ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՄԱՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Իմացականութիւնը կ՚ենթադրէ բանականութիւն, այն ինչ որ մտածողութեան արդիւնք է, ըմբռնելու, հասկնալու կ՚առաջնորդէ մարդկային միտքը եւ կը մօտեցնէ ճշմարտութեան։

Մարդ, քանի որ որքան բանականութիւն, նոյնքան ալ զգացականութիւն ունի, քանի որ ան ինչպէս ֆիզիքական, բայց նաեւ մտաւոր եւ հոգեւոր աշխարհ մը ունի եւ այդ աշխարհներուն մէջ կ՚ապրի եւ անոնց մէջ կ՚ամբողջացնէ իր կեանքը։ Այս առումով, մարդ պէտք է ներդաշնակէ իր ներքին աշխարհը՝ բանականութիւնը եւ զգացողութիւնը՝ որ կը նշանակէ միտքը եւ հոգին հաշտեցնել եւ ըստ այնմ վարուիլ եւ կանոնաւորել իր ամբողջ կեանքը։

Մարդ շատ բաներ կ՚ըմբռնէ եւ կը հասկնայ միտքով, այսինքն բանականութեամբ, իմացականութեամբ։ Բայց մարդ ճշմարտութեան կը հասնի, ճշմարտութեան կը թափանցէ նաեւ հոգիով՝ զգացողութեամբ։ Կան բաներ որոնք անզօր կը մնայ միտքը հասկնալու, բայց հոգիին զօրութեամբ մարդ կ՚իմանայ, այսինքն կը հասկնայ բանականութեամբ չհասկցածները։

Այս իմաստով, իմացականութիւնը ըմբռնելու, հասկնալու միջոց մըն է, եւ հոն ուր անզօր կը մնայ իմացականութիւնը, ահաւասիկ օգնութեան կը հասնի հոգեւոր իմացականութիւնը, որ է մտքի եւ հոգիի միութիւնը…։

Ասիկա այն «հոգեւոր» հասկացողութիւնն է, որ Եկեղեցին մեզի կը յայտնէ ծիսակատարութեամբ եւ խորհրդակատարութեամբ եւ զայն ապրիլ կու տայ մեզի։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգին է, որ Աստուծոյ Խօսքին հոգեւոր իմացումը կու տայ ընթերցողներուն եւ ունկնդիրներուն, ըստ տրամադրութեան անոնց սրտերուն։ Հանդիսակատարումին ոսկեթելը կազմող խօսքերուն, ծիսարարքներուն եւ խորհրդանիշներուն ընդմէջէն, Սուրբ Հոգին հաւատացեալները եւ պաշտօնեաները կենդանի առընչութեան մէջ կը դնէ Քրիստոսի հետ՝ Խօսք եւ Պատկեր Հօր, որպէսզի անոնք հանդիսակատարումին մէջ իրենց լսածին, դիտածին եւ կատարածին իմաստը կարենան իրենց կեանքին փոխանցել։

Այն պարագային որ խորհուրդ մը կարելի չ՚ըլլար մտքով հասկնալ՝ հոգեւոր իմացականութեամբ կարելի կ՚ըլլայ հասկնալ։ Կերպով մը բանականութիւն եւ հոգեւոր իմացականութիւն իրար կը լրացնեն։

Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին հարցը, որ դարերէ ի վեր զբաղեցուցած է մարդկային միտքը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելիութեան մասին, մարդուն երեւումին մասին։

Այս գիւտերը կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի հիանալու Արարչին մեծութեան վրայ, Անոր փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան եւ իմաստութեան համար, զորս Ան գիտուններուն եւ հետազօտողներուն կու տայ։

Սողոմոնի հետ անոնք կարող են գոչել.

«Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցն աշխարհի, յատկութիւնները, տարրերուն (…) որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ինք սորվեցուց ինծի» (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։

Մեծ շահեկանութիւնը որ վերապահուած է այս հետազօտութիւններուն, զօրեղապէս խթանուած է այլ կերպի եւ այլ կարգի հարցով մը, որ կը գերազանցէ բնական գիտութիւններուն յատուկ մարզը։ Հարց չէ միայն գիտնալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս տիեզերքը նիւթապէս մէջտեղ եկաւ, ո՛չ ալ թէ ինչպէ՛ս մարդը երեւեցաւ, այլ նախընտրաբար՝ գտնել, թէ Ի՛ՆՉ Է ԻՄԱ՛ՍՏԸ նման ծագումի մը. արդեօք ան կառավարուած է պատահմունքի մը, կոյր ճակատագրի մը, անանուն անհրաժեշտութեա՞ն մը կողմէ, կամ արդեօք «Աստուած» կոչուած իմացական եւ բարի գերակայ Էակի՞ մը կողմէ։ Իսկ եթէ աշխարհը առաջ կու գայ Աստուծոյ իմաստութենէն եւ բարութենէն, ի՞նչու համար է չարը։ Ան ո՞ւրկէ է։ Ո՞վ է անոր պատասխանատուն։ Կա՞յ ազատագրում անկէ։

Մարդուն իմացականութիւնը ծագումներու հարցին պատասխան մը գտնելու կարողութիւնը անշուշտ ունի։ Արդարեւ, Արարիչ Աստուծոյ գոյութիւնը կրնայ ստուգութեամբ ճանչցուիլ Անոր գործերէն՝ շնորհիւ մարդկային բանականութեան լոյսին եւ հոգեւոր իմացականութեան, նոյնիսկ եթէ այս ճանաչումը յաճախ մթագնած է եւ աղաւաղուած՝ մարդուն մոլորումին եւ հոգեւոր կուրութեան հետեւանքով։

Եւ այս իսկ պատճառով ահաւասիկ, հաւատքը կու գայ բանականութիւնը հաստատելու եւ լուսաւորելու հոգեւոր իմացականութեամբ, այս ճշմարտութեան ճշգրիտ հասկացողութեան եւ ըմբռնումին մէջ. «Հաւատքով մենք կը հասկնանք, թէ աշխարհ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ մէկ խօսքով, այնպէս որ ինչ որ կը տեսնենք, յառաջ կու գայ անտեսանելիէն». (ԵԲՐ. ԺԱ 3)։

Ա՛յս է ահաւասիկ հոգեւոր իմացականութիւնը։

Աստուած Իր գթութեամբ, ուզեց յայտնել Իր ժողովուրդին ամէն ինչ, որ փրկարար է գիտնալ՝ խորհուրդներու մասին։ Բնական ճանաչումէն անդին, զոր ամէն մարդ կարող է ունենալ Արարչին մասին, Աստուած արարչագործութեան խորհուրդը աստիճանաբար յայտնեց մարդուն։

Աստուած կարելի է ճանչնալ հոգեւոր իմացականութեամբ, որ կը պահանջէ հոգեւոր աչքեր՝ որոնց միջոցով կարելի է տեսնել «Անտեսանելի»ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020