ՄԻԼԻՈՆՆԵՐ՝ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Հայերուս մէջ ախտի վերածուած է բողոքել ու գանգատիլ նիւթական անբաւարարութեան մասին, սակայն ըստ երեւոյթին իրականութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է. վերջերս սփիւռքի մէջ հայկական նորակառոյց թանգարանի մը շինութեան համար գաղութ մը ծախսած է աւելի քան 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի հասնող գումար. գումար՝ որ թանգարանը երբեք ալ իր մուտքերով պիտի չկարենայ որպէս «շահ» վերադարձնել:

Գուցէ մէկը ըսէ, թէ դրամը իրենց է... ինչպէս ուզեն կը ծախսեն. համաձայն, թող ծախսեն այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն, սակայն թող այդ բոլորը ըլլայ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ. տակաւին չեմ հասկցած ինչո՞ւ համար սփիւռքի տարածքին թանգարաններ կառուցելու մարմաջը կայ՝ երբ կամաց կամաց սփիւռքի գաղութները կը հայաթափուին ու հայութիւնը կամաց կամաց կ՚օտարանայ: Այսօր թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս աննկարագրելի վիճակի մէջ գտնուող հայկական գաղութներ գոյութիւն ունին եւ թանգարանի մը համար ծախսուած գումարին միայն փոքր մէկ մասը բաւարար պիտի ըլլայ օգնելու անոնց:

Զարմանալին այն է սակայն, որ թանգարան շինող այս գաղութը տակաւին մի քանի տարիներ առաջ նիւթական դժուարութիւնները պատճառաբանելով փակեց գաղութի միակ հայկական դպրոցը, որ թանգարանի վրայ ծախսուած գումարին շուքովն իսկ կարելի էր փրկել:

Դժբախտութիւն է մեզի համար, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն ու հաստատութիւն ունի իր սեփական գումարը ազատութեամբ ծախսելու եւ շատ անգամ մսխելու իրաւունք. երանի՜ ըլլար մարմին մը, որ կարողութիւնը ունենար իշխելու այդ բոլորին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլար այդ բոլոր կարողութիւնները գործածել լաւագոյն ձեւով:

Պէտք է ընդունիլ, որ մեր գաղութները աղքատ գաղութներ չեն. այդտեղ աղքատ են միայն ժողովուրդը եւ ո՛չ ղեկավարութիւնը. գաղութներու մէջ գործող եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ունին ահագին գումարներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով գաղութին բարիքներուն կը ծառայեցնեն:

Հակառակ գումարի գոյութեան մի՛շտ ալ բարերարներու փնտռտուք գոյութիւն ունի, որովհետեւ այդ մէկը պէտքէ աւելի վերածուած է սովորութեան ու աւանդութեան:

Թանգարանի համար ծախսուած գումարը եթէ դրամատան մէջ դրուէր, անոր տոկոսներով կարելի կ՚ըլլար աւելի քան մի քանի տասնեակ գաղութներու մէջ ունենալ հայերէնի ուսուցիչներ ու գործիչներ. մեր դպրոցներն ու դասագիրքերը, հիւանդանոցներն ու բժշկական կեդրոնները կարիքը ունին բարելաւման. Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս շատ մը բժշկական հաստատութիւնները կը գոյատեւեն Խորհրդային Միութեան «բարիք»ներով:

***

Թանգարաններու դէմ թշնամութիւն մը չունինք. աւելին, կարեւոր կը նկատենք թանգարանները, սակայն ո՛չ ժողովուրդին հաշւոյն. ո՛չ այն ժամանակ, երբ գաղութներ նիւթական ու բարոյական դժուարին պայմաններու մէջ իրենց գոյութիւնը կը փորձեն քաշքշել: Այսօր Հայաստանի եւ նոյնիսկ սփիւռքի տարածքին շատ մը թանգարաններ երբ հազիւ օրական մի քանի այցելու կ՚ընդունին, ինչո՞ւ համար բանալ նորերը. երբ հայութիւնը իր հայութեամբ չի հետաքրքրուիր, ինչո՞ւ համար վճարովի վերածել թանգարանները: Եթէ կը կարծուի, թէ թանգարաններով կարելի է ազգութիւնը փրկել, վստահ եմ, որ հիմնադիրները կը գիտակցին, որ շատ աւելի ազդու ու գործնական ձեւեր կան ազգութիւնը փրկելու՝ քան թանգարանները:

Տակաւին մի քանի օրեր առաջ հայկական մամուլ մը կը բարձրաձայնէր, թէ վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ հարուստները աւելի հարստացած են, մինչ աղքատները աւելիով աղքատացած են:

Մեզի սորվեցուցին, թէ մեզ թանգարանի մէջ դնել ուզեցին. սակայն վիճակը կը պարզուի, որ ո՛չ թէ իրենք, այլ մենք մեզ կամաց կամաց թանգարանի մէջ կը դնենք:

Եթէ գաղութներ ունին մեծ գումարներ, թող այդ բոլորը առաջին հերթին ծախսեն մեր կրթական ծրագիրներուն համար. թող արդիականացնեն եւ մերօրեայ ժամանակակից վիճակի հասցնեն մեր դպրոցներն ու կրթական հաստատութիւնները. թող նոր մանկավարժական հրատարակութիւններու ձեռնարկեն՝ որպէսզի կարենանք ազգովի քայլ պահել յառաջդիմած ազգերու եւ քաղաքակրթութիւններու հետ: Թող այդ գումարները յատկացնեն արուեստագիտութեան զարգացման, որովհետեւ այսօր իսկական ուժը անոնց զարգացման մէջ կը կայանայ: Արուեստագիտական հնարքներով հպարտացող ժողովուրդ ենք, սակայն մեր բոլոր ստեղծագործութիւնները օտարին ձեռքն են. մենք ստեղծած, սակայն օտարը կատարելագործած է զայն, իսկ մենք մնացած ենք որբ ու անտէր: Թանգարաններու փոխարէն այդ գումարները պէտք է ներդնել ի զարգացումն երիտասարդութեան, համոզուելով որ բաւականաչափ թանգարաններ ունինք՝ որոնք այցելուի կարօտով կը հիւծին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -311-

Բարեկամներէս մին երկար տարիներ աշխատեցաւ հայկական թանգարանի մէջ՝ որպէս առաջնորդող-պատասխանատու: Սովորութիւն ունէր, այցելուներուն անունները իր մօտ գտնուող տետրակին մէջ գրել:

Առիթով մը թերթատեցի տետրը. զարմանալին այն էր, որ հայկական թանգարանի մը այցելուները հայեր ըլլալէ աւելի օտարներ էին. անուններուն մէջ հազիւ կարելի էր գտնել հայու անուններ. արաբներ ու եւրոպացի զբօսաշրջիկները աւելի հետաքրքրուած էին հայերու անցեալով ու պատմութեամբ՝ քան հայերը եւ այս մէկը ցաւալի ճշմարտութիւն մըն է աշխարհի երեսին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023