ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԻՒՆ

«Շո­ղո­քոր­թու­թիւն» կեղ­ծա­ւո­րու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, որ ընդ­հան­րա­պէս չա­րամ­տու­թեամբ կը գոր­ծա­ծուի։ Կեր­պով մը խա­բէու­թիւն է՝ ո­րուն մի­ջո­ցով կը մտադրուի շահ մը ա­պա­հո­վել կամ ա­պօ­րի­նի օ­գուտ քա­ղել։

Շո­ղո­քոր­թու­թիւ­նը որ­քան խա­բէու­թիւն է, նո՛յն­քան ալ ինք­նա­խա­բէու­թիւն է, քա­նի որ ան­հիմն ու սուտ խօսք ու ա­րարք­նե­րու վրայ հաս­տա­տուած է՝ որուն են­թա­կան ալ հա­ւա­տալ կը սկսի մի­ջոց մը վերջ։

Ուղ­ղա­միտ եւ լրջա­խոհ մար­դիկ եր­բեք չեն գոր­ծա­ծեր այս սխա­լը եւ չեն մտադ­րեր շո­ղո­քոր­թու­թեամբ օ­գուտ մը քա­ղել կամ շահ ա­պա­հո­վել։ «Ա­ղէ՜, մէ­կո՛ւն ա­չա­ռու­թիւն պի­տի չը­նեմ, քան­զի չեմ գի­տեր շո­ղո­քոր­թու­թիւն ը­նել, ու մար­դո՛ւ մը շո­ղո­քոր­թու­թիւն պի­տի չը­նեմ։ Չեմ գի­տեր շո­ղո­քոր­թու­թիւն ը­նել, ա­պա զիս Ստեղ­ծո­ղը շու­տով զիս պի­տի վեր­ջաց­նէր» կ՚ը­սէ Յոբ։ (ՅՈ­ԲԱՅ ԼԲ 21-22)։

­Թե­սա­ղո­նի­կե­ցի­նե­րուն գրած նա­մա­կին մէջ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ, թէ պաշ­տօ­նեա­ներ պէտք չէ՛ շո­ղո­քոր­թեն։ «Մենք բնաւ շո­ղո­քոր­թու­թեան խօս­քեր չգոր­ծա­ծե­ցինք, ինչ­պէս գի­տէք, ո՛չ ալ ա­գա­հու­թե­նէ թե­լադ­րուած, Աստուած վկայ է» (Ա. ԹԵ­ՍՈՂ. Բ 5)։­

Ար­դա­րեւ չար հո­գի­ներ են ա­նոնք՝ որ շո­ղո­քոր­թու­թեան մի­ջո­ցով օ­գուտ քա­ղել կ՚ու­զեն ու­րիշ­նե­րէն։

«Վասն­զի ա­նոնց բեր­նին մէջ ճշմար­տու­թիւն չկա՛յ. ա­նոնց ներ­սի­դին չա­րու­թիւն կայ։ Ա­նոնց կո­կոր­դը բաց գե­րեզ­ման է, ի­րենց լե­զուո­վը նեն­գա­ւոր ե­ղան։ Ո՛վ Աս­տուած, յան­ցա­ւոր հա­նէ զա­նոնք. ի­րենց խոր­հուրդ­նե­րո­վը թող իյ­նան. ա­նոնց շատ ամ­բարշ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար հա­լա­ծէ՛ զա­նոնք. վասն­զի քե­զի դէմ ապս­տամ­բե­ցան» (ՍԱՂ­ՄՈՍ Ե 9-10)։ Եւ Սաղ­մո­սեր­գուն, կար­ծես մեր օ­րե­րուն ը­սած ըլ­լար, սա­պէս կը շա­րու­նակէ իր խօս­քը. «Ա­մէն մարդ սո՛ւտ կը խօ­սի  իր ըն­կե­րին. շո­ղո­քոր­թող շրթունք­նե­րով եւ կրկին սրտով կը խօ­սին։ Տէ­րը պի­տի կտրէ բո­լոր շո­ղո­քոր­թող շրթունք­նե­րը ու մե­ծա­խօս լե­զուն» (ՍԱՂ­ՄՈՍ ԺԲ 2-3)։

Ուս­տի շո­ղո­քորթ­ներ ի­րենց ան­ձին հան­դէպ ալ նոյն մտադ­րու­թիւ­նը ու­նին։ «Վասըն­զի ինք­զինք կը շո­ղո­քոր­թէ իր աչ­քե­րուն առ­ջեւ՝ խոր­հե­լով թէ իր ա­նօ­րէ­նու­թիւ­նը յայտ­նի եւ ա­տե­լի չ՚ըլ­լար։ Ա­նոր բեր­նին խօս­քե­րը ա­նօ­րէ­նու­թիւն ու նեն­գու­թիւն են. ի­մաս­տու­թիւն չու­նի բա­րին ը­նե­լու հա­մար» (ՍԱՂ­ՄՈՍ ԼԶ 2-3)։­

Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ ը­սինք, թէ շո­ղո­քոր­թու­թիւ­նը ինք­նա­խա­բէու­թի՛ւն է։ Մարդ երբ ինք­զինք կը շո­ղո­քոր­թէ՝ ա­սի­կա կը վե­րա­ծուի սնամ­տու­թեան, ո­րոնք են­թա­կան հետզ­հե­տէ կը հե­ռաց­նեն իր շրջա­նա­կէն, իր մեր­ձա­ւոր­նե­րէն, քա­նի որ ինքն իր­մով հպար­տա­ցող եւ մե­ծա­միտ մար­դը ո՛չ ոք կը սի­րէ եւ ո՛չ ոք կը հա­մակ­րի…։ Շո­ղո­քոր­թու­թիւ­նը կեղ­ծա­ւոր­նե­րու հա­մար մի­ջոց մը, գոր­ծիք մըն է, եւ մեծ հա­ճոյ­քով կը գոր­ծա­ծեն զայն։ Եւ մին­չեւ իսկ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ ալ կը գոր­ծա­ծեն, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սաղ­մո­սեր­գուն. «Ու կը յի­շէին թէ Աս­տուած ի­րենց Վէ՛մն էր եւ Բար­ձեալն Աս­տուած ի­րենց Փրկի՛չն էր, սա­կայն ի­րենց բեր­նո­վը կը շո­ղո­քոր­թէին ու ի­րենց լե­զուո­վը սո՛ւտ կը խօ­սէին Ա­նոր» (ՍԱՂ­ՄՈՍ ՀԸ 35-36)։­

Իսկ Դա­նիէլ մար­գա­րէ կը յի­շէ շո­ղո­քորթ­ներ՝ որ կը շո­ղո­քոր­թեն իշ­խա­նու­թեան տէր ե­ղող­նե­րը, երբ կ՚ը­սէ. «Ու շա­տե­րը շո­ղո­քոր­թու­թիւն­նե­րով ա­նոնց պի­տի յա­րին» (ԴԱ­ՆԻԷԼ ԺԱ 34)։ Շո­ղո­քոր­թու­թեամբ կը վա­րուին նաեւ սուտ մար­գա­րէ­ներ եւ սուտ վար­դա­պետ­ներ. «Վասն­զի Իս­րա­յէ­լի տա­նը մէջ ան­գամ մըն ալ ու­նայն տե­սիլք եւ շո­ղո­քոր­թու­թիւն, շո­ղո­քոր­թու­թեան, գու­շա­կու­թիւն պի­տի չըլ­լայ» (Ե­ԶԵ­ԿԻԷԼ ԺԲ 24)։ Նոյ­նի­մաստ են Ա­ռա­քեա­լի խօս­քե­րը. «Վասն­զի այն­պի­սի­նե­րը մեր Տէ­րո­ջը՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սին չեն ծա­ռա­յեր, հա­պա ի­րենց ո­րո­վայ­նին։ Ա­նոյշ խօս­քե­րով ու գո­վա­սանք­նե­րով պար­զա­միտ­նե­րուն սրտե­րը կը խա­բեն» (ՀՌՈՄ. ԺԶ 18)։ Դժ­բախ­տա­բար միա­միտ­ներ շու­տով կը խա­բուին ու կը տա­րուին շո­ղո­քոր­թին սուտ եւ խա­բէա­կան խօս­քե­րով…։

Մինչ­դեռ լրջա­խոհ ու ող­ջա­միտ մէ­կը ո՛չ կը շո­ղո­քոր­թէ եւ ոչ ալ շո­ղո­քորթ­նե­րու սուտ խօս­քե­րով կը տա­րուի, քա­նի որ ան ար­դէն գի­տէ, թէ ո՛վ է ինք՝ ո՛չ ա­ւե­լին եւ ոչ ալ պա­կաս խօս­քեր չեն ազ­դեր ա­նոր։ Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ, թէ ի­մաս­տու­թիւ­նը մարդս կը պա­հէ ու կը պաշտ­պա­նէ շո­ղո­քոր­թու­թեան դէմ եւ շո­ղո­քոր­թին չա­րու­թեան պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րուն հան­դէպ։

Ու­րեմն բա­ցա­յայտ կեր­պով կը տես­նուի շո­ղո­քոր­թու­թեան վնա­սա­կար ազ­դե­ցու­թիւ­նը թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ։

«Ի­մաս­տու­թիւն ստա­ցիր, խո­հե­մու­թիւն ստա­ցիր, մի՛ մոռ­նար ու իմ բեր­նիս խօս­քե­րէն մի՛ խո­տո­րիր» (Ա­ՌԱԿ. Դ 5)։ Սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն է, թէ շո­ղո­քոր­թու­թեամբ միայն աշ­խար­հա­յին եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր, խա­բէա­կան յա­ջո­ղու­թիւն կա­րե­լի է սպա­սել. «Ա­նոր տեղ ա­նարգ մէ­կը պի­տի ել­լէ, ո­րուն թա­գա­ւո­րա­կան պա­տիւ պի­տի չտան. բայց ա­նի­կա հան­դար­տու­թեամբ պի­տի գայ ու շո­ղո­քոր­թու­թիւն­նե­րով թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի առ­նէ» (ԴԱ­ՆԻԷԼ ԺԱ 21), «Ու ուխ­տին դէմ ամ­բարշ­տու­թիւն ը­նող­նե­րը շո­ղո­քոր­թու­թիւն­նե­րով գլխէ պի­տի հա­նէ. բայց ի­րենց Աս­տուա­ծը ճանչ­ցող ժո­ղո­վուրդ­նե­րը պի­տի զօ­րա­նան ու պի­տի ընդ­դի­մա­նան» (ԴԱ­ՆԻԷԼ ԺԱ 32)։­

Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ, թէ շո­ղո­քոր­թու­թիւն ը­նո­ղին շատ քիչ յարգ ու պա­տիւ պի­տի ըն­ծա­յուի։

«Մար­դուն հպար­տու­թիւ­նը զինք կը կոր­ծա­նէ, բայց հեզ­հո­գի մար­դը փառք կը վաստ­կի» (Ա­ՌԱԿ. ԻԹ 23), նաեւ՝ «Մարդ յան­դի­մա­նո­ղը վեր­ջա­պէս շնորհք կը գտնէ լե­զուով շո­ղո­քոր­թու­թիւն ը­նո­ղէն ա­ւե­լի» (Ա­ՌԱԿ. ԻԸ 23)։­

Եւ դար­ձեալ Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ, թէ շո­ղո­քոր­թու­թիւն ը­նող­նե­րէ պէ՛տք է զգու­շա­նայ մարդ։

«Բան­սար­կու­թիւն ը­նո­ղը գաղտ­նի­քը կը յայտ­նէ, ու­րեմն շո­ղո­քոր­թու­թիւն ը­նո­ղին հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մի՛ ու­նե­նար» (Ա­ՌԱԿ. Ի 19)։­

Ար­դա­րեւ շո­ղո­քոր­թու­թիւ­նը վնա­սա­կար է ա­մէն տե­սա­կէ­տէ. «Այս­պէս իր շատ խօս­քե­րո­վը զա­նի­կա հրա­պու­րեց ու իր շրթունք­նե­րուն շո­ղո­քոր­թու­թիւ­նովը զա­նի­կա գրա­ւեց։ Ե­րի­տա­սարդն ալ շի­տակ կնոջ ե­տե­ւէն, սպան­դա­նո­ցի գա­ցող ար­ջա­ռի պէս, պատժուե­լու գա­ցող կա­պուած յի­մա­րի մը պէս կ՚եր­թայ, մին­չեւ որ նե­տը ա­նոր լեար­դը ծա­կէ, ինչ­պէս թռչուն մը ար­տո­րա­լով դէ­պի ծու­ղա­կը կ՚եր­թայ ու չի՛ գի­տեր թէ դէ­պի իր ան­ձին կո­րուս­տը կ՚եր­թայ» (Ա­ՌԱԿ. Է 21-23)։

­Թէ ի՞նչ է շո­ղո­քոր­թին պա­տի­ժը։

«Ով որ իր բա­րե­կամ­նե­րուն կո­ղոպ­տուե­լու կը մատ­նէ կամ շո­ղո­քոր­թու­թիւն կ՚ը­նէ, ա­նոր տղո­ցը աչ­քե­րը պի­տի նուա­ղին» (ՅՈԲ. ԺԷ 5)։ Իսկ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ, թէ. «Տէ­րը պի­տի կտրէ բո­լոր շո­ղո­քոր­թող շրթունք­նե­րը ու մե­ծա­խօս լե­զուն, ո­րոնք ը­սին թէ՝ մեր լե­զու­նե­րով պի­տի յաղ­թենք, մեր շրթունք­նե­րը մե՛րն են։ Մեր վրայ ո՞վ պի­տի տի­րէ» (ՍԱՂ­ՄՈՍ ԺԲ 3-4)։­

Ար­դա­րեւ ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ պա­տի­ժը, շո­ղո­քոր­թու­թիւ­նը վնա­սա­կար ա­րարք մըն է՝ խա­բէու­թիւն է եւ ա­մէն խա­բէու­թիւն հա­կա­ռա՛կ է բա­րո­յա­կա­նու­թեան, ուղ­ղամ­տու­թեան եւ ող­ջա­խո­հու­թեան։

Հե­ռո՜ւ շո­ղո­քոր­թե­լէ եւ մա­նա­ւա՛նդ շո­ղո­քորթ­նե­րէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 4, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015