ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԿՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, այն նոր եւ կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր Մարմինը» (ԵԲՐ. Ժ 19-20)։

Պօղոս առաքեալի այս խօսքերը մեզի ցոյց կու տան, թէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը ճշմարիտ եւ անմեկնելի ուրախութիւն մը, բերկրութիւն մըն է մեզի համար։

Արդարեւ, Յիսուսի անհուն սէրն է, որ մեզի ապրեցուց այս ուրախութիւնը, քանի որ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13) եւ ուրախութիւնը կը յայտնէ Յիսուս երբ կ՚ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ՝ ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ։ Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 11-12)։

Ահաւասի՛կ, այս է Յիսուսի կտակը. սիրե՛լ զիրար եւ ուրա՛խ ըլլալ սիրոյ մէջ։

Արդարեւ, ամբողջ Աւետարանին համառօտագրութիւնը՝ սէ՛րն է. սիրել զԱստուած եւ սիրել իր նմանը, իր եղբայրը իր իսկ անձին պէս, քանի որ Աստուած մարդը սիրեց Իր Որդին զոհելու աստիճան։ Եւ Յարութեան ուրախութիւնը, բերկրութիւնը պէտք է ապրինք եւ վայելենք այս սիրոյ մէջ…

«Աստուած սէր է։ Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ, անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ իրեն միացած» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 16)։ Ուստի պէտք է միշտ սիրոյ մէջ մնալ՝ ուրախ ըլլալու համար։ Ան, որ զԱստուած կը սիրէ, նախ իր եղբայրը կը սիրէ, քանի որ Աստուծոյ սէրը եղբօր սիրովը կը յայտնուի։ Արդ՝ ան որ իր եղբայրը կը տեսնէ եւ չի սիրեր, ի՞նչպէս պիտի կարենայ զԱստուած սիրել, երբ զԱյն չի տեսներ եւ ի՞նչպէս պիտի հաւատայ Յարութեան անվիճելի ճշմարտութեան, որ չէ տեսած։ Մարդիկ, ընդհանրապէս «զԱստուած սիրող» կը ճանչցուին, երբ իրենց եղբայրը հոգեւոր սիրով կը սիրեն եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր։

«Հոգեւոր սէր»ը մարմնաւորէն տարբեր է։

Արդ, ան, որ կը սիրէ, կը ճանչցուի Աստուծմէ եւ ինք կը ճանչնայ զԱստուած եւ ան, որ իր եղբայրը՝ իր նմանը կարեկցութեամբ չի սիրեր, անծանօթ մըն է Աստուծոյ եւ աստուածային շնորհ չի կրնար ընդունիլ։

Եւ Յարութեան ուրախութիւնը, այս իմաստով, կատարեալ չ՚ըլլար, երբ եղբայրներու մէջ հոգեւոր սէրը կը պակսի, ատելութիւնը կը տիրէ։ Ուրեմն, Յարութեան ճշմարտութիւնը բարեպատեհ առիթ մըն է նորոգելու մեր սէրը մեր եղբայրներուն, մեր նմաններուն նկատմամբ։

Պէտք է վերաքննենք մեր սիրոյ զգացումը եւ վայելենք իսկական սէրը՝ հոգեւոր սէ՛րը։ Եւ այն, որ իր եղբայրը սուրբ սիրով կը սիրէ, Աստուծոյ բնակարան կ՚ըլլայ եւ Աստուած անոր մէջ կը բնակի։ Որովհետեւ, Ինքը՝ Տէրը, սիրեց մեզ եւ ճշմարիտ Հոգին ղրկեց մեր մէջ բնակելու համար, որպէսզի մեր իմանալի հոգիները Աստուծոյ անիմանալի Հոգւոյն հետ կապուին։ Եւ ինչպէս որ Ան մեզ սիրեց, նո՛յնպէս ալ մեզմէ իրարու նկատմամբ սէր կ՚ակնկալէ։ Տեսէ՛ք, թէ սէրը Աստուծոյ մօտ որքա՜ն արժէք ունի եւ թէ ի՛նչպէս մարդս Աստուծոյ նման կ՚ընէ։

Արդարեւ, Աստուած իր սիրովը մարմնացաւ եւ մարդացաւ եւ ցոյց տուաւ, թէ մարդիկ իրենց սիրովը Աստուծոյ նման պիտի ըլլան։ Քանի որ Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ նոյնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհի՝ բոլոր մարդկութեան փրկութեան համար։ Եթէ մենք զիրար սիրենք այնպէս, ի՛նչպէս Աստուած մեզ սիրեց, ո՛չ մէկ չարիք կը խափանէ մեր սէրը։ Ան, որ կը սիրէ, յայտնի է մարդոց եւ համարձակ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ որեւէ վախ չ՚ունենար, այլ Աստուծոյ սիրով զինուած կ՚ըլլայ եւ անվա՛խ բոլոր երկիւղալի վտանգներէն։

Արդարեւ, հոն ո՛ւր սէր կայ, այնտեղ վախ գոյութիւն չունի, ինչպէս Յովհաննէս կ՚ըսէ. «Սիրոյ մէջ վախ գոյութիւն չունի. կատարեալ սէրը կը մերժէ վախը» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 18)։

Չէ՞ որ, Յիսուս իր մահուամբ եւ Յարութեամբ յաղթեց աշխարհին։

Վախը տանջանքի ենթակայ է, սէրը՝ համարձակութեան։ Վախը կը հալածուի սէրէն։ Հոն, ուր սէր չկայ, այնտեղ դատաստանի սարսափը եւ մեր դատաստանի օրուան կորուստի ահը կայ։ Իսկ սէրը աներկիւղ կը դարձնէ մարդը բոլոր տանջանքներէն, մտահոգութիւններէն, ցաւերէն եւ վիշտերէն։

Բացայայտ է, որ սէրը ո՛չ միայն յաւիտենական կեանքի մէջ իր խաղաղութեան պտուղով կը պտղաբերի, այլեւ այս աշխարհի մէջ իսկ կը հալածէ բոլոր բարոյական հակառակորդները, թշնամիները եւ բոլոր չարամիտները. ինչպէս՝ ատելութիւնը, նախանձը, չարութիւնը, ոխակալութիւնը, հայհոյութիւնը, չարախօսութիւնը, հպարտութիւնը, տրտունջը, բամբասանքը, անհնազանդութիւնը, անհաւատարմութիւնը, երկերեսութիւնը, ամբարտաւանութիւնը եւ մանաւա՛նդ բոլոր չարիքներուն մայրը՝ ընչաքաղցութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, ինքնամոլութիւնը, անձնասիրութիւնը, մեծամտութիւնը եւ ագահութիւնը։

Եւ բոլոր այս չարութիւններուն հակաթոյնն է՝ սէ՛րը։ Յիսուս իր «կտակ»ով սէր աւանդեց բոլոր մարդկութեան եւ իր Յարութեամբ մարմնապէս, ստուգապէս ցոյց տուաւ սիրոյ զօրութիւնը։ Ուստի, ան, որ սէր ունի, բոլոր չարիքներէն հեռո՛ւ կը մնայ եւ երկնային խաղաղ նաւահանգիստին արժանի կ՚ըլլայ։

Ի՞նչ բան աւելի խաղաղ է եւ ուրախութիւն կը պատճառէ՝ քան սէրը՝ ձերբազատուած ըլլալը բոլոր խռովութիւններէն եւ Աստուծոյ հաճելին կատարելը։ Սէրը երկնային արքայութեան բանալի՛ն է եւ յաւիտենական կեանքի լուսաւոր ճանապարհը։ Սէրը Յարութեան ապացոյցն է, անվիճելի փա՛ստը։ Սէրը ժամանակաւորը անժամանակի կը վերածէ, մահը՝ կեա՛նքի։ Սէրը մարդ արարածը Աստուծոյ որդին կը դարձնէ եւ երկնային արքայութեան արդար հարազատ ժառանգորդը։

Սէրը ապականած բնութիւնը անապական կը դարձնէ, գերեզմանէն Յարութեան աւետիսը կու տայ։ Սէրը երկրայինները երկնային կ՚ընէ եւ հողեղէնները հրեղէնի կը վերածէ։

Ո՞վ կրնար պատմել սիրոյ անչափելի մեծութիւնը՝ եթէ ո՛չ յարուցեալ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս։

Աստուած անբաւելի է, սակայն մօտիկ բոլորին եւ կը բնակի հեզերու եւ խոնարհներու մէջ, նոյնպէս՝ սէ՛րը…։

Քրիստոսի Յարութեամբ մենք ճանչցանք Սէ՛րը…

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023