ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԱ.)
Ներկայի եւ անցեալի ուսման հանդէպ ըմբռնումը եղած է ամբողջութեամբ տարբեր. անցեալին կրթութիւնը կարեւոր էր այնքանով, որ երիտասարդը երբ աւարտէ դպրոցը, կարենայ գործի ասպարէզին մէջ հանգիստ ձեւով գրել ու կարդալ. իրենց համար ուսման մեծագոյն մակարդակը գրել ու կարդալ գիտնալուն մէջ կը կայանար, այդ է պատճառը, որ կը տեսնենք, թէ անցեալին դասանիւթերը շատ աւելի նուազ ու աւելի պարզ եղած են՝ քան այսօր: Մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեան իր «Դպրոց եւ դպրութիւն» աշխատութեան մէջ գրելու եւ կարդալու կարեւորութիւնը կը բացատրէ հետեւեալ տողերով. «Կեանքին մէջ այդ բանին միշտ պէտք պիտի ունենայ. գործի կամ ընտանեկան նամակ մը գրել, խնդրագիր կամ տեղեկագիր մը մատուցանել, տպաւորութիւններ բացատրել հարկ պիտի ըլլայ իրեն յաճախ»:
Սակայն այդ լեզուն սորվեցնելը այդքան ալ դիւրին բան մը չէ. նախ պէտք է աշակերտին սորվեցնել խօսակցական եւ իր առօրեային մէջ գործածուող բառեր. այդ բոլորը լաւապէս սորվեցնելէ ետք պէտք է կամաց-կամաց անցնիլ քերականութեան՝ որ լեզուի մը հիմքը կը կազմէ. այս երկուքը լաւապէս սորվեցնելէ ետք պէտք է անոր մէջ սերմանել գրականութեան ճաշակ՝ որպէսզի կարենայ այդ իր սորված բառերը, քերականութեան օրէնքներուն հիման վրայ շարադրել, քով քովի բերել ու իր միտքը արտայայտել. այս բոլորին կողքին անշուշտ կայ ուղղագրութեան կարեւոր վարժութիւնը եւ այս բոլորը կը կատարելագործուի հետեւողականութեամբ:
Ցաւ ի սիրտ, մեր դպրոցները այս բոլորին մէջ կը շարունակեն թերացած մնալ. սերունդէ սերունդ յստակ ձեւով կը նկատուի ուղղագրութեան անկումը, գրականութեան հանդէպ սէրն ու ճաշակը, ինչ որ կամայ թէ ակամայ հայը կը հեռացնէ իր հայութենէն. օրինակի համար, մեր ժամանակ գոյութիւն ունէր վերլուծութեան դասընթացք մը. իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է նստէր ու վերլուծութիւնը ընէր բանաստեղծութեան մը, որպէսզի կարենայ թափանցել անոր էութեան եւ ապրումներուն ու իմաստներուն: Վերլուծութիւնը կ՚օգնէր, որպէսզի աշակերտը մանրամասն կարդայ եւ փորձէ հասկնալ բոլոր գաղափարները, ինչ որ գրողը ուզած է փոխանցել. այդ մէկը կ՚օգնէր, որպէսզի անոնք աւելիով հասկնան եւ իրենց մէջ զարգանայ գրական ճաշակ մը:
Բառապաշարի, քերականութեան ու շարահիւսութեան կողքին լեզուին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի ընթերցանութիւնը. լեզուի տառերը ճանչնալ, այդ լեզուով լաւապէս կարդալ չի նշանակեր. այսօր սփիւռքի մէջ քիչեր կրնան հայերէն ընթերցանութիւն մը առնել ու առանց նախապէս տեսած ըլլալու սահուն ձեւով կարդալ, որովհետեւ վերոյիշեալ բոլորը ընթերցանութեան ճամբով է, որ կը պարզուի. երբ աշակերտը ունի հարուստ բառապաշար, քերականութեան գիտելիք եւ բաւականաչափ կրկնութիւն, ինքնաբերաբար հայերէն կարդալը ոչ դժուարին գործ մը պիտի ըլլայ իրեն համար:
Անցեալին ապրող մտաւորականներ կը հաւատային, որ դպրոցներու մէջ գրաբար եւս պէտք է ուսուցանել մանուկներուն. մենք այսօր գրաբարը մէկդի դրած մեր մայրենի լեզուն սորվեցնելու կարեւորութեան մասին կը խօսինք. կը կարծեմ այս պահով մեծագոյն օրինակը պէտք է առնել յոյներէն, որ հակառակ արդի յունարէնի գոյութեան, իրենց մանուկ-պատանիներուն կը սորվեցնեն նաեւ հին յունարէնը՝ որպէս ազգային արժէք: Օրինակը պէտք է վերցնել արաբներէն, հակառակ որ խօսակցականն ու գրականը ամբողջութեամբ կը տարբերին իրարմէ, աշակերտներ երկուքն ալ հաւասարապէս կը սորվին եւ կ՚իւրացնեն:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
Կ.- ՃԱՄՊԱԶ
Այս բառը յաճախ գործածուած է որպէս ածական. օրինակի համար, Թէոդիկ իր «Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Աբիկ Ճամպազ անուն առեւտրական մը:
Այս բառը կը գործածէ Յակոբ Օշական, իր «Սահակ Պարգեւեան» աշխատութեան Ե. գլուխին մէջ. «Էրկու ճամպազ … - մռլտաց Մրտոն, բայց դարձեալ չաւարտեց նախադասութիւնը»:
Ճամպազ բառը իր «Անձրեւ» աշխատութեան մէջ կը գործածէ Համաստեղ. ան «Սիմօն ու Կիրօ» արձակ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Ես ալ մօտեցայ, տեսայ ճամպազ մը, Հազար մէկ խաղեր կը խաղար»:
Պաղտասար Դպիր եւս իր ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ. «Ճամպազ խաղաց Ստամպօլի սուլթան Պայազիտն 1154 [1705], նոյեմբերի 15»:
Յովսէփ Մալէզեան ճամպազ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ լարախաղաց բառը:
ԿԱ.- ՃԱՆԱՎԱՐ
Այս բառը կարելի է տեսնել նոյնիսկ հին միջնադարեան բանաստեղծութիւններուն մէջ. օրինակի համար, տաղասաց Դաւիթ Սալաձորեցի (որ ծանօթ է նաեւ Որբիկ անունով) իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ այս բառը. «Չորեքշաբթի՝ գազանք, անասունք, Տաղլարտայ կեազան ճանավար»:
Թլկատինցի եւս իր թատրերգութեանց մէջ յաճախ կը գործածէ այս բառը. օրինակի համար, «Ճանբորդն ու ճանբեցնողները» ներկայացումին մէջ ան կը գործածէ այս բառը. «Ինք չէ՞ր գիտեր թէ՝ ինտոր մարդ է ան, ի՛նչ ճանավար է»:
Այս բառը տեղ կը գտնէ նաեւ Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց» աշխատութեան մէջ. այս բառը կը գործածէ նաեւ Միքայէլ Նալպանտեան:
Յովսէփ Մալէզեան ճանավար բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել գազան բառը, թէեւ այլ գրողներ անոր որպէս հոմանիշ կը նշեն հրէշ բառը՝ գազանի փոխարէն:
ԿԲ.- ՃԻԶՄԷ
Այս բառը կրցանք գտնել միայն Յակոբ Օշականի մօտ. ան իր «Երբ պատանի են» եւ «Խոնարհները» աշխատութիւններուն մէջ կը յիշէ այս բառը:
Յովսէփ Մալէզեան այս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել կօշիկ բառը, թէեւ գիտենք, որ ճիզմէն բնական կօշիկէն տարբեր է. Օշական այս բառը կը բացատրէ որպէս «երկարավիզ կօշիկ՝ մինչեւ ծունկերը»:
ԿԳ.- ՄԱՀԱԼԼԷ
Մահալլէ բառը ճամիի նման բառ մըն է, որուն թրքերէնը աւելի գործածական եղած է ժողովուրդի խօսակցութեան մէջ՝ քան հայերէն տարբերակը: Այս բառին որպէս տեղանուն յաճախ կը հանդիպինք. օրինակի համար, Արշակուհի Թէոդիկ կը խօսի Եէնի մահալլէի մասին. նոյն այս Եէնի մահալլէն կը տեսնենք Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները» աշխատութեան մէջ: Ուրիշ գրող մը՝ Ղուկաս Վրդ. Ինճիճեան կը յիշէ Եէնի ճումա մահալլէ, Չէօմլէկճի մահալլէ եւ Փօշի մահալլէ շրջանները: Ղեւոնդ Ալիշան եւս իր «Լեւոն Մեծագործ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Օրթա մահալլէ շրջանը:
Այս բառը իր գրութիւններուն մէջ կը յիշէ Արփիար Արփիարեան. օրինակի համար, ան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Մեր մահալլէին կատուները մենէ շատ միս կ՚ուտեն»:
Յովսէփ Մալէզեան մահալլէ բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել թաղ բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -337-
Պատանի եղած ժամանակ Լիբանանի մէջ մասնակցած էի Խաչիկ Պապիկեան գրական մրցանակի կազմակերպած միջդպրոցական մրցումին. պէտք էր յօդուածի մը ուղղագրութիւնը սրբագրել, մի քանի բառերու իմաստը բացատրել, շարադրութիւն գրել եւ բանաստեղծի մը գործը վերլուծել. այս բոլորը պէտք էր ընել մէկ-մէկուկէս ժամուան ընթացքին: Այդ մրցումին առաջնութեան մրցանակին արժանացայ. ետքը քանի տարբեր մրցումներու մէջ եւս առաջնութիւնը գրաւելէ ետք երբ աւարտեցի, որոշեցին ու զիս Խաչիկ Պապիկեան գրական մրցանքի դատակազմի անդամ նշանակեցին։ Աշակերտներուն թուղթերը աչքէ անցուցի. վերլուծականը վերցուցած էին, շարադրութեան նիւթը՝ պարզեցուցած եւ հակառակ այդ պարզեցումին նոր սերունդը դժուարութեամբ ամբողջացուց այդ բոլորը՝ քան հին սերունդը՝ որ համեմատաբար աւելի դժուար էր:
Հիմա վիճակը ինչ է՝ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ աւելի վատ է՝ քան այն տարին, որ դատակազմի անդամ էի, որովհետեւ ո՛չ թէ տարուէ տարի, այլ օրէ օր կը հեռանանք մեր լեզուէն, մշակոյթէն եւ գրականութենէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան