ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԵՒ ԳՈՎԵԼ
Լրջամիտ մարդոց համար, որոնք իրենց ամբողջ խորհուրդը կը չարչրկեն՝ գիրքի մը կամ գրողի մը իսկական հանգամանքը, եւ ստանձնած կոչումը եւ դերը ցուցադրելու կամ հրապարակելու համար, գնահատումը, իրապէ՛ս շատ դժուարին գործ մը կը հանդիսանայ։
Արդարեւ, վերլուծուած տողերէ եւ անհատական մասնակի միտումներէ ճշգրտութիւն մը, իր յատուկ առումով՝ իմա՛ստ մը կարենալ երեւան բերելու, եւ զայն անաչառօրէն պատկերացնելու համար, լուրջ եւ հմուտ գնահատող մը կը պարտաւորուի յաճախ մոռնալ ինքզինք, ջնջել իր մտածումները, եւ ամբողջովին իր մէջ փոխադրել գնահատումի առարկայ անձին կամ գրուածքին սկզբունքները, գաղափարները, համոզումները, իւրացնել զանոնք օրուան մը, եւ կամ վայրկեանի մը համար, այնուհետեւ միա՛յն կարենալ զանոնք մի առ մի ուսումնասիրել, քննել իրեն սեփական խոր-հըրդածութեան լոյսերով։
Ուստի, գրող մը, գրութիւն մը հասկնալու համար անհրաժե՛շտ է համակրական հասկացողութեամբ մօտենալ անոնց՝ զգալ եւ գիտնալ անոնց հոգեվիճակը, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ գրողին զգացումներով զգալ եւ գրուածքին իսկական իմաստին թափանցել, բան մը որ եթէ ո՛չ անկարելի, բայց բաւական դժուա՛ր է…։
Իսկ ընդհակառակը, անոնց համար, որոնց մէջ լրջութիւնը, խոհականութիւնը եւ զգայնութիւնը գոյութիւն չունի, եւ գաղափարը, խորհուրդը խուսափուկ՝ ակներեւութային եւ մակերեսային, կարճատես լուսարձակներով հազիւ կը լուսաւորէ ուղեղին խորշերը՝ գնահատումը ամենէն դիւրին սեռն է գրականութեան։ Արդարեւ, ճշմարիտ գնահատողը պէտք է ունենայ նուազագոյն մտային եւ զգացողական մակարդակ մը՝ գոնէ գնահատել փորձած գրողին մտային եւ զգացողական մակարդակին համահաւասար, որպէսզի արդար գնահատում մը, լուրջ գնահատում մը կարենայ կատարել։ Այս մտային եւ զգացողական մակարդակը անհրաժեշտ է նաեւ քննադատութեան պարագային։ Անհիմն, կամայական եւ քմահաճոյքի հետեւանքով կատարուած գնահատանքը եւ քննադատութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, եւ հեռո՛ւ է լուրջ եւ անկեղծ գնահատանք մը կամ քննադատութիւն մը ըլլալէ։
Գնահատանքն ալ, քննադատութիւնն ալ հեռո՛ւ ըլլալու է ամէն ենթակայական մտածումներէ, յետին նպատակներէ, այլ ըլլալու է առարկայական եւ արդա՛ր։
Հոս պէտք է յիշել նաեւ, թէ՝ «գնահատում» չի՛ նշանակեր «գովել»։ Անձի մը կամ գործի մը իրական գնահատումը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդկութեան մէջ ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ խնդրոյ առարկայ անհատը կամ գործը։ Եւ թէ գրականութեան մէջ ի՛նչ կ՚արժէ քննադատութեան ենթարկուած գրական գործը եւ կամ որեւէ գրութիւն՝ որ գաղափար մը, իմաստ մը, նպատակ մը կ՚արտայայտէ։
Հաւաքական կեանքի մէջ ամէն ձեռնարկ իր յատուկ գնահատողները ունի։
Շուկան, զոր օրինակ, «գնահատող»ներու դասակարգ մը ունի ինքն իր մէջ, առեւտը-րական իւրաքանչիւր ճիւղի համար, որուն միակ գործն է գնողին հաշւոյն գնահատել ապրանքները՝ դիւրացնելու համար վաճառականական գործը, եւ կատարուած ձեռնարկները փրկելու խարդախութիւններու, զեղծումներու վտանգէն։
Եւ եթէ գտնուին «գնահատող»ներ՝ որոնք մերթ չարաչար կը գործածեն յաճախորդներու կողմէ յայտնուած վստահութիւնը, այդ զեղծանումը պատճառ մը չէ՛, որ մենք գէշ աչքով նայինք բո՛ւն իսկ գնահատելու անհրաժեշտ սկզբունքին, եւ գնահատողներու փորձ կարողութեանը վրայ։
Արդարեւ, յաւիտենական եւ անայլելի ճշմարտութիւն մըն է այն սկզբունքը, թէ՝ «զեղծումը եղծում չի՛ նշանակեր երբեք»։
Գրական ասպարէզի մէջ եթէ նկատի ունենանք գնահատումի պարագան, գրական ասպարէզը միա՛կն է իր տեսակին մէջ՝ ուր գնահատողի համար որեւէ պայման գոյութիւն չունի բնաւ։ Ուստի, օտար գրականութիւնները, հազիւ թէ մատի վրայ կը համրեն իրենց անաչառ-արդար գնահատողները, որոնք կատարելապէս ձեռնհասութիւնը եւ հմտութիւնը ունեցած ըլլան իրենց կոչումը արդարացնելու համար։
Արդարեւ, հազարաւո՜րներ «կարծիք» միա՛յն կրնան յայտնել, բայց անոնք, կարծիքը երբեք չեն շփոթեր իրական «գնահատում»ին հետ։ Անշուշտ նո՛յնն է պարագան քննադատութեան նկատմամբ։
Սակայն, ընդհանրապէս, կը տեսնուի, որ ամէն կարծիք իր կշիռը կը թուի ունեցած ըլլալ անձերու կամ գործերու դատաստանին մէջ։ Բայց կը մոռցուի, թէ «կարծիք» եւ «գնահատում» ո՜րքան կը տարբերին իրարմէ։ Ուստի «կարծիք»ը անհատական՝ ենթակայական համոզում մըն է. կանխակալութեամբ կամ զանազան պատճառ եւ նկատումներով ձեւուած, կազմաւորուած, մինչ գնահատումը, ուղղակի՛ կապ ունի խնդրոյ առարկայ նիւթին կամ անձին բնութեանը, նկարագրին, կշիռին եւ արժէքին հետ, եւ ա՛յդ գործին կամ անձին՝ գրուածքին կամ գրողին իսկական արժէքին նկատառման մէջն է իր գոյութեան ալ իրաւո՛ւնքը։ Եւ, դարձեալ, կը տեսնուի, որ կը գտնուին բազմաթիւ գնահատողներ, որեւէ գործ, ոեւէ անձ։
Գնահատողներու թիւը շատ է, քանի որ, ընդհանրապէս, «կարծիք» եւ «գնահատում» գրեթէ նոյնացած, գոնէ մերձիմաստ բառեր կը համարուին, եւ որոշապէ՛ս, այս է պատճառը, որ «գնահատող»ի դիրք ունեցողներու թիւը բարձր է։
Ահաւասիկ, այդ «մոլորեցուցիչ» շփոթութիւնը իրաւունք եւ իրաւասութիւն է տուած անփորձներու եւ անտեղեակներու, իբրեւ «գնահատող» կամ «քննադատ» ներկայանան՝ անփորձ եւ անտեղեակ բազմութեան մը առջեւ՝ ինքզինք անոր ունկնդրել տալու եւ վստահութիւնը շահելու համար…։
Անձի մը կամ գործի մը մասին իրենց յայտնած «կարծիք»ը եւ ո՛չ «գնահատում»ը արդարացնող պատճառներ փնտռուէր անոնց մօտ, ապահովաբար, անոնք բացարձակապէս պիտի անճրկէին, եւ իրենք զիրենք անզօր եւ անկարող պիտի զգային, ո՛չ միայն իրենց գնահատումին, այլեւ իրենց յայտնել փորձած կարծիքին մէջ եւ պիտի չկարենային ընել իրենց կարծիքին պաշտպանութիւնը։
Այդ կեղծ եւ ինքնակոչ «գնահատող»ները՝ որոնք տհաս եւ անհիմն կարծիքներ միայն ունին, իրենց բովանդակ գոյութիւնը կը պարտին մի միա՛յն սա ցաւալի իրողութեան՝ որուն համեմատ ո՛չ օրագրութիւնը եւ ո՛չ ալ հանրութիւնը կը փորձուին հարցնել այնպիսիներուն թէ՝ ի՞նչ հիմերու եւ արդարացուցիչ պատճառներու վրայ են դրուած իրենց «կարծիք»ները։ Եւ եթէ այդ անողոք հարցումը խնայուի իրենց, հանրութեան կամ ենթականերու կողմէ, ցաւալի՜ «մնջկատակութեան» մը հանդիսատեսը կ՚ըլլան անոնք, որոնք քիչ կամ շատ խորապէս կ՚ըմբռնեն յայտնուած կարծիքներու ողորմելիութիւնը…։
Բայց ա՛լ աւելի ցաւալի իրողութիւն մըն ալ եթէ կայ, այն ալ սա է, թէ այդ անձեռնհաս, անփորձ գնահատողներն ալ ինքն իրենց կը խնայեն այդ հարցումը, իրենք զիրենք ապահով կը զգան երեւակայական փաստարկումին մէջ, եւ երբ հարցում մը զիրենք հետապնդէ, իրենք սահմռկած կը մնան, կ՚անճրկին իրենք զիրենք արդարացնել եւ կը թողուն, որ արգահատին իրենց վրայ։
Պարզ ենթադրութիւն մը չէ այս բոլորը, որ կը ներկայացուի, եւ շատ անգամներ առիթը կը ներկայանայ հանդիսատես ըլլալու մեծխօսիկ, ինքնահաւան, մեծամիտ եւ գոռո՛զ անձերու այդօրինակ անճարակութիւններուն, մոլորութիւններուն…։
Ուստի, կարծիք յայտնելու համար, կարծիք յայտնուած անձին կամ գործին մասին պայման է՝ նախ ունենալ տեղեկութիւն, ծանօթութիւն, գիտութիւն եւ անպայմա՛ն փորձառութիւն, ապա թէ ոչ «կարծիք յայտնող»ը կը շարունակէ «սանդին մէջ ջուր միա՛յն ծեծել» եւ ժամանակը վատնել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 3, 2018, Իսթանպուլ