ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԵՌԱԾ ԳՈՒԹԸ

Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մեծապէս աճեցաւ եւ կը շարունակէ աճիլ մուրացկանութիւնը։ Այսօր Հայաստանի գրեթէ ամէ՛ն փողոցի վրայ կարելի է հանդիպիլ տարեցներու, որոնք իրենց ափը մեկնած մի քանի ղուրուշ ողորմութիւն կը խնդրեն՝ ապահովելու համար իրենց գոյութիւնը: Աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի երկիր մը, ուր մուրացկան չըլլայ, սակայն երբ մուրացողը հայ է… կացութիւնը քիչ մը կը փոխուի, որովհետեւ ազգասիրութիւնը չի հանդուրժեր տեսնել հայեր, որոնք կարօտ են ուրիշի ողորմութեան եւ գթութեան:

Դժբախտաբար, այսօր հայրենիքի մէջ ունինք բոլորովին լքուած ու անօգնական ծերերու դաս մը, որ իր յառաջացած տարիքին ստիպուած դուրս կու գայ փողոց՝ աննշմար անկիւն մը անօթի չմեռնելու յոյսով:

Այս մուրացկանները տեսնելով կու գամ այն եզրակացութեան, որ մեր ազգը փոխանակ յառաջդիմէ՝ յետքայլ մը կ՚ընէ, որովհետեւ դարեր առաջ մեր աղքատներուն ու տարեցներուն վիճակը շա՜տ աւելի հանգիստ ու ապահով էր՝ քան այսօր եւ այս մէկը փաստելու համար յիշենք հետեւեալը. եկեղեցական, բանաստեղծ, պատմաբան եւ թարգմանիչ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան իր «Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց» աշխատութեան ԺԷ. գլխուն Գ. տունին մէջ կը խօսի «Տուն հայոց»ին մասին եւ կը յիշէ Մարկօ անունով կին մը, որ 1684 թուականին իր ամբողջ հարստութիւնը կը կտակէ աղքատներուն՝ պատուիրելով որ իր տունը կոչուի «Աղքատաց տուն հայոց լուսաւորչեան ազգի»:

Կը տեսնենք, թէ ինչպէս հազարմեակ մը առաջ հայոց Աշոտ Թագաւորը պետութեան հարուստութիւնը կը ծախսէ բարելաւելու համար աղքատներու վիճակը. կը շինէ հիւանդանոցներ եւ անկելանոցներ, որպէսզի պատսպարուի կարիքաւոր եւ աղքատ ժողովուրդը, որով ստացած է «Ողորմած» անունը, իսկ այսօրուան մեր պետութիւնը պատրաստ է ամէ՛ն անիմաստ բանի վրայ գումար ծախսել՝ բացի կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն կարիքները յոգալէ: Պոլսոյ մէջ նոյնիսկ տասնամեակներ առաջ գոյութիւն ունէր «Օրթագիւղի աղքատախնամ ընկերութիւն»ը, որու հաւաքներէն մէկուն ընթացքին բանաստեղծ եւ թատերագիր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան կ՚ըսէ. «Նոցա գանձերն ու ճոխ աւարները չկանգնեցին եւ չզարդարեցին բարձրաբերձ պարիսպներ եւ պալատներ, փարթամ վայելից եւ շռայլութեան ճարակ չմատուցին, այլ աղքատին դատարկ գիրկը լեցուեցան, նորա արցունքը դադրեցուցին, թշուառութեան ճիրաններէն յափշտակեցին զնա»։ Խօսելով ընկերութեան առաքելութեան մասին՝ բանաստեղծը կ՚ըսէ, որ ան չի սպասեր, որ աղքատներ իր մօտ քան, այլ ինք կ՚երթայ անոնց։ Պոլսոյ մէջ կար Ճանիկ Աղայի կողմէ հաստատուած «Մէկալ դպրոց»ը, ուր միայն աղքատ աշակերտներ կը յաճախէին:

Մենք ի՞նչ կ՚ընենք այսօր… Մեր դպրոցներէն դո՛ւրս կը դնենք այն աշակերտները, որոնք աղքատութեան ու տնտեսական տագնապներու պատճառով չեն կրնար իրենց կրթաթոշակը վճարել։ Մեր հայկական բժշկական կենդրոններէն դուրս կը դնենք անոնք, որոնք բուժումի դիմաց տալիք գումար մը չունին։ Նոյնիսկ կը մերժենք հայ երիտասարդներ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս Սուրբ Պսակի արժանացնել՝ եթէ պսակադրութեան համար սահմանուած գումարը չունին։ Այսօր սփիւռքի մէջ բազմաթի՜ւ են անոնք, որոնք կը պսակուին օտա՛ր եկեղեցիներու մէջ, իրենց զաւակները կը ղրկեն օտա՛ր դպրոցներ՝ պարզ այն պատճառով, որ անոնք շատ անգամ աւելի՛ հայասէր են՝ քան նոյնինքն հայերը:

Կարդացէ՛ք Զապէլ Եսայեանի «Կրակէ շապիկ»ը, ուր կը խօսի Արտաշի մասին։ Եսայեան կը գրէ. «Աղաները անտրտունջ կը յանձնէին իրեն ինչ որ պահանջէր, որպէսզի տանի բաժնէ այնպիսի աղքատներու»։ Այսօր ո՞ւր են Արտաշներ եւ ո՞ւր են այդ աղաները, որոնք անտրտունջ կը յանձնէին ինչ որ պահանջուէր։ Վստահ եղէ՛ք, որ այսօր մենք թէ՛ թիւով եւ թէ հարստութեամբ աւելին ունինք՝ քան այդ ժամանակուան աղաները։ Այսօր աւելցած են հարուստներն ու անոնց գանձերը, սակայն պակսած է անոնց հայրենասիրութիւնը:

Թէեւ պատմութիւնը մոռացութեան տուած է Պոլսոյ մէջ ապրած քել Նիկողոսը, սակայն դար մը առաջ քանի՜ քանի աղքատներ ամբողջ ձմեռը տաքցած են քել Նիկողոսի աղքատներուն նուիրած փայտերով ու ածուխներով:

Այս բոլորը հարուստ ըլլալու հետ կապ չունի. հիմնականը մարդ հարուստ ըլլայ իր սիրտով ու հոգիով, հարուստ ըլլայ հայրենասիրութեամբ, որովհետեւ հայրենասէր անձը այդ բոլորը կը կատարէ ա՛յն գիտակցութեամբ, որ ո՛չ թէ աղքատին, այլ իր արիւնակից եղբօր՝ հայրենակիցին է, որ կը կատարէ եւ երանելի՛ է ան, որ ցաւ կ՚ապրի իր հայրենակիցներուն ցաւը տեսնելով եւ բաժնեկից կը դառնայ անոնց:

Հայաստանի Հանրապետութեան Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով, 2017 թուականին երկրի բնակչութեան 25 տոկոսը աղքատութեան մէջ կ՚ապրի։ Կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր չորս անձէն մէկը աղքատ է Հայաստանի մէջ։ Բնական է, որ նման աղքատութեան վիճակ մը ժողովուրդը առաջնորդէ գողութեան, աւազակութեան, որովհետեւ գողութիւնը ո՛չ թէ ախտ, այլ մեծաւ մասամբ մարդուն կողմէ կատարուած՝ պարտադրուած արարք մըն է:

 Այսօր սփիւռքէն Հայաստան ժամանած հայերու մեծամասնութիւնը գողի աչքով կը նայի իր հայրենակից հայուն՝ շատ անգամ որպէս հայրենակից ալ չընդունելով, որովհետեւ այսօր դրամը անոնց մէջ ո՛չ միայն գութը, այլեւ արիւնակից եւ վշտակից ըլլալու գաղափարը նոյնիսկ մեռցուցած է:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -12-

Օր մը Անթիլիասէն ինքնաշարժովս դէպի Պուրճ Համմուտ գացած պահուս տեսայ մօտաւորապէս 40 տարեկան կին մը, որ ձեռքով կը փորձեր ինքնաշարժները կեցնել: Օգտակար ըլլալու համար մօտեցայ։ Խնդրեց, որ ճամբուս վրայ զինք հասցնեմ:

Ճամբու ընթացքին յանկարծ սկսաւ լալ, սկսաւ պատմել իր դժուարութիւններուն, հօրը եւ մօրը անառողջ, ինչպէս նաեւ իր առողջական վիճակին եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն մասին: Փաստօրէն մուրացկան մըն էր, սակայն ո՛չ այն մուրացկաններէն, որոնք փոքր գումարով կրնան բաւարարուիլ:

Յանկարծ ինձմէ խնդրեց, որ իրեն փոխ տամ մօտաւորապէս հազար տոլար գումար մը՝ այն պայմանով, որ երկու օրէն վերադարձնէ։ Քաղաքավարութեամբ մերժելով զինք հասցուցի հոն, ուր խնդրած էր նախապէս երթալ: Սրտնեղած ինքնաշարժէն իջաւ՝ ջղային շարժումներով. կը կարծէի հասցնելուս համար շնորհակալութիւն մը կ՚ըսէր գոնէ:

Մի քանի օրեր ետք տեսայ նոյն կինը՝ իր նոյն վիճակով. ձեռքով կը փորձէր ինքնաշարժները կեցնել՝ նոր զոհ մը գտնելու յոյսերով:

Մարդոց նոյնիսկ արցունքները կե՛ղծ են այսօր։

***

Կը կարծէի, որ նման բաներու պարզապէս գիրքերու մէջ կարելի է հանդիպիլ, սակայն ճշմարիտ են եղեր… 2019 թուականին մի քանի օրով այցելեցի Պոլիս. կէսօր մը որոշեցի յայտնի Թաքսիմով քալել: Տակաւին նոր Թաքսիմ մտած՝ մօտեցաւ փայլուն դէմքով ծերունի մը եւ խնդրեց գումարով մը օգնել։ Փոքր գումար մը հանելով տուի ծերունիին, որ անսահման շնորհակալ ըլլալով սկսաւ լաւ մաղթանքներ շռայլել:

Պահ մը ետք հարցուց անունս. լսելուն պէս սկսաւ մաքուր արեւմտահայերէն խօսիլ։ Սարգիս անունով մարդ մըն էր, որ նախապէս հայկական վարժարանէ մը ներս ուսուցչութիւն ալ ըրած էր։ Ինչքան բացատրեց՝ կինը զինք արդէն դուրս դրած էր տունէն եւ այսպէս ամբողջ օրը փողոցները թափառելով մուրացկանութիւն կ՚ընէր:

Հայ ցոփուհիի, հայ մուրացկանի եւ հայ ոճրագործի գոյութեան կը դժուարանամ համոզուիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022