ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԱՒԵԼԻ ՎԵՐ՝ ՔԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Խաչիկ Դաշտենցի կենսագրութիւնը գրած ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց անոր «Բոց» աշխատութեան պատճառով Հայրենիքէն հեռանալու իրողութիւնը եւ ուզեցի անպայմանօրէն գիտնալ, թէ ի՞նչն էր պատճառը, որ ստիպեց Խաչիկ Դաշտենցը լքել Հայրենիքը եւ երթալ օտար ափեր: Այդ հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար սկսայ կարդալ անոր «Բոց»ը:

Աշխատութեան առաջին իսկ տողերէն ակնյայտ է գաղտնագրութիւնն ու գրողի գաղտնի ազատատենչ հոգին, որ անուղղակիօրէն ազատութեան երգը կ՚երգէ իր բանաստեղծութեան տողերուն մէջ:

Դաշտենցի առաջին քառեակին մէջ կը կարդանք. «Աչքս բացի գլխիս վրայ մի բազէ էր սաւառնում, օրօրոցս օրօրում էր մի անծանօթ, անյայտ կին»: Կը կարծեմ յստակ է, թէ այդ օտար բազէն ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Խորհրդային Միութիւնը, իսկ օտար կինը անոնք՝ որոնք կը կառավարէին Հայաստան աշխարհը. այդ բոլորը գրողին համար հարազատ չէին, որովհետեւ իրը չէր՝ հայկական էր ու ամենէն կարեւորը ազատ չէր:

Լսուած խօսք է, որ կ՚ըսուի, թէ մարդ բանի մը արժէքը կը գիտնայ կորսնցնելէ ետք. Կարդացէ՛ք մեր գրողները, որոնք ապրած են Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան ժամանակ. Կարդացէ՛ք Պարոյր Սեւակ, Չարենց, Դաշտենց եւ ուրիշներ. այդտեղ պիտի տեսնենք պարզ տողերու տակ թաքնուած ազատատենչ հայու հոգին: Այսօր մենք կ՚ապրինք ա՛յն ազատութիւնը, որ անոնք գրեցին ու երազեցին. անոնք այսօրուան երազով ապրեցան, սակայն մենք իրենց երազին հակառակ դարձեալ անցեալն է, որ բերել կը փորձենք:

Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ հայրենասիրութիւն ու ազատատենչութիւն երգել համազօր էր անձնասպանութեան, որովհետեւ նման արարք մը կրնար ցմահ բանտարկութեամբ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մահով վերջ գտնէր: Սակայն հակառակ այս վտանգին, ազատութիւն երգելէ չդադրեցան Դաշտենցի նման ազատատենչներ:

Օրինակ առնենք Պարոյր Սեւակն ու անոր գործերը. Սեւակի աշխատութիւններէն մին կը կոչուի «Եղիցի լոյս». լո՛յս պէտք է հոն՝ ուր մութ է եւ մութ է հոն՝ ուր ազատութիւն չկայ. Սեւակ Խաւարին մէջէն դէպի լոյս երթալու առաջարկ է, որ կը կարդայ սովորական վերնագիրի մը ընդմէջէն: Անոր միւս աշխատութիւնը կը կոչուի «Մարդը ափի մէջ». ափին մէջ պահող մարդը հայն է, իսկ ափը՝ Խորհրդային Միութիւնը, որ իր ձեռքերուն մէջ բռնած կը պահէ ազատութենէ զրկուած հայը: Անոր մէկ այլ աշխատութիւնը կը կոչուի «Ականջդ բեր ասեմ». կ՚ուզէ գաղտնի ըսել, որովհետեւ ա՛յն ազատատենչութիւնը որուն մասին պիտի խօսի, չի՛ կրնար բարձրաձայնել:

Դաշտենց այն հազուագիւտ գրողներէն է, որ իր խօսքերով կրցած է ոգեւորել ժողովուրդը, անոնց մէջ արթնցնել ազատատենչ ու մարտունակ հոգին. ան աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ֆետային գերեզման չունի. անոր ամենամեծ բաղձանքը կռուի մէջ մեռնիլն է՝ ազատութեան երգը շուրթերուն եւ գնդակը ճակատին»:

Դաշտենց իր այլ գրութեան մէջ զինուորագրեալի բերնով հետեւեալ խրատը կու տայ. «Ո՞վ է քու սիրեցեալդ. Հայրենիքն է: Անոր համար դուն պէտք է միշտ սիրես զայն, նուիրուիս անոր եւ պաշտես: Քո սիրուհին Հայաստանն է. ան շղթաներու մէջ է». այդ շղթաներէն ազատուած, այսօր նոյն շղթաներուն շուրջ է, որ կը դառնանք:

Դաշտենց «Բոց» աշխատութեան մէջ կ՚ուզէ հայ ժողովուրդին սորվեցնել, թէ իր փրկութեան միակ ճամբան անձնական ուժերուն վստահիլն է. նոյն այդ կոչերով կեանքէն հեռացաւ Եղիշէ Չարենց, ըսելով որ հայ ազգի փրկութիւնը միութեան մէջ է: Դաշտենց «Բոց»ի մէջ կը գրէ. «Չեմ մօտեցուցած շուրթերս ոչ մէկ կաւէ գաւաթի, յախճապակեայ ո՛չ մէկ թասի, կամ թիթեղեայ անօթի. Ջուր խմած եմ իմ ձեռքերով...». վստահաբար այս տողերը պիտի նեղացնէին Խորհրդային Միութեան խորաններուն խնկարկող մեր «ազգայիններէն» շատեր, որոնք ջանք պիտի չխնայէին հալածելու համար Դաշտենցը:

Տարբերութիւնը այսօրուան եւ անցեալին այն է, որ մարդիկ գրականութիւն ստեղծած են ո՛չ թէ նիւթական շահեր ապահովելու, ո՛չ թէ անուն ու ճանաչում ձեռք բերելու, այլ հասարակութիւնը կրթելու համար. մինչե՛ւ իսկ սեփական կեանքը վտանգի ենթարկելով: Ի՜նչ հզօր անհատականութիւն կը պահանջէ գաղափարներն ու համոզումները գերիվեր դասել քան սեփական կեանքն ու ազատութիւնը. այդպիսիները իրենց կեանքը զոհ կը դարձնեն իրենց գաղափարին եւ ո՛չ թէ գաղափարը՝ իրենց կեանքին:

Պէտք է կարդալ անցեալը, որպէսզի գիտնանք ու զգանք, թէ ինչ ըսել է ազատութիւնը կորսնցնել. այսօրուան մեր ունեցած ազատութիւնը կորսնցնելէ ետք չէ, որ նոր Խաչիկ Դաշտենցներ, Սեւակներու պէտք պիտի ունենանք։ Երանի՜ մեր ազգը գիտնայ արժէքը այն ազատութեան, որուն երազով կեանքէն յաւերժ հեռացած են բազմատասնեակ ու բազմահարիւր մտաւորականներ ու հայ ազգի տիտաններ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ
(1910-1974)

Մեր թուականէն 48 տարիներ առաջ՝ 9 մարտ 1974-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, բանասէր եւ Գրողներու միութեան անդամ Խաչիկ Դաշտենց (բուն անունով՝ Խաչիկ Տոնոյեան): 

Խաչիկ Դաշտենց ծնած է 25 մայիս 1910-ին, Դաշտադէմ գիւղին մէջ. նախնական կրթութիւնը ստացած է Կիւմրիի ամերիկեան մանկատան եւ ապա տեղի վարժարանէն ներս: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուական կաճառէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1932 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Հոռոմ եւ Սառնաղբիւր գիւղերու դպրոցին մէջ: 

Դաշտենց 1932-1934 թուականներուն աշխատած է «Ավանկարտ» թերթին մէջ, որպէս խմբագրութեան կազմի անդամ. 1940-1941 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս, իսկ 1941-1948 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Պրիւսովի անուան օտար լեզուներու մանկավարժական կաճառէն ներս: Ուսուցչութեան պաշտօն կատարած է նաեւ Հայաստանի Ազգային բազմարուեստեան կաճառէն ներս: Որպէս աւագ գիտաշխատող 1965-1974 թուականներուն աշխատած է Գիտական Ակադեմիայի արուեստի կաճառէն ներս:

Խաչիկ Դաշտենց 1965 թուականին պաշտպանելով «Պայրըն եւ հայրերը» խորագրեալ թեզը՝ արժանացած է Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին:

Դաշտենցի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է բանաստեղծութիւններով, որոնք յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած են Եղիշէ Չարենցին: Անոր բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածուն՝ «Երգերի գիրք»ը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1932 թուականին, որուն յաջորդած են «Գարնանային երգեր», «Տիգրան Մեծ» եւ «Բոց» աշխատութիւնները. «Բոց» աշխատութեան պատճառով Դաշտենց ստիպուած հեռացած է հայրենիքէն եւ մեկնած Մոսկուա, ուր հետեւելով լեզուներու կաճառի դասընթացքներուն՝ ստացած է թարգմանիչի կոչում. այս գիտութեան շնորհիւ Դաշտենց անգլերէնէ թարգմանած է Շէյքսփիրի, ինչպէս նաեւ այլ օտար յայտնիներու բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ են «Յուլիոս Կեսար», «Անսանձ կնոջ սանձահարումը», «Լիր Արքայ» եւ ուրիշներ: Շնորհիւ այս աշխատութիւններուն՝ 1973 թուականին Դաշտենց դարձած է Գերմանիոյ Շէյքսփիրագիտութեան ընկերութեան անդամ:

Դաշտենցի ամենէն յայտնի գործերէն են «Խոդեդան» եւ «Ռանչպարների կանչը» աշխատութիւնները. 1934 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, իսկ 1967 թուականին արժանացած է Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022