«ՄԱՏՈՒՌ» ԵՒ «ԵԿԵՂԵՑԻ»

Ընդհանրապէս կը հարցուի, թէ՝ ի՞նչ տարբերութիւն կայ «մատուռ»ի եւ «եկեղեցի»ի միջեւ։ Այս երկուքին մասին Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ.

«Մատուռ անուան կոչումը յունական -մարդիրիոն- բառէն կու գայ՝ որ կը նշանակէ՝ -Մարտիրոսանոց- կամ -Վկայարան-, այսինքն մարտիրոսներու կամ վկաներու գերեզմաններուն վրայ շինուած փոքր եկեղեցիներ. իսկ մեր օրերուն կը հասկցուին պարզապէս փոքր եկեղեցիներ։ Սակայն ճիշդ առմամբ եկեղեցիին մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը չէ որ անունի տարբերութիւն կու տայ, այլ՝ իսկապէս հիմնարկութեան բնութիւնը։

«Այն տաճարը որուն հիմերը օրհնուած եւ օծեալ քարերով նուիրագործուած են՝ եկեղեցի են, իսկ անոնք որ հիմերը օրհնուած եւ օծուած չեն, այլ ուրիշ շէնքէ վերածուած են, եւ առժամապէս իբր եկեղեցի կը գործածուին, -մատուռ- կը կոչուին։

«Մատուռ կը կոչուին նաեւ օծեալ եկեղեցիներու պահարանները կամ յատուկ մասեր, թէ հիմերը օծեալ չեն, այլ յետոյ անոնց մէջը՝ օծեալ սեղաններ դրուած են, թէեւ անշարժ ու հաստատուն ըլլան»։

Ահաւասիկ, այսպէս բաւական յստակ եւ բացայայտ կերպով նկարագրած է Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, «Մատուռ»ի եւ «Եկեղեցի»ի տարբերութիւնը։

Իսկ «Եկեղեցի»ի մասին սապէս կ՚ըսէ.

«Եկեղեցին պարզապէս իր նիւթական նշանակութեամբ կ՚առնուի այստեղ, եւ է հասարակաց աղօթքի ու աստուածային պաշտամունք եւ սուրբ խորհուրդներ կատարելու համար սահմանուած նուիրագործեալ տեղ մը։

«Նիւթական առմամբ ամենէն ընդարձակ իմաստով կը հասկցուին այն ամէն շինութիւններն ու տեղերը՝ որ եկեղեցւոյ արտաքին պարիսպին մէջ կը գտնուին. ժամատուն, խորհրդարան, քահանայից սենեակ, բանկալ, վարժարան, սպասաւորներու սենեակ, բակ, երբեմն եւ պարտէզ, եւ նուիրական շինուածն իր ամէն յարակիցներով։ Երբեմն -Եկեղեցւոյ մէջ- ըսելով, միայն բակը կը հասկնանք, երբ որ բաց տեղ կատար-ւելիք գործողութեան վրայ կը խօսուի։

«Եկեղեցի բացատրութիւնը՝ աւելի ամփոփ իմաստով կը հասկցուի -նուիրական շինուածը իր ամբողջութեան մէջ-, այսինքն է գաւիթով, պահարաններով եւ ուրիշ մէջի մասերով։ Իսկ բոլորովին սեղմեալ իմաստով՝ այն մասը միա՛յն, որ գաւիթէն կը տարածուի մինչեւ բեմին առջեւ, եւ երբ դասն ալ զատ նկատել ուզուի, կը հասկցուի այն մասը միայն՝ որ կը տարածուի գաւիթին բաժանման եւ դասին վանդակապատին մէջտեղ, այսինքն այն մասը, որ ժողովուրդին յատկացուած է։

«Եկեղեցւոյ բովանդակ եւ մանրամասն նկատմամբ՝ շինութեան իւրաքանչիւր մասերն են՝ ատեան, սեղան, աւանդատուն, բեմ, գաւիթ, դաս։

«Ասոնցմէ զատ կը գտնուին՝ Խորան, հիմ, Սեղան, Սիւն, եւայլն. որ այն նուիրական եւ սուրբ տեղ մըն է եւ որ ուրիշ որեւէ կիրառութեան երբեք պէտք չէ՛ յատկացուի։ Իսկ միւս կողմանէ ժողովուրդին նուիրական ժամադրավայրը ըլլալուն՝ մեր մէջ տարադէպ չէ նկատուած որ պաշտօնական գործողութիւններու եւ կիրառութիւններու կարենայ յատկացուիլ, ինչպէս են ժողովներու գումարներ, դպրոցական նմանօրինակ հանդէսներ, եւ նոյն իսկ ուրիշ տեղ չգտնուած ատեն դպրոցի համար ալ գործածել կը ներուի։ Բայց այդ պարագաներու մէջ պէ՛տք է սեղանը վարագոյրով ծածկել, եւ եթէ դիւրութիւն կայ մինչեւ իսկ բեմն ու դասը կերպով մը անջատել, որպէսզի մնացեալ մասը ազատ կերպով գործածուի։

«Ասով հանդերձ պէտք չէ ձեռքէ թողուլ այն զգուշաւորութիւնները զորս տեղւոյն սրբութիւնը կը պահանջէ։ Եկեղեցւոյ մը էական պայմաններէն գլխաւորն է օծեալ ըլլալ հիմերէն սկսեալ, նոյն իսկ տեղը ճշդելն ու հիմեր բանալը աղօթքով եւ օրհնութեամբ կատարել։

«Հիմերուն մէջ 16 օծեալ քարեր կը դրուին ըստ թուոյ 12 առաքեալներուն եւ 4 աւետարանիչներուն, բայց առաքեալներէն երկուքը՝ Յովհաննէս եւ Մատթէոս միանգամայն աւետարանիչ ըլլալուն՝ Պօղոս առաքեալի եւ Գրիգոր Լուսաւորչի անուններով կը լրանայ 16 թիւը, եւ որ 13-րդ եւ 14-րդ առաքեալներ կը կոչուին։

«Տասն ու վեց սիւներէն հինգը հարաւային ու հինգը հիւսիսային կողմին վրայ կը համրուին, երկուքը արեւմտեան դրան քովերը, եւ չորսը բուն խորանին չորս անկիւնները կը դրուին։

«Եկեղեցին միայն մէկ խորան եւ մէկ սեղան պիտի ունենայ ըստ բո՛ւն ծիսական կանոններու, բայց միջին դարերու մէջ խորաններ ու սեղաններ շատցնելու սովորութիւնը մտաւ, պատարագի մատուցումները բազմացնելու համար, որովհետեւ արեւելեան եկեղեցիներու հաստատուն կանոնին համաձայն, մէկ սեղանի վրայ օրը մէկ պատարագէ աւելի չի մատուցուիր, եւ մէկ տաճարի մէջ մէկ սեղանէ աւելի պիտի չգտնուի։

«Յիշատակարաններու մէջ քառասուն խորան եկեղեցիներ իսկ յիշուած կան, որ ուրիշ բան չեն, բայց եթէ եկեղեցւոյ զանազան կողմերը մանր սենեակներ, մինչեւ իսկ յիշուած կան երբեմն մէջը մէկ կամ երկու հոգի կենալու իսկ անբաւական, որոնց մէջ օծեալ սեղաններ կային պատարագ մատուցանելու համար։

«Այժմ այդ աստիճան խճողուած սեղաններ չեն երեւիր, եւ միայն աւանդատուներու մէջ օծեալ սեղաններ եւ նոյն իսկ աւանդատուներէ զատ փոքրիկ մատուռներ շատ եկեղեցիներու մէջ կը տեսնուին։

«Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան եւ օծման արարողութիւնները ընդարձակ կերպով կը տեսնուին Մայր-Մաշտոցներու մէջ, եւ անոնց քաղուածը զանց կ՚ընենք շատ չերկարելու համար»։

(Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, «Ծիսական Բառարան»)։

«Ժամ» բառը գործածուած է որպէս «Եկեղեցի», սովորաբար առօրեայ խօսակցութեան մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 5, 2017, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017