի համացանցի մէջ իրենց տեսածներէն, լսածներէն ու դիտածներէն է որ բաներ կը սորվին։ Մերօրեայ զաւակներուն անկրթութիւնը իրենց մայրական կրթութենէն անկախ հայելին է ներկայ ընկերութեան թշնամիին՝ արհեստագիտութեան, որովհետեւ համացանցը յաջողեցաւ զանոնք ստրուկ դարձնել եւ փոխանցել այն՝ ինչ կրնայ հակառակ ըլլալ շատ մը մայրերու կրթութեան:

Այդ բոլորին մեծագոյն հայելին արուեստն է, որովհետեւ այսօր կարելի չէ սահմանել, թէ ինչ է արուեստը. ամէն բան որ բեմի վրայ կը ներկայացուի, կարելի՞ է արուեստ կոչել. ինչքան ալ անարուեստ թուի մեզի, վերջաւորութեան արուեստ է, որովհետեւ եթէ մեզի համար հաճելի չէ, ապա ուրիշին համար կրնայ գլուխ գործոց մը թուիլ: Ընդունինք թէ ոչ, բոլոր այն բաները որոնք բեմին վրայ կը ծափահարուին՝ հակառակ իրենց անարուեստ բովանդակութեան, արուեստ են: Այդ մէկը բացայայտօրէն կը տեսնենք արդի «արուեստագէտ»ներու մօտ, որոնք ծափահարութեան սիրոյն ի վիճակի են Աստուծոյ սեռային կեանքին մասին խօսելու, տեղի-անտեղի հայհոյանքներ ձաբռտելու, որովհետեւ անոնք եւս արուեստ կը նկատուի:

Ցաւ ի սիրտ, շատեր արուեստը կը շփոթեն կատակերգութեան հետ. անոնց համար հետաքրքրական է այն թատրոնը՝ որ ծիծաղ կը պատճառէ. այն ֆիլմը՝ որ մարդը զուարթ կը պահէ. նման հասարակութիւն մը ուրախ պահելու եւ ծիծաղեցնելու լաւագոյն ձեւը սեռային կատակերգութիւնն ու Աստուածային սրբազան արժէքներու արժեզրկումն է. հայ կատակերգակ մը կ՚ըսէր. «Յիսուս եթէ Հայաստան ծնած ըլլար, խաչի փոխարէն շատ խորոված ուտելէն կը մահանար». շատեր այս մէկը սրբապղծութիւն կը նկատեն, շատեր արուեստ. շատեր կը ծափահարեն, իսկ ուրիշներ դահլիճէն դուրս կու գան:

Մեր կարծիքով, կատակերգութիւնը արուեստ կը դառնայ ա՛յն ժամանակ, երբ առանց նման տկարութիւններու դիմելու մարդ կրնայ ծիծաղ պատճառել ուրիշին։ Սերտեցէ՛ք Պարոնեանն ու Օտեանը։ Ծիծաղն ու ժպիտը անպակաս պիտի ըլլայ ձեր դէմքէն, առանց սակայն սեռային աւելորդաբանութիւններու եւ կամ Աստուածային սրբապղծութիւններու:

Այս բոլորին մէջ, ինչպէս միշտ մեղաւոր կը նկատենք դպրոցը, որովհետեւ մերօրեայ դպրոցները դաստիարակութիւնը միայն որոշուած գիրքերուն մէջ տեսնել կը փորձեն։ Դպրոցի մը իսկական պարտականութիւնը թուաբանական հաշիւէ մը շատ աւելին սորվեցնելն է, որուն մէջ ներառեալ է նաեւ արուեստի գիտակցութիւնն ու ճաշակը: Դպրոցի կողքին մեծ դեր ունի տունը, որովհետեւ տան հայրը եթէ անկիրթ պատմութիւններ պատմելով հաճելի մթնոլորտ ստեղծել կը փորձէ, ինքնաբերաբար անորակ անկրթութիւնները այդ մթնոլորտին մէջ հասակ առնող մանուկին համար կը դառնան բնական ու տեղ մը նոյնիսկ հաճելի:

Անկասկածօրէն ընդհանուր հասկացողութիւններու վերաքաղի մը կարիքը ունի մեր ազգը, որոշ չափանիշներ ստեղծելու եւ անոնց շուրջ առողջ սերունդ մը դաստիարակելու համար:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -187-

Մի քանի տարիներ առաջ Լիբանան այցելեց յայտնի սփիւռքահայ կատակերգակ մը եւ չես գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ հոգեւորականի մը հետ որոշեցինք երթալ ու դիտել: Կատակերգակը յայտնի էր իր Աստուծոյ մասին պատմած կատակներով: Հանդիսութեան առաջին մասը սովորական էր. տարբեր տարբեր ծիծաղաշարժ դրուագներ էին, սակայն միւս մնացած կէսը գոնէ մեր երկուքին համար վտանգաւոր էր. կատակերգակը սկսաւ Աստուծոյ մասին իր սրբապղծութիւնները պատմել. զգացի, որ հոգեւորական ըլլալնիս նկատի ունենալով հանդիսատեսները բեմէն աւելի մեզի կը նային՝ տեսնելու համար մեր արտայայտութիւնը. վա՜յ թէ այդ պահուն ծիծաղէիր...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023