ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒԹԻՒՆ
Ինքնաճանաչութիւնը ընտիր յատկութիւն մըն է՝ որ պէտք է ամէն անհատ մշակէ իր մէջ։ Արդարեւ, առանց ինքնաճանաչութեան ուրիշը ճանչնալ՝ օտարը հասկնալ գրեթէ անկարելի՛ է։
Ուստի, ուրիշներ ի՛նչ կը խորհին կամ ի՛նչ կ՚ըսեն մեր մասին, ատ չէ կարեւորը. մարդոց գովասանքները կամ պարսաւանքները կրնան բանաւոր եւ իրաւացի ըլլալ կամ բոլորովին անտեղի, մինչեւ իսկ անիմաստ։ Մարդ, ամէն բանէ առաջ պէ՛տք է ինքզինք ճանչնայ՝ իր իսկութեամբ, անկեղծ եւ բացայայտ կերպով։ Ասիկա կարելի է կատարել ներքնահայեցողութեամբ, ներթափանցելով ինքն իր մէջ՝ այսպէս կարելի է գիտնալ թէ՝ ի՛նչ ենք եւ ի՛նչ չենք, ի՛նչ ունինք եւ ի՛նչ չունինք։
Մարդ կրնայ ուրիշը խաբել, բայց ինքզինք խաբել անկարելի՛ է, եւ ասոր համար մարդ, ընդհանրապէս կը խուսափի ներքնահայեցողութենէ։
Արդարեւ, ինքնաճանաչումը՝ որուն հետեւանքն է ինքնագիտակցութիւնը, իր բանաւոր սահմանին մէջ, մարդը ապահով գետնի վրայ կը դնէ, այնպէս որ, ո՛չ խոշորացոյցով իր ունեցածները մեծցնելով՝ ինքն իրմով հպարտանայ եւ պարծենկոտ ըլլայ, եւ ոչ ալ ստորնագոյնի զգացումներ ունենայ, երբ ուրիշներու առաւելութիւններէն զուրկ կը գտնէ ինքզինք։ Ուրեմն, իմաստուն մարդը միշտ ի մտի ունենալու է անջնջական խրատը՝ «Ծանիր զքեզ»։
Այս իմաստով, «ազգային ինքնաճանաչում»ն ալ կարեւոր է ժողովուրդի մը, ազգի մը յառաջդիմութեան, զարգացմն եւ մանաւանդ գոյապահպանմա եւ գոյատեւման համար։ Արդարեւ, թէ՛ պատմութեան, թէ՛ ներկայի նկատմամբ սնափառութեան հովեր առնել, փոխանակ առարկայական, այլ ենթակայական մտադրութեամբ շարժիլ՝ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ ժողովուրդին ե՛ւ ազգին։ Այո՛, անկասկած, ամէն ժողովուրդ, ամէն ազգ իրաւունք ունի ինքզինք հպարտ զգալու իր անցեալով, բայց առանց չափազանցելու եւ առանց ստորադասելու եւ առանց ստորագնահատելու ուրիշ ժողովուրդներ եւ ազգեր՝ որոնք նոյնքան իրաւունք ունին պարծենալու իրենց անցեալով եւ պատմութեամբ։ Արդարեւ, ժողովուրդներ զիրար կը ճանչնան ներկայ վիճակով՝ այսօր ի՛նչ որ է ժողովուրդ մը, այդ է որ կը հետաքրքրէ ուրիշ մը։
Եւ ուրեմն, ժողովուրդի մը, ազգի մը ժամանակակից անդամներն են որ կը ներկայացնեն ժողովուրդը կամ ազգը։ Ներկան՝ անցեալին ժառանգն է, եթէ այդ ժառանգը լաւ չէ պահուած, պատասխանատուն ո՛չ թէ ժառանգ ձգողը, այլ ժառանգ ընդունո՛ղն է, եւ ուրեմն, անցեալով կարենալ հպարտանալու համար պէտք է անցեալիններուն պէս ըլլալ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ