ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ պատահած է պահեր, նոյնիսկ շրջաններ, երբ դժուարութիւններու մատնուած ենք, նեղութիւններու հանդիպած, մենք զմեզ անելներու առջեւ գտած, տակնուվրայ եղած, յուսալքուած, ինկած տրամադրութեամբ մը կարծած ենք, որ ամէն բանի վերջը հասած է, եւ երբ յոռեգոյնին կը սպասէինք՝ Աստուած միջամտած, խնդիրները լուծուած, հարցերը շտկուելու սկսած են. մէկը միւսին ետեւէն հրաշքներ տեղի ունենալու սկսած, եւ կարճ ժամանակի մէջ մեր ակնկալածին, մեզի մտահոգութեան առաջնորդողին ճիշդ հակառակը պատահած է։

Ո՜վ կրնայ ուրանալ, որ գոնէ անգամ մը չենք ապրած նման տագնապալից շրջան մը եւ օրեր մեր կեանքի ընթացքին։ Եթէ կ՚ապրինք կեանք մը այս աշխարհի վրայ, անպայմա՛ն ունեցած ենք նեղութեան օրեր, որոնք մեզի դժուար օրեր ապրեցուցած են։ Եւ յանկա՛րծ, չսպասուած մէկ պահուն ամէն ինչ վերջացած, կարծես արեւը ծագած է մեր կեանքին խաւարին վրայ եւ լուսաւորած է մեզ։ Եւ Աստուած՝ մեր երջանկութիւնը ապահոված՝ բարձրացուցած է մեր տրամադրութիւնը, եւ կարծես վերստին ծնած, նոր մարդ եղած ենք։ Աստուած՝ մեր երկնային Հայրը միշտ պատրա՛ստ եղած է մեզ հոգալ, խնամել եւ մեր հոգերը իր վրայ առնելով՝ փարատել։

Աստուած միշտ նո՛յնն է. անփոփո՛խ, Իր հայրական սէրը անփոփոխ է, Իր հոգատարութիւնը, Իր խնամութիւնը անփոփոխ է։ Ան եթէ անցեալին միջամտեց՝ անշուշտ որ ներկային եւ ապագային ալ պիտի միջամտէ, քանի որ Անոր բնութիւնը ա՛յս է՝ Արարիչ եւ Նախախնա՛մ։ Ուրեմն, բնական է եւ բանական վստահիլ Իրեն անհունօրէն, եւ այդ վստահութիւնը մեր մէջ լաւատեսութիւն մը պիտի ստեղծէ։

Լաւատեսութիւնը սքալչելի՜ առաքինութիւն մըն է։ Լաւատեսութիւնը՝ դժոխքը դրախտի կը վերածէ, խաւարը՝ լոյսի, եւ ասիկա մեր ձեռքն է…։

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ մեր մասին», կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ. (Ա. ՊԵՏՐ. Ե 7)։ Առաքեալին իր Ընդհանրական առաջին նամակին մէջ ըսած այս խօսքերը արդարեւ կը հաստատեն Աստուծոյ վստահութեան հաւաստիքը։

Անշուշտ, այս վստահութիւնը պէտք չէ՛ մեզ տանի անտարբերութեան, այլ աւելի եւս զօրացնէ մեր հաւատքը՝ աղօթքով, միշտ յարաբերութեան եւ հաղորդութեան մէջ ըլլալով մեր անհունօրէն վստահած Աստուծոյ հետ։ Ուստի, աղօթել ե՛ւ վստահիլ. գիտնալ որ մեզ լսող եւ մեր խնդրանքը կատարող երկնային Հայր մը ունինք՝ որուն պէտք է ապաւինինք անվերապահօրէն, քանի որ Ան ամենակարող է եւ բարի՛, եւ լեցուն է անհուն սիրով։ Եւ երբ մարդ ունի իրապէս վստահելի «անձ» մը իր հետ, այն ժամանակ ինքզինք ապահով կը զգայ եւ երջանիկ…։

Արդարեւ, եթէ այդ վստահելի «անձ»ը Աստուած է՝ ամենավստահելին, մարդ որեւէ վախ եւ մտահոգութիւն չ՚ունենար իր էութեան մասին։ Ո՛վ որ «Աստուած» կ՚ըսէ, կ՚ըսէ «Էակ» մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդար եւ վստահելի՛։ Եւ հետեւաբար մարդ պէտք է անհրաժեշտաբար եւ անվերապահօրէն ընդունի Անոր խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենայ ամբողջական հաւատք եւ յոյս։

Ան Ամենակարող է, բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Ո՞վ պիտի կարենար իր բոլոր յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ առանց խտրութեան։ Ասոր համար Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը կը գործածէ սա բանաձեւը.

«Ես եմ Տէրը»։

Աստուած կրնայ ապագան յայտնել Իր մարգարէներուն կամ նաեւ ուրիշ սուրբերուն։ Քրիստոնեայ ուղիղ կեցուածքը սակայն կը կայանայ ապագային նկատմամբ ինքզինք վստահութեամբ նախախնամութեան ձեռքերուն յանձնելու մէջ եւ այս մասին մէկդի դնելով ամէն վատառողջ հետաքրքրութիւն։

Այս ուղղութեամբ անհեռատեսութիւնը կրնայ պատասխանատուութեան պակաս մը գոյացնել։

Աստուած փորձելը անվստահութեան արտայայտութիւն մըն է։ Աստուած փորձելը կը կայանայ Անոր անսահման Բարութիւնը եւ Ամենազօրութիւնը, Ամենակարողութիւնը խօսքով կամ արարքով փորձի ենթարկելու՝ փորձի դնելու մէջ։ Այսպէս է որ սատանան կ՚ուզէր մղել Յիսուսը՝ որ Ինքզինք վար նետէր Տաճարէն եւ այս արարքով զայն բռնադրել Որ գործի անցնէր. (ՂՈՒԿ. Դ 9)։ Յիսուս, բնականաբար կը հակադրէ անոր Աստուծոյ խօսքը. «Պիտի չփորձես քու Տէր Աստուածդ». (Բ ՕՐ. Զ 16)։

Աստուած փորձելու այս եւ նման մարտահրաւէրներ վիրաւորանք են հանդէպ յարգանքին եւ վստահութեան, զորս պարտինք մեր Արարիչին։

Աստուած փորձելը միշտ կը բովանդակէ տարակոյս մը, վարանութիւն մը նկատմամբ Անոր սիրոյ, Անոր Ամենակարողութեան, Անոր նախախնամութեան եւ Անոր Ամենազօրութեան։

Տէրունական աղօթքի՝ «Հայր մեր»ի «Տո՛ւր մեզի» կը ներկայացնէ վստահութեան արատայայտութիւնը Հօր հանդէպ։ «Տո՛ւր մեզի». գեղեցիկ է վստահութիւնը զաւակներուն, որոնք ամէն ինչ իրենց Հօրմէն կը սպասեն։

Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի այս խնդրանքը, որ իսկապէս կը փառաւորէ Հայրը, որովհետեւ Ան կը ճանչնայ, թէ Հայրը ո՛րքան Բարի է, ամէն բարութենէ անդին, եւ ո՛րքան վստահելի։ Որովհետեւ. «Ան իր արեւը կը ծագէ չարերուն եւ մեղաւորներուն վրայ». (ՄԱՏԹ. Ե 45), կու տայ բոլոր կենդանի արարածներու. «կերակուրը իր ժամանակին». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 27)։

Նաեւ «Հայր մեր»ի «Այսօր» բառը՝ վստահութեան արտայայտութիւն մըն է։ Քանի որ հացը ամէն օր կ՚ընդունի մարդ, ապա ուրեմն «ամէն օր»ը մարդուն համար «այսօր» է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021