ԽԱՉԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Խաչը զօրութիւն է՝ փրկութեան ճամբա՜յ։
5-րդ դարու կէսերուն, երբ Վաղարշապատ քաղաքի մէջ հայ գիրերու ստեղծիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, արդէն տարիքը առած, փակեց իր աչքերը։ Խորենացի եւ Կորիւն պատմիչներ կ՚ըսեն, որ երկինքի մէջ, այն տան վրայ՝ ուր կը հանգչէր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եռամեծ վարդապետի մարմինը, փայլատակեց Քրիստոսի Խաչափայտը, եւ ամբողջ ժողովուրդը տեսաւ զայն։
Պատմիչները, շարունակելով իրենց խօսքը՝ կ՚ըսեն, որ երբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի դագաղը Վաղարշապատէն կը տարուէր դէպի Օշական գիւղ՝ Ամատունի Վահան իշխանի կալուածքը, ճամբու ընթացքին երկինքի վրայ յուղարկաւորներուն կը հետեւէր փայլուն խաչի նշանը։
Ասիկա «հոգեւոր հարստութիւն» մըն է՝ որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչի նշանով կը յարգուի, ահաւասիկ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակը։ Աստուածորդին Իր Խաչափայտը հովանի կը դարձնէ ո՛չ միայն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, այլ նաեւ Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ ժողովուրդի վրայ։ Ա՛յս է, ահաւասիկ, Խաչի զօրութիւնը։
Խաչը, ինչպէս յայտնի է, պաշտամունքի նշան չէ եղած միշտ։ Հին աշխարհը կը սարսափէր խաչէն, քանի որ սկսեալ Պարսկաստանէն մինչեւ Հռոմէական կայսրութեան սահմանները, եւ անոնց ծայրամասերը խաչով մահապատիժի կ՚ենթարկուէին մահապարտեալները։ Այս պատճառով, խաչը կը զուգորդուէր մահուան գաղափարին հետ։ Մարդիկ, Խաչ տեսնելով, անմիջապէս կը պատկերացնէին մահը կանգնած խաչի ետեւը։ Բայց Քրիստոսի անմեղ արեան հեղումով Խաչի վրայ, խաչը ժամանակի ընթացքին կորսնցուց իր չարչարանքներու եւ մահուան իմաստը եւ դարձաւ փրկութեան, զօրութեան եւ յաղթանակի խորհրդանշա՛ն։ Խաչի միջոցով է, որ մենք կը կարողանանք վանել ամէն տեսակ ստուերային, սատանայական խորհուրդներ, մտահոգութիւններ, մարդկային վախեր, խաչով մենք կը զօրանանք, կ՚ուժեղանանք եւ կը կարողանանք պայքարիլ բարիի, արդարութեան, ճշմարտութեան յաղթանակի համար։
Ուստի, Քրիստոսի յարգանքը եւ սէրը հաւատացեալներու, կը յայտնուի խաչ կրելով եւ խաչակնքելով, խաչակնքուելով։ Խաչի զօրութեան հաւատալ կը նշանակէ Քրիստոսի հաւատալ, Անոր զօրութեան, ամենակարողութեան, փրկարար իշխանութեան։
Խաչը քրիստոնեաներու համար պաշտելի առարկայ է, քանի որ ան «խորհուրդ» է՝ փրկութեան, զօրութեան եւ յաղթանակի խորհո՛ւրդ։
Խաչին զօրութեան նկատմամբ թերամը-տութիւնը կը նշանակէ՝ պարպուիլ հաւատքէն, ուրանալ մեզի աւանդուած հաւատքը, հեռանալ հաւատքի պահպանող զօրութենէն։ Եւ այս իմաստով, տօնախմբութիւնները պարզապէս ուտել-խմել պէտք չէ համարուին։ Տօնախմբութիւնները՝ խորհուրդներու եւ մեր նախնիներու յիշատակը վերստին մեր մէջ արթնցնելու բարեպատեհ առիթներ պէ՛տք է ըլլայ։
Արդարեւ, տեսիլքը յայտնի ուժն է ճշմարտութեան։ Տեսիլքէ զուրկ հոգիները կը նմանին լոյս չունեցող ջահերու։ Պատմութեան բոլոր մեծ գործերը նախ տեսիլներ, ծրագիրներ եղած են եւ ապա վերածուած իրականութիւններու։
Մարդոց հոգեկան թռիչքները եւ տեսիլները գուշակութիւններ, մարգարէութիւններ եւ ազդարարութիւններ են եւ ուղեցոյցներ բաներու՝ որոնք օր մը կրնան իրականանալ։
Ուստի, խաչի նշանով պէտք է երգել խաչին փառքը, անոր խորհուրդով չափելով կեանքին իսկական արժէքը։
Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է պատճառը, որ Խաչի տօները Եկեղեցիին մէջ, եւ մանաւանդ Հայ Եկեղեցիին մէջ միշտ դիմաւորուած են խոր զգացումներով եւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Խաչի մտածումով եւ վստահութեամբ դիմաւորուած է կեանքը։ Այն որ չի զգար եւ չ՚ունենար ներքին այն ուժը, այն զօրութիւնը՝ որ զինք դժուարութեան բարձունքներէն վե՛ր կը տանի, որուն հոգիին եւ նայուածքին մէջ չի պայծառանար տեսիլքը, որ իր գոյութեան իմաստն է, համատարած խաչը, պարպուա՛ծ է հաւատքէն։
Մեծագոյն տառապանքը կը ծնի պայծառատեսութենէ, գիտակցութենէ, որ իր անհատական ցանկութիւններէն անդին անցնելով կը հասնի պայծառութեան, բիւրեղացման, մերկացած այս աշխարհի զրահներէն կը տեսնուի իր գերբնական գեղեցկութեամբ, խորութեամբ, զօրութեամբ եւ մարդկայնութեամբ։
Իսկ տառապանքի գերագոյն գաղտնիքը եւ յաղթանակը սէ՛րն է, որուն մէջ մարդկային բոլոր ձգտումները կը քաղցրանան, կը սրբուին եւ կը պայծառակերպուին եւ իրենց գերագոյն իմաստը եւ լիութիւնը կը գտնեն։ Աստուծոյ սէրը որ կը հոսի վար, կարող կ՚ընէ մեզ տանելու խաչը Յիսուսի, այսինքն մեր կեանքի գերագոյն իմաստը եւ զոհողութեան խորհրդանի՛շը…։
- Օգտուեցանք՝ Եղիշէ Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ Ներսէս Արքեպս. Պոզապալեանի «Վարագայ Խաչը», 1960-«Սիոն», եւ «Սուրբ Խաչին երեւումը» 2000, քարոզներէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 4, 2018, Իսթանպուլ