ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Երկու արժէքներ, որոնք կը կանոնաւորեն, կը կազմակերպեն մարդկային կեանքը եւ ընթացքը եւ ուղղութիւնը կ՚որոշեն անոր։ Արդարեւ, առաջին ակնարկով, «հնազանդութիւն» եւ «ազատութիւն» հակադիր արժէքներ կ՚երեւին մարդուս բանականութեան։
Իրապէս, կարելի՞ է, թէ՛ ազատ ըլլալ, թէ՛ հնազանդիլ։ Ընդհանրապէս ներհակ արժէքներ կը կարծուին այս երկուքը, խորհելով թէ՝ «ազատութիւն»ը մարդուս կու տայ անսահման կարողութիւն եւ կարելիութիւն՝ մտածածը, ուզածը ընելու, ուզած կերպով շարժելու, մէկ խօսքով՝ բոլորովին ազատ ու անկախ ըլլալու ամէն տեսակէտէ։
Իսկ «հնազանդութիւն»ը, ընդհանրապէս ուրիշի մը հպատակութիւն, ուրիշէ մը կախում ունենալ, շարժումները, վարուելակերպը սահմանել կ՚ենթադրէ։ Եւ այս իմաստով այն համոզումը կը գոյանայ, թէ՝ հնազանդութիւնը եւ ազատութիւնը իրարու հակադիր արտայայտութիւններ են, եւ զանոնք համապատասխանեցնել կարելի չէ՛։
Ինչպէս ըսինք, առաջին ակնարկով կը հակասեն «հնազանդութիւն»ը եւ «ազատութիւն»ը, որոնք տարբեր ուղղութիւններով կ՚ազդեն մարդուս կեանքին։
Բայց հնազանդիլ՝ երբեք չի՛ նշանակեր իր ազատութիւնը կորսնցնել։ Ընդհակառակը, հնազանդութիւնը աւելի եւս կ՚ընդլայնէ ազատութեան սահմանը։
Արդարեւ, այն որ կը հնազանդի օրէնքի, կանոնի եւ ամէն օրինաւոր հրամանի՝ ազատ է, եւ կրնայ շարժիլ ազատօրէն օրինական սահմաններու մէջ։
Ուրեմն, տեսնենք, թէ ի՛նչ է «ազատութիւն»ը եւ ի՛նչ՝ «հնազանդութիւն»ը։
«Ազատութիւն»ը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։ Այս իմաստով, մարդ էակին մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութի՛ւնը։
Ուրեմն այն ի՛նչ որ նպաստաւոր է, օգտակար եւ բարի մարդուն համար, անոր հնազանդիլ, անոր հպատակիլ, համակերպիլ՝ ազատութիւն կը ստեղծէ։
Այս իմաստով, օրինական հնազանդութիւնը շարժառիթն է ազատութեան, իմացականութեան եւ կամքին կարողութիւնները արտայայտելու՝ գործադրելու։ Ուրեմն հնազանդութիւնը չի հակասեր ազատութեան գաղափարին, այլ կ՚օգնէ անոր։
Այնքան ատեն որ ազատութիւնը հաստատուած չէ վերջնականապէս իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուա՛ծ է, այսինքն իմացականութիւն ե՛ւ կամք, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը՝ ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ, հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու, սխալելո՛ւ։ Այս կը նշանակէ, թէ ազատութիւնը շիտակը ընտրելու, ուղիղը տեսնելու եւ ճիշդ դատելու հարց մըն է։ Ուրիշ խօսքով՝ եթէ հնազանդած է մարդ այն օրինական, բարի եւ ճշմարիտ «հրաման»ներուն, ապա անիկա՝ «ազա՛տ» է իր ամենալայն իմաստով եւ բովանդակ առումով։ Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները՝ գործերը։ Ան կը դառնայ աղբիւրը արժանիքի կամ անարժանութեան՝ ըստ կատարուած ուղիղ կամ սխալ ընտրութեան։
Բարիքը կ՚աճեցնէ ազատութիւնը։ Մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, ա՛յնքան աւելի՛ ազատ կ՚ըլլայ։ Ուստի, չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ո՛չ ի սպաս բարիին եւ արդարին։
Անհնազանդութիւն եւ չարիք նախընտրելը ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի բարոյական եւ հոգեկան ստրկութեան։ Ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ պատասխանատո՛ւ իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք կամովին են՝ ազատ կամքի արդի՛ւնք։ Առաքինութեան եւ ազնուութեան մէջ յառաջդիմութիւնը՝ բարիին եւ ճշմարիտին եւ ճգնակեցութեան ճանաչումը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն, գործերուն վրայ։
Իւրաքանչիւր արարք, որ կատարուած է ազատ կամքով, վերագրելի է զայն կատարողին։
Մարդու մը արարքը կրնայ անուղղակիօրէն «կամաւոր» ըլլալ, երբ հետեւանքն է անտարբերութեան, անհոգութեան եւ անհնազանդութեան բանի մը կամ մէկու մը հանդէպ, զոր ան պարտաւո՛ր էր ճանչնալ կամ ընել, զոր օրինակ՝ արկածի մը պարագային, զոր կը գործեն ճամբուն օրինագիրքը չգիտնալուն, տուեալ հրամաններուն անհնազանդ գտնելուն պատճառով։
Կրնայ հետեւանք մը չուզուիլ, բայց «թոյլ տրուիլ» զայն գործողին կողմէ։ Գէշ հետեւանքը վերագրելի չէ՛ մէկուն, եթէ այն չէ ուզած ո՛չ իբր նպատակ եւ ո՛չ ալ գործի միջոց, եւ չէ շարժած «ազատ կամք»ով՝ ազատութիւնը վայելելով։
Ուրեմն, մարդը օժտուած է ազատութեամբ եւ զօրութեամբ իր հոգիին եւ հոգեւոր կարողութիւններով ճոխացած իր իմացականութեան եւ կա՛մքին, առանձնաշնորհեալ դիրք մը ունի ամբողջ արարածներուն մէջ։
Արդարեւ, մարդուն առաջին անհնազանդութեան, եթէ ո՛չ միակ, բայց առաջին հետեւանքը եղած է կորսնցնել իր ազատութիւնը։ Ադամ եւ Եւա իրենց անհնազանդութեան պատճառով անմիջապէս կը կորսնցնեն սկզբնական սրբութեան շնորհքը։ Ազատութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը՝ որուն մէջ կ՚ապրէին եւ որ գոյացած էր շնորհիւ «սկզբնական արդարութեան», անհնազանդութեան պատճառով ահա կը կործանի. հոգիին հոգեւոր կարողութիւններուն մարմնին վրայ տիրութիւնը կը խորտակուի։ Եւ մարդուն անհնազանդութեան պատճառով արարչութիւնը կ՚ենթարկուի ապականութեան։ Ի վերջոյ, անհնազանդութեան պարագային մարդուն բացայայտօրէն զգուշացուած հետեւանքը կ՚իրականանայ։ Մարդը կը դառնայ հո՛ղ, որմէ կազմուած էր։
Եւ մահը մո՛ւտք կը գործէ մարդուն պատմութեան մէջ։ Իսկ ասիկա կը նշանակէ կորսնցնել ազատութիւնը՝ կեանքը լման ապրելու, վայելելո՛ւ։
Մարդը կրնայ ապրիլ միա՛յն Աստուծոյ նկատմամբ «ազատ հնազանդութեան» ձեւին տակ։
Ասոր արտայայտութիւնն է «բարիին եւ չարին գիտութեան ծառ»էն ճաշակելու մարդուն վրայ դրուած արգելքը. «բարիին եւ չարին գիտութեան ծառը» խորհրդանշականօրէն կը յիշեցնէ անանցանելի սահմանը՝ զոր մարդը իբր արարած պարտի ազատօրէն ընդունիլ եւ վստահութեամբ յարգել։
Մարդը կախում ունի Արարիչէն, ան ենթակայ է արարչութեան աստուածային ընդհանուր օրէնքներուն եւ բարոյական կանոններուն՝ որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։
Մա՛րդը, փորձուելով սատանայէն, ձգեց որ իր սրտին մէջ մեռնի, ոչնչանայ իր Արարչին հանդէպ վստահութիւնը եւ իր ազատութիւնը չարաշահելով՝ անհնազանդ եղաւ Աստուծոյ պատուիրանին։ Այնուհետեւ ամէն մեղք եղաւ Աստուծոյ դէմ անհնազանդութի՛ւն մը եւ Անոր բարութեան հանդէպ վստահութեան թերացում մը՝ որ կ՚ենթադրէ ազատութեան կորո՛ւստը։
Ահաւասիկ, ազատութեան եւ անհնազանդութեան ներքին կապը եւ փոխադարձ ազդեցութիւնը։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ կ՚ըսուի, թէ՝ հոն ո՛ւր անհնազանդութիւն գոյութիւն ունի, հոն կը պակսի, կը կորսուի ազատութիւնը՝ որ մարդուս տրուած ամենէն կարեւոր շնորհներէն մի՛ն է եւ կարեւորագոյնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3, 2016, Իսթանպուլ