ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ՆԱՀԱՊԵՏԻՆ ՇՈՒՆՉՈՎ

Հայրիկ իր աշխատութեան երրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Հայոց Նահապետական ընտանիքին մասին եւ սքանչացումով կը դիտէ անցեալը, մարդիկ «զարգացած» չէին ինչքան այսօր, սակայն իրենց անուս վիճակին շատ աւելի առաքինի, օրինակելի կեանք մը կ՚ապրէին՝ քան մենք նոր սերունդի «ուսեալ»ներս: Հայրիկի կարծիքով, հին ժամանակ մեծագոյն ուսուցիչն ու մարդիկը կրթողը խիղճն էր, երկիւղածութիւնն ու Աստուածապաշտութիւնը, ինչ որ այսօր կը պակսի մեր իրականութեան մէջ: Նահապետական կեանքին մէջ ուսման կարելիութիւնը կը պակսէր, սակայն մարդիկ Աստուածավախութեամբ կը դաստիարակուէին ու կ՚առաջնորդուէին, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ նախանձով կը նայի նահապետներուն, ըսելով. «արդի լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհի որդիքները պէտք է պատկառին նահապետաց պատկառելի շուքէն»: Այս տողերուն դիմաց կ՚արժէ լաւապէս հասկնալ «պատկառիլ» բառի իմաստը։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» աշխատութեան մէջ պատկառիլ բառը կը բացատրուի որպէս «ակնածիլ, քաշուիլ, ամչնալ, խպնիլ»։ Քաղաքակիրթ ժողովուրդը պէտք է պարզապէս ամօթ ունենայ եւ ամչնայ, որ ուսման լոյսը ստանալով հանդերձ չի՛ կրցաւ ըլլալ բարի. նոյնն է պարագան նաեւ այսօր. կը տեսնենք երկու տարեց գիւղացի զոյգեր, որոնք ուսման լոյսէն հեռու ըլլալով հանդերձ համերաշխ կեանք մը կ՚ապրին, մինչ երկու համալսարանաւարտ «զարգացած» երիտասարդներ նոյն յարկին տակ չե՛ն կրնար բնակիլ:

Հայրիկ դարձեալ կը խօսի Նոյի եւ անոր ընտանիքի Աստուածահաճոյ կեանքին մասին եւ զարմանքով հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս նման Աստուածահաճոյ ընտանիքի մը սերունդները քիչ քիչ փոխուելով մոռցան իրենց նախահօր՝ Նոյի Աստուածապաշտութեան երկիւղածութիւնը. պատկերը դարձեալ կը շարունակէ մնալ նոյնը. մեր մեծ հայրերը չունէին այնքան ուսում՝ ինչքան մենք այսօր, սակայն կ՚ապրէին աւելի խաղաղ ու մարդկային կեանք մը:

Խրիմեան Հայրիկ հայկական ընտանիքի կազմութեան հնութիւնը կը հասցնէ մինչեւ Նոյ նահապետ. անոր համոզումով՝ Նոյեան տապանը Արարատ լերան վրայ իջեւանելէ ետք Նոյ մինչեւ իր կեանքին վերջ ապրեցաւ Այրարատեան դաշտի մէջ եւ հոն արդէն սկսան ծիլ տալ հայկական առաջին ընտանիքները. Նոյի միւս որդիները ցրուեցան եւ հեռացան, հասան մինչեւ Բաբելոն եւ արժանացան Տիրոջ պատիժին, սակայն հայ ժողովուրդը զերծ մնաց, որովհետեւ Նոյի մօտ մնալով հայ ժողովուրդը Նոյի դաստիարակութեամբ ու օրինակով հիմնեց իր առաջին ընտանիքը։ Հայրիկի բառերով՝ հայերը «անմասն մնացին Բաբելոնի պատուհասէն, անարատ պահելով հայրենի նախնական լեզուն, կրօն եւ երկիւղած Աստուածապաշտութիւն», որովհետեւ Նոյ կենդանի օրինակ մըն էր հայ ժողովուրդին եւ ընտանիքին համար: Այսպիսով Հայրիկ հայ ժողովուրդի հնութիւնը եւ հայ ընտանիքի առաջին օրինակները կը փորձէ Նոյի ժամանակաշրջանին մէջ տեսնել:

Հայ ժողովուրդին ու անոր զաւակներուն սկզբնական շրջանին մասին խօսելով՝ Խրիմեան կը գրէ. «Նոյին արդարութեան լուսով զինուեցաւ մեր Հայկ նահապետ աշխարհակալ Բէլին դէմ, եւ զայն նշկահելով Բաբիլոնէն կրկին դարձաւ իւր հայրենիքը. եկաւ համբուրեց հինաւուրց ալեւորեալ ծերոյն տապանաշէն աջը. եւ ես կը հաւատամ թէ նորա զօրավիգ օրհնութեամբ զօրանալով, յաղթանակ տնկեց Հայոց ձորին մէջ եւ կործանեց այն հսկայ որսորդը, որ կը խիզախէր Աստուծոյ առաջ եւ եղջիւր կ՚ածէր երկնից դէմ»:

Այսպիսով Հայրիկ հայ ժողովուրդի հնութիւնը կը հասցնէ մինչեւ Նոյ նահապետ. այսինքն Հայրիկի մտածումով՝ Քրիստոսէ չորս հազար տարիներ առաջ հայ ժողովուրդը գոյութիւն ունէր. այդ չորս հազար տարուան ընթացքին բազմահազար ժողովուրդներ կորուստի մատնուեցան, սակայն հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ իր գոյութիւնը պահել: Հայ ժողովուրդը գոյատեւեց, սակայն չյաջողեցաւ մնալ Նոյի ընտանեկան մթնոլորտին մէջ, որովհետեւ օտար ազգերու տիրապետութեան տակ մնալով դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը եւս ազդեցութիւններ կրեց:

«Պարթեւական Արշակունիք, Բագրատունիք, Ասորիք, Պարսիկ, Մարք, Յոյնք, Թաթարք եւ այլ փոքր ու մեծ ազգերը, կոխեցին մեր հայրենեաց հողը. մերթ խառնուեցան ու ձուլուեցան, մերթ տիրեցին ու զօրացան, մերթ գերեցին ու կռփեցին. ո՛վ կը տարակուսի թէ այսքան խառնակութեանց մէջ ոեւիցէ ազգ մի կարող չէ իւր հին ընտանեկան կեանքը ողջ ու անեղծ պահել»։ Այս խօսքերէն կը հասկնանք, որ հայկական առաջին ընտանիքը արդար էր՝ իր նախահօր Նոյի նման, սակայն ժամանակը փոխեց ընտանեկան բարքերն ու համոզումները:

Այս գլխուն մէջ Հայրիկ բողոք մը կը բարձրացնէ հայ պատմիչներու դէմ, դժգոհելով որ անոնք հայ ընտանեկան կեանքն ու բարքերը գրի առնելու փոխարէն ընդհանրապէս խօսած են պատերազմներու:

Այս գլուխին ամենէն յատկանշական ու կարեւոր մասը վերջին բաժինն է, ուր Խրիմեան Հայրիկ կը սկսի խրատ կարդալ հայ ժողովուրդին. խրատ՝ որ մինչեւ օրս կը պահէ իր այժմէականութիւնը. ինչքա՜ն ցանկալի պիտի ըլլար իւրաքանչիւր հայ լսէր Հայրիկի խրատները եւ կեանքի կոչէր.

Հայրիկ կ՚ըսէ.

«Ո՜վ որդիք Հայոց, որ մեր հին Նահապետական տան ժառանգորդ զաւակներն էք. հոն հայրենի տունը կացէք, մի՛ հեռանայք, սիրեցէք Մասիսը, իւր տապան եւ Սուրբ Գրիգորի Կաթուղիկէն. մշակեցէք Նոյի ձեռատունկ այգին՝ Արարատայ դաշտը, մի՛ թողուք յաւիտեան Նահապետական տուն ընտանիքը. դուք Մասիսի հարազատ որդիներն էք, Մասիսը ձեր հայրենի սեպհական տունն է. թող շէն մնայ ձեր տունը, շէն մնայ Նոյի գերդաստանը»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քանի՞ հազար տարուան կեանք ունի Հայաստանը:

Պատասխան. Հայաստանը ունի հին ու հարուստ պատմութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ հազարամեակներ, դարձնելով Հայաստանը աշխարհի հնագոյն շրջաններէն մին. հին ժամանակներու վկայութիւններու համաձայն, Հայկական լեռնաշխարհը գոյութիւն ունէր մեր թուականէն 4 հազար տարիներ առաջ: Տարածաշրջանը տեսած է բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու վերելքն ու անկումը. ինչպէս օրինակ՝ ուրարտական, Պարսկական, Հռոմէական, Բիւզանդական, Արաբական, Օսմանեան կայսրութիւնները, որոնք իրենց հետքը ձգած են հայկական մշակոյթին վրայ: Հակառակ նուաճումներու եւ օտար տիրապետութեան տակ գտնուելուն, Հայաստանը յաջողած է պահպանել իր յստակ ինքնութիւնը, լեզուն եւ աւանդութիւնները: Անոր դարաւոր անցեալին կարելի է վկայել հայ ժողովուրդի տոկունութեան, յաջողելով գոյատեւել որպէս աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024