ԳԵՐՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒԺ ՄԸ
Ամէն անհատ, իւրաքանչիւր մարդ զօրութիւն մըն է՛, ուժ մը, սակայն երբ այդ անհատական ուժերը միանան եւ դառնան հասարակաց ուժ, ահաւասիկ, այդ կը վերածուի «գերմարդկային ուժ»ի մը։ Եւ քանի որ մարդուս ամենամեծ զօրութիւնն է իր բանականութիւնը, մտածելու, որոշելու կարողութիւնը, ապա ուրեմն երբ միանան իւրաքանչիւր անհատի միտքը, մտածողութիւնը եւ կարծիքը, եւ անոնք վերածուին «հասարակաց կարծիք»ի, այդ կ՚ըլլայ գերմարդկային զօրութի՛ւն մը։
Աշխարհի վրայ, ահաւասիկ, այս հասարակաց զօրութիւնը, ամէն տեսակ մարդկային զօրութիւններէ վեր է եւ տարբեր, գերագոյն եւ անընկճելի՝ որուն ձայնը դիւրին չէ՛ խեղդել, որուն առջեւ կանգ կ՚առնեն ամէն անհատական զօրութիւն։ Եւ այս շատ բնական է, քանի որ ուժերու միանա՛լն է հասարակաց ուժը՝ որ ընդհանրապէս կը ներկայանայ որպէս «հասարակաց միտք»։ Հասարակաց կարծիքն է այդ հասարակաց միտքը, զօրաւոր եւ գերմարդկային զօրութիւն մը, քանի որ մարդ անհատապէս կրնայ սխալիլ, թերանալ կամ տկարանալ, բայց ամէն մէկ անհատական կարծիքին միաւորութեամբ կազմուած հասարակաց միտքը մեծ մասամբ զերծ է այդ թերութիւններէն։
Արդարեւ, հասարակաց կարծիքը՝ ժողովուրդներու թուրը՝ սուրը, արդարութեան սուինը, իրաւունքներու վահանը եւ բռնութեան արգելի՛չն է։ Ուստի ընկերային փոփոխութիւններու նորոգութիւններու ամենէն զօրաւոր, ամենէն ազդո՛ւ պատճառն է հասարակաց կարծիքը, հանրային միտքը։ Իր այս յատկութեամբ, հանրային կարծիքը պիտի ըլլայ ներկայ եւ ապագայ հաւաքականութիւններու ընկերական վիճակը կարգադրող, կազմաւորող եւ հաստատող զօրութիւնը։
Ինչպէս որ ժողովուրդի մը մահատիպ անզգայութիւնը, անտարբերութիւնը իր տգիտութեան հետեւանքն է, նոյնպէս ալ զօրութիւնը՝ լոյսերու տարածման արդի՛ւնքն է։ Ուր որ տարակայ է այն, բացակա՛յ, հոն ընդհանրապէս տխուր լռութիւն մը եւ մութ խաւար մը կը տիրէ։ Թէեւ ո՛չ մէկ խաւար իրապէս խաւար է, բայց երբ մարդ չանդրադառնայ այդ իրողութեան, խաւարը կ՚ըլլայ տիրակա՛ն, եւ հասարակութեան միտքը, հանրային բանականութիւնը անասնական անզգայութեան, անտարբերութեան շղթայով կը կաշկանդուի, բանաւորութեան, մտածողութեան կը յաջորդէ կիրքը եւ մարդս կը վերածուի «ողորմելի գործիք»ի մը, որ կը կառավարուի քմահաճ եւ կամայական որոշումներով։
Եւ ժողովուրդներու այս վիճակը քաղաքականապէս կ՚անուանի «մա՛հ»։
Արդարեւ, մարդիկ ընդհանրապէս ծրագրըւած են «կառավարուել»ու։ Իսկ սակաւաթիւ են այն անձերը՝ որոնք օժտուած են կառավարելու յատկութեամբ, ուստի քիչեր են, որ ծրագրուած են կառավարուելու պատրաստ մեծամասնութիւնը կառավարելու։ Բայց կայ հազուադէպ պարագայ մըն ալ, ուր հազուագիւտ անձեր՝ խոհեմ, լրջամիտ եւ թէ բարձր բանականութեամբ օժտուած՝ կարող են կառավարել իրենք զիրենք, միշտ հաւատարիմ մնալով տուեալ օրէնքներու, կանոններու՝ անշեղ եւ անթերի գործադրելով զանոնք։ Այս վերջին խումբի պատկանողներ հնազանդ եւ հաւատարիմ են ընդհանուր օրէնքներու՝ առանց միջամտութեան, առանց որեւէ անդրադարձումի։ Անշուշտ քիչ են այդպիսիները՝ որոնց բնատուր յատկութիւնը կ՚ապահովէ ապահով, երջանիկ եւ անվտանգ կեանք մը…։
Իրաւական գետնի վրայ, օրէնքի տրամադրութիւններու անտեղեակ ըլլալ երբեք չ՚.արդարացներ օրինազանց անհատը։ Եւ կարելի է մտածել, թէ իրաւական այս տիեզերական սկզբունքը՝ արդիւնք է մարդուս ինքնակառավարութեան պահանջքին, քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է եւ կարող՝ չարը բարիէն, վնասարարը օգտակարէն եւ ընդհանրապէս խաւարը լոյսէն զանազանելու եւ ըստ այնմ վարուելու եւ ընթացք տալու իր կեանքին։
Արդարեւ, ազատամիտ եւ անկախ ըլլալ՝ անիշխան եւ ինքնագլուխ ապրիլ չի՛ նշանակեր, հապա բանաւորութեան լոյսին տակ՝ մարդավայել կեանք մը վարել։ Այս ուղղութեամբ՝ ազատաբոյր գրիչներ, անմահ հանճարներ, վառվռուն երեւակայութիւններ, մեծ ծրագիրներ կը ծնին դաստիարակութեան, կրթութեան արգանդէն եւ իրենց մտային լոյսովը մարդկային ուղիները, օրէնքները քննադատելով, ընկերային կեանքի սխալները, զեղծումները երեւան հանելով կը սկսին հետզհետէ շարժել միտքերը…։
Այս իմաստով, հասարակաց մտքին, հանրային կարծիքին խլրտում կու տայ իրենց առջեւ բացուած զանազան տեսարանները, եւ այս արդար խլրտումին հետեւանքով՝ կը յայտնուի մարդկային բանաւորութիւնը իր ամբողջ զօրութեամբը, ժամանակին բազուկովը կանգնուած տգիտութեան, անտարբերութեան, անզգայնութեան «հնօրեայ արձան»ին խորտակումը եւ լուսատարած նոր աշխարհի մը եւ նոր կեանքի մը կանգնումը։ Օրէնքի հնազանդիլ, կանոններու հպատակիլ, տուեալ դրութեան հաւատարիմ ըլլալ՝ բանականութեան հետեւա՛նքն է։
Եւ այս կերպով, կը սկսի լուսաւորութիւնը՝ լուսաւորուած բանականութեան աշտարակի մը կանգնումը, ուրկէ սնանիլ կը սկսին միտքեր, զօրանալ, մտածել, երեւակա-յութեան հորիզոնը ընդարձակել, գաղափարել, կարծիք յայտնել մարդկային իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու վրայ։
Մարդ երբ կը սկսի մտածել իրաւունքի եւ պարտաւորութեան վրայ, ազատ եւ անկախ կը զգայ ինքզինք, եւ երբ ազատութեան եւ անկախութեան հաճոյքը վայելել սկսի, հե-տըզհետէ ինքնավար կը դառնայ, քանի որ գիտէ հնազանդիլ տուեալ կարգ եւ կանոնին եւ օրէնքներուն, եւ տակաւ կը ստանայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։
Այն անձը՝ որ ազատ եւ անկախ կը շարժի՝ պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութեամբ, անթերի եւ զօրաւոր է, քանի որ գիտէ ներդաշնակել կեանքի հակադիր ուժերը եւ կրնայ հակակշռել իր կիրքը, չափ եւ սահման կը դնէ իր շարժումներուն։
Այս կերպով անհատը կը սկսի հետզհետէ խորհիլ, խորհրդածել, գաղափարի տէր դառնալ, ստեղծած գաղափարներով, համոզումներով եւ մտածումներով, զինք պատող դարաւո՜ր անշարժութենէ, ամլութենէ մը փրկուիլ, անտարբերութեան մահացու կեղեւը վրայէն հանել, եւ ըլլալ մարդ՝ ա՛նձ նախ եւ յետոյ՝ քաղաքացի՛։
Մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ի՛նչպէս ելաւ այդ «մահացու» կեղեւը մարդուն վրայէն եւ յաջողեցաւ տապալել ամէն արգելք իր յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան առջեւ կանգնած։ Եւ ա՜յսպէս մարդկութիւնը փոխուեցաւ «հին մարդ»էն եւ «հին կեանք»էն՝ դարձաւ նոր մարդ եւ նոր կեանք։ Ուստի բացարձակ զօրութիւն մըն է՝ չունենալ դիմահարող մը՝ արգե՛լք մը լոյսին առջեւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 2, 2018, Իսթանպուլ