ՀԱՒԱՏՔԻ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Շնորհիւ Սուրբ Հոգիին օգնականութեան, իրականութիւններուն, ինչպէս նաեւ ճշմարտութեան եւ հաւատքին ժառանգութեան խօսքերուն իմացումը կրնայ աճիլ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. ներհայեցողութեամբ եւ անոնց մասին իրենց սրտին մէջ խոկացող հաւատացեալներուն ուսումնասիրութեամբ, իսկ յատկապէս «աստուածաբանական որոնում»ն է, որ կը խորացնէ յայտնեալ ճշմարտութեան ճանաչումը։ Ներքին իմացումով, զոր հաւատացեալները ունին հոգեւոր բաներուն հանդէպ. աստուածային խօսքերը եւ զանոնք ընթերցողը միատեղ կ՚աճին։ Քարոզութեամբ անոնց, որոնք եպիսկոպոսական յաջորդութեամբ, ընդունեցին ճշմարտութեան ստոյգ պարգեւաշնորհքը։
Ապա ուրեմն, յստա՛կ է, թէ Սուրբ Աւանդութիւնը, Աստուածաշունչը եւ Եկեղեցւոյ Ուսուցումի Հեղինակութիւնը Աստուծոյ իմաստուն կարգադրութեամբ իրարու այնքան համերաշխ են, որ այս իրականութիւններէն ո՛չ մէկը առանց միւսներուն կանգուն կրնայ մնալ եւ անոնք բոլորը միատեղ, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով։
Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, արդիւնաւորապէս կ՚օժանդակեն հոգիներու փրկութեան։
Արդարեւ, մտածականը՝ յատկապէս փնտռտուք մըն է։ Հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ի՞նչ»ը, «ինչո՞ւ»ն եւ «ինչպէ՞ս»ը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար քրիստոնեայ կեանքին, որպէսզի յարի եւ պատասխանէ Տիրոջ իրմէ խնդրածին։
Խորհրդածականը, այսինքն՝ մտածականը գործի կը լծէ մարդուն միտքը, երեւակայութիւնը, յուզումը եւ բաղձանքը։ Այս զօրաշարժը անհրաժեշտ է խորացնելու համար հաւատքին համոզումը, խթանելու համար սրտին դարձը եւ զօրացնելու համար Քրիստոսին հետեւելու կամքը։ Քրիստոնեայ աղօթքը նախընտրաբար կը կեդրոնանայ «Քրիստոսի խորհուրդներուն» խորհրդածութեան վրայ, ինչպէս նաեւ «աստուածային ընթերցում»ին եւ խորհրդական աղօթքին վրայ։
Աղօթողական խորհրդածութեան այս կերպը թէեւ արժէքով մեծ է, բայց քրիստոնեայ աղօթքը հարկ է, որ ձգտի դէպի աւելի հեռուն. Տէր Յիսուսի սիրոյն ճանաչումին եւ Անոր հետ միութեան։
Արդարեւ, ի՞նչ է հայեցողական՝ մտաւոր աղօթքը։ Այս հարցումին Սրբուհի Թերեզա Աւիլացի սապէս կը պատասխանէ. «Հայեցողական աղօթքը, ըստ իս, սերտ բարեկամութեան առեւտուր մըն է, ուր դէմ առ դէմ առանձին կը խօսակցինք այն Աստուծոյ հետ՝ զոր գիտենք որ մեզ կր սիրէ»։ Հայեցողական աղօթքը կը փնտռէ. «Սրտին սիրածը». (ԵՐԳ. Ա 7)։ Ան Յիսուսն է եւ Անոր մէջէն՝ Հայրը։ Յիսուս «փնտռուած» է, որովհետեւ Իրեն բաղձալը միշտ սկիզբն է սիրոյ եւ Ան փնտռուած է այն մաքուր հաւատքին մէջ, որ մեզ Իրմէ կը ծնի եւ ապրիլ կու տայ Իր մէջ։ Հայեցողական աղօթքին մէջ եւս կարելի է մտածական ընել, սակայն մեր նայուածքը ուղղելով դէպի Տէրը։
Արդարեւ, հայեցողական աղօթքին ժամանակին եւ տեւողութեան ընտրանքը կախում ունի վճռական եւ սրտին գաղտնիքները յայտնաբերող կամքէ մը։ Մարդ հայեցողական աղօթքը չ՚ըներ երբ ժամանակ գտնէ, այլ սոյն ժամանակը ինք կը սահմանէ՝ ըլլալու համար Տիրոջ հետ, այն հաստատ վճռակամութեամբ որ սոյն ժամանակը մարդ ճամբուն կէսին ետ պիտի չառնէ Անկէ, հակառակ փորձութիւններուն ցամաքութեան հանդիպելուն։ Կարելի չէ ամէն ատեն մտածական ընել, սակայն կարելի է միշտ մտնել հայեցողական աղօթքին մէջ, ինչ ալ ըլլան մեր առողջութեան, աշխատանքին կամ յուզողականութեան պայմանները։ Սիրտը վայրն է Աստուծոյ որոնումին եւ հանդիպումին եւ հանդիպումին՝ աղքատութեան եւ հաւատքին մէջ։
Հայեցողական աղօթքէն ներս մուտքը նման է Ս. Պատարագի մէջ մուտքին. «հաւաքել» սիրտը, ամփոփել մեր ողջ էութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ներքեւ, հաստատուիլ Տիրոջ Բնակարանին մէջ, որ մենք ենք, արթնցնել մեր մէջ հաւատքը՝ մտնելու համար ներկայութեան մէջ Անոր՝ որ կը սպասէ մեզի, վար առնել մեր դիմակները եւ ուղղել մեր սիրտը դէպի մեզ սիրող Տէրը, որպէզսի մենք մեզ յանձնենք Անոր իբրեւ մաքրուելիք եւ կերպարանափոխուելիք ընծա՛յ մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2023, Իսթանպուլ