ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԲՋԻՋ

Կարգ մը միու­թիւն­ներ կամ ըն­կե­րու­թիւն­ներ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մար­դուն բնու­թեան։

Այս հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու կամ միու­թիւն­նե­րու մէջ ա­ռաջ­նա­կարգ տե­ղը կը գրա­ւէ «ըն­տա­նիք»ը։

Ինչ­պէս հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կեան­քը անհ­րա­ժեշտ է մար­դուն, որ­պէս ա­նոնց սկզբնա­կան բջիջ՝ ըն­տա­նի­քը կեն­սա­կան է եւ հար­կա­ւոր մար­դուն գո­յա­պահ­պան­ման եւ սե­րուն­դին գո­յա­տեւ­ման հա­մար։

Մե­ծա­գոյն թի­ւով ան­ձե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար հարկ է քա­ջա­լե­րել ընտ­րո­վի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ստեղ­ծու­մը, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան, մար­զա­կան, ժա­ման­ցա­յին, ար­հես­տա­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով, թէ՛ քա­ղա­քա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րէ ներս, թէ՛ հա­մաշ­խար­հա­յին գետ­նի վրայ։ Այս «ըն­կե­րա­կա­նա­ցում»ը կ՚ար­տա­յայ­տէ նաեւ «բնա­կան ձգտում»ը՝ որ կը մղէ մար­դի­կը «ըն­կե­րու­թիւն» կազ­մե­լու՝ հաս­նե­լու հա­մար նպա­տակ­նե­րու, ո­րոնք կը գե­րա­զան­ցեն ան­հա­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

Կը զար­գաց­նէ, կ՚ազ­նուաց­նէ ան­ձին յատ­կու­թիւն­նե­րը ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը մա­նա­ւա՛նդ՝ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ո­գին։ Ան կը սա­տա­րէ մար­դուն ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւունք­նե­րը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու։

Ըն­տա­նի­քը սկզբնա­կան բջիջն է ըն­կե­րա­յին կեան­քին. ո՛չ մէկ կաս­կած, ո՛չ մէկ տա­րա­կոյս այս մա­սին։

Ան բնա­կան ըն­կե­րու­թիւնն է՝ ուր այր-մար­դը եւ կին-մար­դը ինք­նա­նուի­րու­մի կո­չուած են սի­րոյ եւ կեան­քի պար­գե­ւին մէջ։ Ուս­տի ըն­տա­նի­քին ծո­ցին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, կա­յու­նու­թիւ­նը եւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կեան­քը կը կազ­մեն ա­զա­տու­թեան, ի­րա­ւուն­քի, ա­պա­հո­վու­թեան, եղ­բայ­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան հի­մե­րը ըն­կե­րու­թեան ծոց­՛ին մէջ։

Ար­դա­րեւ ըն­տա­նի­քը այն հա­սա­րա­կու­թիւնն է՝ ո­րուն մէջ, ման­կու­թե­նէն սկսեալ, կա­րե­լի է սոր­վիլ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը, սկսիլ պա­տուել Գե­րա­գոյն Էա­կը՝ Աս­տուած եւ լաւ գոր­ծա­ծել ա­զա­տու­թիւ­նը եւ վա­յե­լել ի­րա­ւուն­քը։

Այս ի­մաս­տով՝ ըն­տա­նի­քին կեան­քը նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն եւ նա­խա­վար­ժու­թիւն մըն է ըն­կե­րու­թեան կեան­քին։ Ուս­տի ըն­տա­նի­քի մէջ կը հաս­նին ա­պա­գայ ար­ժէք­նե­րը՝ ո­րոնք պի­տի սա­տա­րեն, պի­տի նպաս­տեն ըն­կե­րու­թեան։

Ըն­տա­նի­քը պար­տա­ւոր եւ պա­տաս­խա­նա­տու է այն­պէս ապ­րիլ՝ որ իր ան­դամ­նե­րը սոր­վին հո­գը եւ հո­գա­ծու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ տա­րեց­նե­րուն, հի­ւանդ­նե­րուն, ան­կար­նե­րուն կամ հաշ­ման­դամ ան­ձե­րուն եւ ա­նոք, ան­տէր, ա­նօգ­նա­կան աղ­քատ­նե­րուն։ Բազ­մա­թիւ են այն ըն­տա­նիք­նե­րը՝ ո­րոնք ո­րոշ ա­տեն մը ի վի­ճա­կի չեն ըլ­լար այս օգ­նու­թիւ­նը հայ­թայ­թե­լու։ Այն պա­րա­գա­յին՝ ու­րիշ ան­ձեր, ու­րիշ ըն­տա­նիք­ներ եւ «օ­ժան­դա­կա­բար ըն­կե­րու­թիւն»ը՝ հո­գա­լու, խնա­մե­լու են ա­նոնց կա­րիք­նե­րը։

Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բօր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ գրուած է. «Հօր Աս­տու­ծոյ հա­մար ան­կեղծ եւ իս­կակ­՛ան բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը՝ կա­րօ­տու­թեան մէջ ե­ղող որ­բե­րուն եւ այ­րի­նե­րուն այ­ցե­լու եւ օգ­նա­կան ըլ­լալն է, եւ աշ­խար­հի մէջ ապ­րե­լով հան­դերձ՝ ինք­զինք ա­նա­րատ պա­հե­լը» (ՅԱԿ. Ա 27)։­

Ուս­տի պէտք է օգ­նել ըն­տա­նի­քին եւ զայն պաշտ­պա­նել՝ ըն­կե­րա­յին յա­տուկ եւ պատ­շաճ մի­ջոց­նե­րով։ Փոխ օ­ժան­դա­կու­թեան սկզբուն­քին հի­ման վրայ, ա­ւե­լի մե­ծա­ծա­ւալ հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ պի­տի զգու­շա­նան, որ մի­ջա­մուխ չըլ­լան ըն­տա­նի­քին կեան­քէն ներս։ Իսկ ըն­տա­նի­քին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռաջ կը բե­րեն զգա­ցում­նե­րու, գո­րո­վի եւ շա­հե­րու մօ­տի­կու­թիւն մը՝ որ կը բխի մա­նա­ւանդ ան­ձե­րուն փո­խա­դարձ յար­գան­քէն։

Ըն­տա­նի­քը «ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ հա­սա­րա­կու­թիւն» մըն է, կո­չուած՝ ա­մոլ­նե­րուն մի­ջեւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու «մտա­ծում­նե­րու բաժ­նեկ­ցու­թիւն»ը, ինչ­պէս նաեւ ու­շա­դիր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ծնող­նե­րուն՝ զա­ւակ­նե­րուն կրթու­թեան կա­րե­ւոր հար­ցով։

Մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը կազ­մուած են ան­ձե­րէ։ Ա­նոնց բար­ւոք կա­ռա­վա­րու­մը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր միայն ի­րա­ւունք­նե­րուն ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն կա­տա­րու­մով, այլ նաեւ՝ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու կա­տա­րեալ հա­ւա­տար­մու­թեա՛մբ։ Պաշ­տօ­նա­տէր­նե­րուն եւ պաշ­տօ­նեա­նե­րուն, ա­պա ղե­կա­վար­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մի­ջեւ ար­դա՛ր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚են­թադ­րեն բնա­կան բա­րե­հա­ճու­թիւ­նը՝ որ հա­մա­պա­տաս­խա­նէ մարդ­կա­յին ան­ձե­րու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, ո­րոնք նա­խան­ձախն­դիր են յատ­կա­պէս ար­դա­րու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեա՛ն։

Եւ այս հի­ման վրայ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիքն է, որ կան­գուն կը պա­հէ ըն­կե­րու­թիւ­նը։

Ըն­տա­նի­քը մարդ էա­կին հա­մար բնա­կան մի­ջա­վայր մըն է նա­խա­պատ­րաս­տուե­լու հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ կեան­քին հա­սա­րա­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն։

Ուս­տի պէտք է զգու­շա­նալ սկզբուն­քի զի­ջո­ղու­թիւն­նե­րէ եւ ար­ժեզր­կում­նե­րէն՝ ո­րոնք կը սպառ­նան մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն։

Ըն­տա­նե­կան կա­պե­րը թէեւ կա­րե­ւոր են, սա­կայն բա­ցար­ձակ չեն։ Ինչ­պէս որ զա­ւա­կը ա­ճե­լով կ՚ուղ­ղուի դէ­պի ի՛ր հա­սու­նու­թիւ­նը եւ ի՛ր մարդ­կա­յին եւ հո­գե­ւոր «ինք­նա­վա­րու­թիւն»ը, այն­պէս ալ Աս­տուծ­մէ տրուած ա­նոր յա­տուկ կո­չու­մը կը բա­ցա­յայտ­նուի ա­ւե­լի՛ պայ­ծա­ռու­թեամբ եւ ուժգ­նու­թեամբ։ Այս­պէս, ա­նոնք հետզ­հե­տէ կը զար­գա­նան եւ կ՚ա­ճին ի­րենց կո­չու­մին հա­մա­ձայն։

Ար­դա­րեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի պա­տուե­լու ըն­տա­նի­քը՝ օգ­նե­լու ա­նոր եւ յատ­կա­պէս ա­պա­հո­վե­լու ա­նոր ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւուն­քը։ Այս ա­զա­տու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի գլխա­ւոր ա­ռար­կան է՝ ըն­տա­նիք մը հիմ­նե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը եւ կրթե­լու զա­ւակ­նե­րը ըստ իր բա­րո­յա­կան եւ կրօ­նա­կան յա­տուկ հա­մո­զում­նե­րուն։ Քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է նաեւ՝ ա­մուս­նա­կան կա­պին եւ ըն­տա­նե­կան կա­յու­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել, պաշտ­պա­նու­թիւ­նը նաեւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան մա­նա­ւանդ ընդ­դէմ կարգ մը վտանգ­նե­րու։

Ուս­տի ըն­տա­նի­քի ա­մէն մէկ ան­դամ «ան­հատ» մը չէ՛, այլ՝ «անձ» մը՝ որ իր ճանչ­ցուած ծա­գու­մով կ՚ար­ժա­նա­նայ իւ­րա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան եւ յար­գան­քի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 31, 2016, Իս­թան­պուլ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016