ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ - Գ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի «Երգե՞լ թէ կարդալ» շահեկան եւ ուսուցանողական յօդուածը՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին՝ արտատպուած 1906 թուականի եկեղեցական շաբաթաթերթ «ԼՈՅՍ»էն։
ԵՐԳԵ՞Լ ԹԷ ԿԱՐԴԱԼ
«Յորժամ որպէս պարտն իցէ՝ լինիցի». ահա բացարձակ պայմանը ո՛չ միայն երաժշտութեան, այլ նաեւ բոլոր պաշտամունքին։ Պաշտամունքը ա՛յն ատեն միայն կը հասնի իր նպատակին, երբ կը կատարուի պէտք եղածին պէս։
Եթէ հոգեւոր երաժշտութիւնը խանգարուած է խանէնտէութեամբ, պաշտամունքին կարդացուելիք մասերն ալ, ցաւալի բան, ազդուած են այդ խանէնտէութենէն։
Եկեղեցւոյ լեզուին եւ ընթերցուածներու մասին ուրիշ առիթով խօսած ենք արդէն այս սիւնակներուն մէջ (տե՛ս «ԼՈՅՍ», 1905, երես 780-792), եւ աւելորդ չենք համարիր կրկին կրկին շեշտել թէ պաշտամունքին այլեւայլ մասերուն նկարագիրը պէտք չէ եղծել։
Գրուած աղօթքները կարդալու է զանոնք յօրինող աղօթաւորներու հոգիով եւ հայերէն լեզուի կանոններուն համեմատ. ընթերցուածներու այլազան մասերուն նկարագիրները զատ զատ խնամքով ցայտեցնելու է։ Առակներու մէջ՝ փորձառու մարդու շեշտը, մարգարէութիւններու մէջ՝ տեսանողներու նրբադատութիւնը, պատգամախօս ազդեցութիւնը, առաքելական թուղթերուն մէջ՝ քարոզիչի կորովը, հովիւի անուշութիւնը, ուսուցչի մեծութիւնը, Աւետարաններու մէջ՝ Քրիստոսի պատուէրներուն օծութիւնը եւ Աւետարանիչներու հաւատարմութեան եւ վստահութեան անբծութիւնը դնել եւ այնպէս կարդալ՝ պաշտամունքին ամենէն աւելի տկարացած մասերը պիտի զօրացնէին, եւ հաւատացեալները ազդուած, կազդուրուած, շինուած դուրս պիտի գային եկեղեցւոյ խնկելի մթնոլորտէն, երկար ժամանակ պահելով իրենց սրտին եւ մտքին մէջ ատոր անուշ տպաւորութիւնները։
Երանի՜ թէ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր պաշտօնեաներ, ամենէն բարձր աստիճանաւորներ ըլլան անոնք թէ ամենէն խոնարհ աստիճանաւորներ, հասկացողութեամբ կատարէին աստուածային պաշտամունքը, յարմարութիւն եւ կարողութիւն ցոյց տային իրենց պաշտօնին մէջ, ջանք եւ խնամք նուիրէին ատոր եւ վերջապէս հոգեւոր եռանդով եւ բարեպաշտութեամբ թրթռացնէին զայն։
ԲԱԲԳԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ԿԻՒԼԷՍԷՐԵԱՆ
«ԼՈՅՍ» շաբաթաթերթ, 1906
էջ 937-940
***
Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի (ապա Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան. 1868-1936) վերոյիշեալ ուսուցողական յօդուածը առիթ կ՚ընծայէ ընդհանուր բաղդատութիւն մը ընելու Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութեան մասին՝ աւելի քան դար մը նկատի ունենալով, քանի որ յօդուածը գրի առնուած է 1906 թուականին, եւ տեսնել թէ ի՜նչեր փոխուած են այս միջոցին։ Այս մասին արժեւորումը կը թողունք մեր շատ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն…։
Ժամասացութիւնը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ անշուշտ եկեղեցական կեանքին մէջ։
Քրիստոսի խորհուրդը, Անոր Մարդեղութիւնը եւ Զատիկը, զորս կը հանդիսակատարուի Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ՝ յատկապէ՛ս կիրակնօրեայ համախմբումին ընթացքին, կը ներթափանցէ եւ կը կերպարանափոխէ իւրաքանչիւր օրուան ժամանակը՝ Ժամերգութեան ծիսակատարումով, որ «աստուածային Ժամասացութիւն»ն է։ Այս հանդիսակատարումը, հետեւելով «անդադար աղօթել»ու առաքելական յանձնարարութեան (Ա ԹԵՍ. Ե 15), (ԵՓՍ. Զ 18), հաստատուած եւ կառուցուած է այն նպատակով, որ ցերեկին եւ գիշերին ընթացքը նուիրագործուի Աստուծոյ գովաբանութեամբ։
Աստուածային պաշտամունքը Եկեղեցւոյ հրապարակային աղօթքն է, որուն մէջ հաւատացեալները՝ հոգեւորականներ, կղերականներ, կրօնաւորներ եւ աշխարհականներ, մկրտուածներու «թագաւորական քահանայութիւն»ը ի գործ կը դնեն։ Ժամասացութեան Ծիսակատարումը, երբ հանդիսակատարուած է Եկեղեցիէն վաւերացուած ձեւին համեմատ, իսկակա՛ն ձայնն է իր Փեսային դիմող Հարսին, միանգամայն, աղօթքն է Քրիստոսի՝ Իր Մարմինին հետ, ուղղուած Հօր։
Այս իմաստով, Ժամասացութեան Ծիսակատարումը սահմանուած է Աստուծոյ ամբողջ Ժողովուրդին աղօթքը ըլլալու։ Անոր մէջ, նոյն Ինքն Քրիստոս կը շարունակէ կիրարկել Իր քահանայական պաշտօնը Իր Եկեղեցիին միջոցով։ Ամէն մարդ անոր կը մասնակցի Եկեղեցւոյ մէջ ունեցած իր տեղին եւ կեանքի ընդհանուր պարագաներուն համեմատ. քահանաները՝ իբրեւ նուիրեալներ հովուական պաշտօնատարութեան, քանի որ անոնք կոչուած են մնալու մշտակայ աղօթքի եւ Խօսքին ծառայութեան մէջ, կրօնաւորները եւ կրօնաւորուհիները, իրենց նուիրագործեալ կեանքին պարգեւաշնորհքի ընտրութեամբ, իսկ բոլոր հաւատացեալները՝ ըստ իրենց հնարաւորութիւններուն։
Արդարեւ, Ժասամացութեան Ծիսակատարումը կը պահանջէ ո՛չ միայն «իր ձայնը ներդաշնակել աղօթքով» սրտին մէջ, այլ նաեւ ձեռք ձգել Ծիսակատարումին՝ Ժամերգութեան, Սուրբ Գիրքին եւ յատկապէ՛ս Սաղմոսներուն աւելի ճոխ ճանաչում մը։ Ժամասացութեան շարականները եւ սարկաւագի քարոզները՝ սաղմոսներուն աղօթքը կը ներմուծեն Եկեղեցւոյ մէջ, արտայայտելով ցերեկ օրուան, ծիսական ժամանակին կամ հանդիսակատարուող տօնին խորհըր-դապաշտութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 4, 2020, Իսթանպուլ