ԱՐԺԷՔ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔ
Սրբուհի Ժան տ՚Արք կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ չեմ, թող Աստուած հաճի հոն դնել զիս, իսկ եթէ հոն եմ, թո՛ղ Աստուած հաճի պահել զիս հոն»։
Իսկ «Շնորհքի վարդապետ»ը՝ Սուրբ Օգոստինոս կը մէջբերէ. «Դուն փառաւորուած ես սուրբերուն դասին մէջ, երբ անոնց արժանիքները կը պակսին, կը պսակես Քու իսկ պարգեւները եւ շնորհքները»։
Արդարեւ «արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս այն հատուցումը՝ զոր հասարակութիւն մը կամ ընկերութիւն մը պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի՝ վարձատրութեան կամ պատիժի։
Ուստի արժանիքը առընչուած է արդարութեան առաքինութեան հետ, ըստ զուգակշռութեան սկզբունքին՝ որ կը կառավարէ զայն։ Աստուծոյ դիմաց՝ իրաւունքի ամենասեղմ իմաստով, մարդուն կողմէ արժանիք գոյութիւն չունի։ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ «անհաւասարութիւն»ը անչափելի, աննկարագրելի է, քանի որ մարդ ամէն ինչ ստացած է Անկէ՝ իր Արարիչէ՛ն։ Իսկ քրիստոնեայ կեանքին մէջ՝ մարդուն ճշմարիտ արժանիքը Աստուծոյ մօտ յառաջ կու գայ այն իրողութենէն՝ որ Աստուած Ի՛նք ազատօրէն կը տրամադրէ մարդը՝ որ ան մասնակցի եւ մասնակից դառնայ Իր շնորհքին գործին։ Ուստի Աստուծոյ հայրական գործը նախընթաց է Իր դրդումով, իսկ մարդուն ազատ գործելը երկրո՛րդն է իր գործակցութեամբ, գործին մասնակցութեամբ այնպէս որ բարի գործերուն ամէն մէկուն արժանիքը պէ՛տք է վերագրուին նա՛խ Աստուծոյ շնորհքին, ապա գործակից հաւատացեալին։
Մարդուն արժանիքը ամբողջովին յատկացուելու է Աստուծոյ, քանի որ մարդուն բարի գործերը իրենց ծագումը ունին Քրիստոսի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին հոգածութեամբ, խնամատարութեամբ եւ օգնութեա՛մբ։
«Որդեգրութիւն»ը, շնորհքին միջոցով՝ մարդս աստուածային բնութեան մասնակից կ՚ընէ, եւ կրնայ իրեն փոխանցել, ըստ Աստուծոյ ձրի արդարութեան, ճշմարիտ «արժանիք» մը։ Ասիկա շնորհքէն պարգեւուած իրաւո՛ւնք մըն է, սիրոյ իրաւ իրաւունքով լիացած՝ որ մարդս կ՚ընէ «ժառանգակից» Քրիստոսի եւ արժանի՛ ընդունելու՝ յաւիտենական կեանքին խոստացուած ժառանգութիւնը։ Արդարեւ մարդուս բարի գործերուն արժանիքները պարգեւներն են աստուածային բարութեան։
Եւ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Շնորհքը մեզ կանխեց. իսկ այժմ մենք կը վերադարձնենք ի՛նչ որ պարտական ենք։ Արժանիքները պարգեւներ են Աստուծոյ…»։ Ուստի շնորհքը աստուածային է, եւ թէ շնորհքի մարզին մէջ նախաձեռնութիւնը, քանի որ Աստուծոյ կը պատկանի, ո՛չ ոք կրնայ արժանանալ «առաջին շնորհք»ին՝ որ սկիզբն է դարձին, ներումին եւ արդարացումին։ Սուրբ Հոգիէն եւ սէրէն դրդուելէ յետոյ է, որ մարդ կրնայ իրեն եւ ուրիշին համար արժանանալ շնորհքներուն՝ որոնք օգտակար են իր սրբութեան շնորհքին եւ սիրոյ աճումին, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքի ընկալումին համար։
Եւ երբ կը խօսինք արժանիքի մասին, ինքնաբերաբար մեր յիշողութիւնը կը տանի մեզ՝ վիպային եւ առասպելական դէմքի մը՝ Պիէնվէնիւ Եպիսկոպոսին՝ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ուն, իրաւ եւ ճշմարիտ հոգեւորականի տիպարին եւ կը սիրենք յուսալ տեսնել անոր տիպարով հոգեւորականներ մեր շուրջը։ Թէեւ, ինչպէս ըսինք, «առասպելական» դէմք մը, բայց շատ ալ դժուար եւ անկարելի չէ նմանիլ անոր, երբ հոգեւորականը անդրադառնայ իր կոչումին արժէքին եւ իր սքեմին ու անձին իսկական արժանիքին։ Եւ երբ կը խօսինք «արժէք»ի եւ «արժանիք»ի մասին, աւելի եւս կ՚անդրադառնանք մեր թերութիւններուն ու մարդկային տկարութիւններուն։ Պահ մը խորհինք եւ քաջութիւնը ունենանք խոստովանելու՝ մեր արժանիքներուն նկատմամբ մեր բծախնդրութեան, խնամքին մասին…։
Կրնանք արժանանալ նոյնիսկ «ժամանակաւոր բարիք»ներու, ըլլա՛յ անհատական ու անձնական, զոր օրինակ, առողջութեան, բարեկամութեան ըստ Աստուծոյ իմաստութեան, եւ ըլլայ հաւաքական եւ հասարակական, ինչպէս՝ դիրքերու, աստիճաններու, տիտղոսներու, փառք ու պատիւներու, բայց պէտք է գիտնալ, թէ՝ այս բոլորը ժամանակաւոր են, կու գան ու կ՚անցնին, մանաւանդ անոնք՝ որ մարդոց կողմէ տրուած են։ Կարեւորը, սակայն այդ բոլորը կարենալ կրե՛լն է, արժանանալ այդ արժանիքներուն, կարելի եղած չափով պահել ու տեւականացնել զանոնք։ Եւ ո՜րքան կը պատշաճի առածը այս իրողութեան՝ որ կ՚ըսէ. «Սքեմը չէ՛ որ մարդուս արժէքը կ՚աւելցնէ, արժանիք կը պարգեւէ, այլ զայն կրողն է որ սքեմին արժէքը վե՛ր կը պահէ»։
Սիրելինե՜ր, կարեւորը ա՛նձն է եւ անոր ճշմարիտ երեսը՝ նկարագիրը, եւ անոր ճշմարիտ երեսը կ՚որոշէ ճշմարիտ արժանիքը։ Շնորհք ընդունիլ այնքան դժուար չէ, դժուարը՝ ընդունուած շնորհքը կարենալ պահպանե՛լն է, արժանի ըլլալ անոր եւ տեւականացնել զայն, եւ ո՜րքան դժուա՛ր է այդ…։
Արդարեւ սէրը եւ անկէ անբաժան երկու առաքինութիւնները՝ հաւատարմութիւնը եւ անկեղծութիւնը աղբիւրն են բոլոր արժանիքներուն։ Աստուծոյ առջեւ պարզուած արժանիքը պէտք է բխի սէրէն եւ անկեղծութեան ու հաւատարմութեան ոգիէն։
Շնորհքը՝ գործօն անկեղծ ու հաւատարիմ սիրով, մարդս կը միացնէ աստուածայինին եւ կ՚ապահովէ գերբնական բնոյթը մարդկային բոլոր արարքներուն, ուստի կ՚ապահովէ նաեւ անոնց արժանիքը՝ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ։ Ուստի սուրբերը միշտ վա՛ռ գիտակցութիւնը ունեցած են, թէ իրենց արժանիքները զուտ շնորհք եղած են։
Սուրբ Թերեզա կ՚ըսէ, թէ իր կեանքի երեկոյին պիտի ներկայանայ Տէրոջ՝ ձեռքերը դատարկ, քանի որ Անկէ չ՚ուզեր որ հաշուէ իր գործերը։ Մարդոց բոլոր արդարութիւնները արատաւոր են Անոր աչքին առջեւ, եւ ուրեմն ինք կ՚ուզէ Աստուծոյ արդարութիւնը ստանալ եւ ընդունիլ Անոր սէրէն՝ Անոր յաւիտենական տիրացումը եւ արքայութիւնը։
Արդարեւ Աստուած ամէն բանի մէջ կը գործակցի «բարիք»ին անոնց՝ որ կը սիրեն զԻնք։
Արժէք ու արժանիք շնորհքներ են, զորս կրնան վայելել միայն անոնք՝ որ կ՚անդրադառնան անոնց եւ կարելին կ՚ընեն պահպանելու համար զանոնք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 14, 2015, Իսթանպուլ