ԽԱԼԻԼ ՃԻՊՐԱՆ ԵՒ «ԿԵԱՆՔԸ»
Երբ յաճախ կը խօսուի «կեանք»ի մասին, այս անգամ «կեանք»ը կը ներկայացնենք Խալիլ Ճիպրանի գրիչէն՝ թարգմանութեամբ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Գազանճեանի։ Արդարեւ, «կեանք»ը խորհուրդ մըն է՝ առեղծուած մը, որուն մաս կը կազմեն մարդիկ, ապրելով երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ալ անգիտակցաբա՛ր։ Բայց բոլորն ալ կ՚ապրին այս կեանքը, քանի որ ան անխուսափելի է եւ ինչպէս՝ մա՛հը…։
Հատուածը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով բնագրին։
ԿԵԱՆՔԸ
Առանձնութեան ովկիանոսին մէջ, Կեանքը կղզի մըն է։ Կղզի մը, որուն ժայռերը՝ յոյսեր, ծաղիկները՝ երազներ, ծառերը՝ առանձնութիւն, եւ առուները՝ ծարաւ են։
Ո՜վ սիրելիներ, ձեր կեանքը միւս կղզիներէն եւ վայրերէն առանձնացած կղզի մըն է։ Չի տարբերիր, թէ քանի նաեւ ձեր կղզիէն ուրիշ ցամաքամասեր կը նաւեն, կամ քանի նաւեր ձեր ցամաքը կը հանդիպին։ Առանձնութեան ցաւերէն եւ երջանկութեան կարօտէն տանջուած, դուք առանձնացած կղզի մըն էք։ Դուք, մարդոց անծանօթներ եւ մանաւանդ անոնց համակրանքէն ու հասկացողութենէն հեռու կը մնաք։
Ո՜վ եղբայրներ, ձեր գանձով հպարտ, ոսկեայ բլուրին նստած, հաւատքը ունիք թէ ափ մը լեցուն ոսկին, անտեսանելի կապ մըն է, որով կրնաք ուրիշներու փափաքը եւ մտածումը գնել։
Իմ մտքի աչքերով իբր աշխարհակալ ձեզ տեսած եմ, որ բանակներ կ՚առաջնորդէք թշնամիին ամրոցը գրաւելու։ Բայց երբ կրկին կը նայիմ, բացի առանձնակի սրտէ, ոչինչ կը տեսնեմ։ Ձեր սիրտը ոսկի արկղերու ետին կ՚արիւնի, կամ ոսկեայ վանդակին մէջ իբր ծարաւ թռչուն մը, ջուրի պակասէն կը սարսռաք։
Ո՜վ եղբայրներ, ձեզ տեսած եմ փառքի գահին նստած, ձեր շուրջ ամբոխ մը, որոնք ձեր փառքը կը գովաբանէին եւ երգերով ձեր գործը կը դրուատէին, մանաւանդ կը ներբողէին ձեր իմաստութիւնը եւ ձեզի իբրեւ մարգարէ կը նայէին։ Այդ պահուն ձեր հոգիները, դէպի երկինք կը հրճուէին։
Երբ ամբոխը դիտեցի, ձեր դէմքին երջանկութեան, ուժի եւ յաղթանակի նշաններ կային, կարծես իրենց մարմիններու հոգին ըլլայիք։
Բայց երբ կրկին նայեցայ, դուք ձեր գահերու կողքին կեցած, առանձնութեան մէջ մինակ էիք։ Նմանութիւն ունէիք աքսորականի մը, որ իր ձեռքը ամէն կողմ կ՚երկարէ, կարծես անտեսանելի ոգիներէն գութ եւ բարիք խնդրելու, պատսպարան մուրալու, ուր ջերմութիւն եւ բարեկամութիւն պիտի կարենայիք գտնել։
Ո՜վ եղբայրներ, ձեզ գեղեցիկ կնոջ մը հետ տեսած եմ։ Ձեր սիրտը անոր գեղեցկութեան խորանին դրած էիք։ Ան ձեզ մայրական սիրով եւ գուրգուրանքով կը նայէր։ Ներքնապէս ըսի. «Շատ ապրիս ով Սէր, որ այս մարդոց առանձնութիւնը առած, իրենց սիրտը ուրիշի մը հետ միացուցած ես»։
Բայց ձեր սիրող սրտին կրկին նայեցայ, ուրիշ առանձին սիրտ մը տեսայ, որ կնոջ մը կ՚աղերսէր, որպէսզի ձեր գաղտնիքը լսէ։ Ձեր սիրով լեցուն սրտին ետեւ մոլորած ամպի նման ուրիշ առանձնակի սիրտ մը կար, որ ի զուր կ՚աղերսէր, որպէսզի իր սիրահարի աչքերուն արցունքը տեղի տար։
Ո՜վ եղբայրներ, ձեր կեանքը ուրիշ բնակարանէ բաժնուած, առանձնակի վայր մըն է։ Տուն մը ուր ձեր դրացիին նայուածքը, չի կրնար թափանցել։ Եթէ ձեր տունը մթութեան մէջ մխրճուած է, ձեր դրացիին լոյսը զայն չի կրնար լուսաւորել։ Եթէ ձեր տան մառանը դատարկ է, ձեր դրացիին մառանէն չի լեցուիր։ Եթէ անապատի մէջ էք, չէք կրնար զայն ուրիշ ձեռքէ մը հերկուած ու ցանուած պարտէզի մը վերածել։ Եթէ ան լերան կատարն է, չէք կրնար զայն հովիտ իջեցնել, քանի որ հովիտը՝ այլ մարդոց ճամբան է։
Ձեր հոգեկան կեանքը առանձնութեան մէջ փակուած՝ առանձնութիւն եւ մինակութիւն մըն է։ Դուք ձեզի չէք պատկանիր եւ ոչ ալ ես՝ ինծի կը պատկանիմ։ Եթէ չըլլայինք այս մինակութեան եւ առանձնութեան մէջ, ձեր ձայնը լսելով՝ պիտի հաւատայի թէ իմ ձայնս է որ կը խօսի։ Հայելիին մէջ ձեր դէմքը դիտելով, իմ դէմքս տեսած պիտի կարծէի։
***
Կեանքը իրապէս առանձնութի՞ւն է։ Եթէ խորհինք թէ իւրաքանչիւր անձ ի վերջոյ ի՛ր կեանքը կ՚ապրի, այս իմաստով կեանքը իրապէս անձնութիւն է։ Մա՛րդ մարդու իր կեանքէն ոչ մէկ բան կրնայ տալ, եւ կամ ո՛չ մէկը ուրիշի մը իր կեանքը փոխ կրնայ տալ. այս իմաստով ալ կեանքը առանձնութիւն է։ Կեանքը անհրաժարելի անձնական իրաւունք մը, սեփականութիւն մըն է, եւ այս իմաստով ալ կեանքը առանձնութի՛ւն է։
Կեանքը իրաւունք է եւ ազատութի՛ւն՝ որ առանձնութեան մէջ՝ առանձնաբար կարելի է վայելել։
Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ Աստուծոյ որդիներուն գերբնական ազատութիւնը։ Եւ մարդ կեանքի առանձնութենէն կրնայ փրկուիլ միայն սիրոյ միջոցով։ Սէ՛րն է, որ մարդս կ՚ազատէ կեանքի առանձութենէն եւ մինակութենէն։
«Լրումը մեր բոլոր գործերուն, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն. անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Մարդ իր առանձնութեան մէջ կը պատասխանէ Աստուծոյ սիրոյն, որ «նախ Ի՛նք սիրեց մեզ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։
Արդարեւ, հոն ուր սէր կայ, հոն առանձնութեան հանգամանքը բոլորովին կը փոխուի. առանձնութիւնը այլեւս մինակութիւն չ՚ըլլա՛ր, այլ միութեան մէջ հոգիի ազատութի՛ւն եւ կեանքը այն ատեն կ՚ըլլայ հոգեւոր վայե՛լք մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 4, 2020, Իսթանպուլ