ՀՈԳԻՆԵՐԸ ՇՊԱՐԷ՛Ք

Գեղեցկութիւնը ինչքա՜ն յարաբերական է ու անոր սահմանումը անստոյգ. անձի համար ամենագեղ կարծուող երեւոյթ մը՝ ուրիշի համար կրնայ թուիլ տգեղ ու տձեւ, հետեւաբար կատարեալ գեղեցկութիւն մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ:

Այսօր փողոցին մէջ նկատեցի, որ անցորդ կանացի սեռերուն մեծամասնութիւնը շպարուած էր. շատեր գեղեցկանալու դիտաւորութեամբ դարձած գարշատեսիլ: Բոլորն ալ հայու գեղեցիկ աչքեր՝ այլայլած բազմապիսի երանգներով: Անարուեստ դիմակահանդէս մը ամէ՛ն տեղ. դիմակահանդէս՝ ուր խաչուած է «գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ է» միտքի հեղինակը: Անցեալին աշխարհը լոկ հոգիի պարզութեան կարօտը ունէր, իսկ այսօր պարզութենէ զուրկ է գրեթէ՛ ամէն բան՝ գեղեցկութիւնը ներառեալ:

Երբ կը մտածէի գեղեցկութեան ինչութեան մասին, յիշեցի 1934 թուականին, Փարիզի մէջ հրատարակուած «Իշխանուհին» վէպի հեղինակ գրող եւ բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանի գեղեցկութեան մասին կատարած նկարագրութիւնը. «Շպար չկար անոր դէմքին վրայ, բայց անիկա հոյակապ է առաւօտեան լոյսերուն մէջ տերեւներու հոսանուտ շուքերուն տակ։ Խնամուած չեն անոր մազերը: Բայց անոնք աւելի գեղեցիկ են այդպէս, հովին մէջ, իրենց ծփանքովն ու խոնաւ բուսականութեան մը փայլովը։ Կը վառին անոր եղունգները, որոնց վրայ օրեր կայ, հոգ չէ տարած իշխանուհին»:

Արդի հոգեբանութիւնը մեծապէս կը հետեւի եւ կը ստուգէ, թէ ինչո՞ւ համար իգական սեռի պատկանողները այնքան բուռն կապուածութիւն ունին շպարի հանդէպ: Նման ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ շպարը իգական սեռի մօտ ինքնավստահութեան պատճառ կը դառնայ. շպարի ճամբով կանայք կը փորձեն փոխել ընկերային կեանքի մէջ իրենց անձերուն հանդէպ գոյութիւն ունեցող ընկալումն ու օտարներու վրայ գործած ազդեցութեան տարողութիւնը:

Այլ ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, թէ շպարուիլը աւելի հանրաճանաչ ըլլալու տպաւորութիւն մը կը ձգէ մարդոց վրայ եւ այս մէկը բնականաբար ընկերային ցանցերու սերմանած մէկ ըմբռնումն է, որովհետեւ թէ՛ ժապաւէններու, թէ՛ բեմերու եւ թէ՛ ընկերային ցանցերու մէջ դերասաններն ու երգիչները մենք մի՛շտ շպարուած կը տեսնենք, ինչ որ ընդօրինակելու հիմք կը հանդիսանայ:

Ցաւ ի սիրտ, մեր ընկերութիւնը շատ անգամ (չըսելու համար գրեթէ մի՛շտ) անհատը իր արտաքին երեւոյթով կը դատէ. աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կատարուած հարցաթերթերիկներու արդիւնքը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ շպարուած անձեր աւելի՛ ինքնավստահ ըլլալու տպաւորութիւն կը թողուն մարդու վրայ, քան՝ չշպարուածները:

Արտաքինը խաբուսիկ ու ժամանակաւոր իրողութիւն մըն է՝ երաշխաւորուած անցաւոր պահով մը միայն: Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ հասկնալ, որ մարդիկը տպաւորելու, մարդոց վրայ ազդեցութիւն գործելու եւ կամ «ինքնավստահ» ներկայանալու ձեւը արտաքինէն անդին ներքին՝ մտային ու հոգեկան ազդեցութեան մը կը կարօտին: Թոքախտէ տառապող մեր գրողներէն շատե՜ր կեանքի ընթացքին իրենց արտաքինին, իրենց գունատութեան համար ծաղրի ենթարկուեցան։ Ծաղրողներուն անունն անգամ չի յիշուիր այսօր, սակայն անոնք թէեւ տկար արտաքինով, կը շարունակեն իրենց տեղը գրաւել մեր գրականութեան ոսկեայ պատուանդանին վրայ։

Այսօր մարդիկ դիմակահանդէսի գացող երեսներով, լայնացած շրթունքներով, արհեստական ստինքներով կը փորձեն տպաւորութիւն գործել մարդոց վրայ. երբեւէ տեսա՞ծ էք Սիպիլի, Սրբուհի Տիւսաբի, Տիանա Աբգարի, Կապուտիկեանի եւ այլ անուանի հայ կին մտաւորականներու նկարները. անոնց չշպարուած աչքերն են որ ինքնավստահութիւն կը բուրեն, ինքնավստահութիւն մը՝ որ պայմանաւորուած չէ ժամանակով: Թէ՛ կանանց եւ թէ՛ տղամարդկանց անցաւոր զարդերէն, շպարներէն, արհեստական պճնանքներէ շա՜տ աւելի մնայունը գոյութիւն ունի՝ որն է խելքն ու բանականութիւնը:

 Աւելի քան դար մը առաջ, հրապարակախօս, գրող, թարգմանիչ, բանասէր եւ մանկավարժ Մատթէոս Մամուրեան 1872 թուականին հրատարակած իր «Հայկական նամականի» աշխատութեան 19-րդ նամակին մէջ օրուայ ունեւոր կիները կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով. «պճնասէր, օտարասէր հայ կիներ` եւրոպական հովեր կ՚առնուն, Եւրոպացիի հետ կ՚տեսնուին, քանի մ՚եւրոպական բառեր կ՚թոթովեն, Եւրոպայի ընտիր շորեր կ՚հագնին, եւրոպականին դիմակն ու շպարը միայն ունին, բայց հոտած սիրտեր, փտուն գլուխներ, անոգի մարմիններ են»: Մարդ պահ մը կը զարմանայ. խօսքը 20-րդ դարո՞ւ մասին է թէ... 21-րդ:

Եւրոպականին դիմակն ու շպարը ամէ՛ն տեղ է այսօր՝ կեղծ ու շինծու: Երանի՜ այսօր ամէն մարդ իր արտաքինը զարդարելէ առաջ ձգտի զարդարել ու գեղեցկացնել իր հոգին, միտքն ու իմացականութիւնը: Մահէն ետք մարդիկ պիտի չյիշեն, թէ ինչքա՜ն շպար օգտագործեցիր, մարդիկ պիտի չյիշեն թէ ինչքան ուռեցք ունէր արհեստական շրթունքներդ ու ստինքներդ, սակայն անպայման պիտի յիշեն լաւ գործերդ, բարեգործութիւններդ, գրականութիւնդ, արուեստդ ու այն բոլորը՝ որ ժամանակաւոր չեն:

Երանի՜ անոնց, որոնք ժամանակաւորէն առաջ յաւիտենական ու մնայուն արժէքներով կը փորձեն զարդարել իրենց կեանքը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՐԱՉԵԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(1919-1997)

Մեր թուականէն 102 տարիներ առաջ՝ 8 դեկտեմբեր 1919-ին, Կոտայքի մարզի Մայակովսկի գիւղին մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Հրաչեայ Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Երեւանի Համալսարանի բանասիրական բաժինը, սակայն կիսատ ձգած է ուսումը՝ 1941-ին մասնակցելու համար Հայրենական մեծ պատերազմին: Բանակէն վերադառնալէ ետք աշխատած է Արտասահմանեան երկիրներու բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութենէն ներս, միաժամանակ մասնակցելով «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի խմբագրութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռի կոմիտէութեան գրասենեակէն ներս: Յովհաննիսեան 1955-1959 թուականներու միջեւ ստանձնած է «Գրական Թերթ»ի խմբագրութեան պաշտօնը, իսկ 1978 թուականէն սկսեալ՝ անոր գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը: Ան 1959-1975 թուականներու միջեւ եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան երկրորդ քարտուղարը, իսկ 1988-1990 թուականներուն՝ անոր նախագահը:

1948 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Յովհաննիսեանի առաջին բանաստեղծութեան գիրքը՝ «Իմ կեանքի երգը», որուն յաջորդած են «Երկրորդ հանդիպում» (1951), «Հրաշալի այգեպան» (1956), «Ծովի լռութիւնը» (1964), «Վայրի վարդը» (1968) եւ այլ աշխատութիւններ: Յովհաննիսեան բանաստեղծութիւններու կողքին գրած է նաեւ հրապարակախօսութիւններ, գրականագիտական եւ քննադատական յօդուածներ, պատմուածքներ եւ ճանապարհորդութեան յուշեր. ինչպէս՝ «Մօտիկն ու հեռուն» (1967), «Ժամանակի շունչը» (1976) եւ ուրիշներ, որոնք թարգմանուած եւ լոյս տեսած են նաեւ օտար լեզուներով:

Գրողը կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատութիւններ, հայերէնի թարգմանելով Ալեքսանտր Փուշքինի, Նիքոլայ Նեքրասովի, Լուի Արակոնի եւ այլ անուանի գրողներու գործերը:

Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն ու վաստակին՝ Յովհաննիսեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», «Կարմիր աստղ» եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն եւ տիրացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչ կոչումին: Յովհաննիսեան դափնեկիր է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի պետական (1979), Աւետիք Իսահակեանի անուան (1982) եւ Եղիշէի անուան (1994) մրցանակներուն:

Բանաստեղծը մահացած է 22 նոյեմբեր 1997-ին, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021