ԽԱՒԱՐԱՄԻՏՆԵՐՆ ՈՒ ԲԱՑՄԻՏԵՐԸ

Վերջերս անձ մը իր անբարոյական եւ միասեռականութեան հանդէպ հակումները քօղարկելու համար սիրտնեղած կ՚ըսէր, թէ «այս ընկերութիւնը որուն մէջ կ՚ապրինք, «օփըն մայնտըտ» (open-minded) չէ. բոլորն ալ հին գլուխներ են»: Հիացմունքով կը խօսէր այն բացմտութեան մասին, որ ունէին եւրոպացիք եւ ամերիկացիք (կարեւորութիւն չունի անշուշտ, որ ինք երբեւէ այցելած չէ այդ երկիրները). ինչպէ՞ս չսքանչանար երբ աջէն-ձախէն լսած էր, որ այդտեղ նոյնիսկ... փողոցներուն վրայ կ՚ընեն:

Այս բոլորը պատճառ եղաւ, որ լրջօրէն մտածեմ բացմտութեան եւ խաւարամտութեան մասին. այս երկուքը այնպիսի սահմանումներ են, որոնց «տէր»երը կը շարունակեն մնալ անորոշ. վերոյիշեալ «բացմիտ»ը խաւարամիտ կը կոչէ իր բացմտութեան դէմ եղողները, իսկ այդ խաւարամիտները փոխադարձ իրենք զիրենք բացմիտ մարդու տեղ դնելով խաւարամտութիւն կը կոչեն այդ բացմտութիւնը, որ իրենց համար անբարոյական կիրքերը բացայայտօրէն կատարել փորձելէ տարբեր բան մը չի թուիր ըլլալ:

Բացայայտօրէն խաւարամիտ մը եւ բացմիտ մը կայ, սակայն ո՛վ է, յստակ չէ տակաւին եւ հաւանաբար երբեք ալ յստակ չըլլայ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս գեղեցկութիւնը, նոյնպէս բացմտութիւնը յարաբերական է եւ իր մէջ ունի մէկէ աւելի բաժանումներ։

Իրականութեան մէջ վերոյիշեալ երկու խաւն ալ բացմիտ մարդիկ չեն, որովհետեւ բացմտութիւնը ընդունիլ է այնպէս՝ ինչպէս կայ: Այս պարագային բացմտութիւնը այն է, երբ առաջինը ընդունի երկրորդներուն «խաւարամտութիւն»ը, իսկ «խաւարամիտները» ընդունին առաջինին բացմտութիւնը. միակողմանի զիջումէ մը աւելի երկկողմանի ճշմարտութիւն մըն է:

Ներկայ ընկերութեան մէջ ծնողներու մեծագոյն մտահոգութիւններէն մին այդ երկուքին միջեւ միջին մը գտնելու փորձն է, որովհետեւ եթէ երեւոյթ մը խստիւ արգիլէ՝ կրնայ խաւարամտութեան, իսկ արտօնելու պարագային՝ կործանման տանի իր զաւակը. երկու պարագաներուն ալ կորուստը անխուսափելի է, որովհետեւ ընկերութեան մէջ թէ՛ ծայրայեղ խաւարամիտը պիտի վարկաբեկուի եւ թէ՛ ծայրայեղ բացմտութիւնը: Այսօր ականատես կ՚ըլլանք, որ Քրիստոնէական օրէնքներով ու պահպանողական բոլոր ապահովութիւններով մեծցած պատանիներ ու մանուկներ ընկերութեան մէջ կ՚ունենան որոշ խնդիրներ:

Ցաւ ի սիրտ, հակառակ յառաջդիմութեան, մանկավարժութիւնը տակաւին չի կրնար յստակ ու վերջնական մեթոտներ կիրառել այս անդունդին միջեւ կամուրջ մը կազմելու համար:

Արդի մանկավարժներէն շատեր կը պնդեն, որ պէտք է մանուկը մեծցնել, համոզելով որ միասեռականութիւնը այնքան ալ «վատ» բան մը չէ (մեր հին խմբագիրները ու մանկավարժները ողջ ըլլային ու տեսնէին նման նիւթ մը Հայկական մամուլի մէջ...):

Արդի մանկավարժութիւնը (մանաւանդ զարգացած երկիրներու մէջ) կը քարոզէ, որ մանուկին ծնած պահէն պէտք է սկսիլ սորվեցնել միասեռականութեան գաղափարը, որպէսզի մանուկը ապագային թշնամութեամբ չլեցուի եւ պարզութեամբ ընդունի այդ երեւոյթը (եղեր...):

Հաւանաբար անհաւատալի թուի. երկու տարիներ առաջ՝ 2020 թուականի սեպտեմբերին Ամերիկայի Ուիլեըմս կաճառի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութուն ունին աւելի քան 1,994,000 անչափահաս միասեռականներ (13-17 տարեկան): Տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ միասեռականներու ամուսնութիւնը պաշտօնականացնելու համար հեռատեսիլներէն ցուցադրուեցաւ ծանուցում մը, ուր փոքր աղջիկ մը դպրոցէն տուն գալով մօրը հետ հետեւեալ խօսակցութիւնը կ՚ունենար.

ԱՂՋԻԿ.- Մայրիկ, գիտե՞ս այսօր ինչ սորվեցանք դպրոցին մէջ:

ՄԱՅՐ.- Ի՞նչ սորվեցար աղջիկս:

ԱՂՋԻԿ.- Սորվեցանք, որ ինչպէս իշխանը ամուսնացած է իշխանի հետ. հետեւաբար ես ալ օր մը կրնամ ամուսնանալ իշխանուհիի հետ:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր «զարգացած» ըլլալու տպաւորութիւնը ձգելու համար կամաց կամաց մեր կրթական համակարգէն ներս եւս կը սկսին մուտք գործել նման «ծանուցում»ներ, որովհետեւ այսօր դպրոցներուն մէջ հայը հայ մեծցնելու ջանքէն աւելի հայ աշակերտը «զարգացած» ու «բացմիտ» մեծցնելու ցանկութիւնն ու ջանքը կայ:

Այսօր փորձեցէք մօտէն հետեւիլ նոր սերունդին հետաքրքրութիւններուն... հայկական գրեթէ ոչինչ կայ այդտեղ. այսօրուան հայ պատանին ու երիտասարդը կը փորձէ ամերիկեանն ու եւրոպականը ընդօրինակել, որովհետեւ այդ մէկը բացմիտ, իսկ մերինը՝ հայկականը ժամանակավրէպ կը նկատէ:

Այս բոլորը կը գրենք, որովհետեւ մեր աչքերուն առջեւ կամաց կամաց կը գծուի այն անխուսափելի պատկերը, ինչ որ այսօր Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ. իւրաքանչիւր սերունդ իր հետ բացմտութեան նոր քայլ մը պիտի բերէ եւ այդ բոլորին դիմաց մենք անկարող ենք պայքարիլ ո՛չ կրօնական գիտելիքներով, ո՛չ կրթական ծրագիրով եւ ո՛չ ալ այլ ուղղութիւններով:

Պարզապէս հոգեվարքի մէջ եղող հիւանդը իր ողջութեան պէտք է բուժել.... այլապէս կրնայ շա՜տ ուշ ըլլալ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԻՎԱՆ
(1899-1960)

Մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ՝ 9 յունիս 1960-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, արձակագիր, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Վիվան (բուն անունով՝ Անուշաւան Ճիտէճեան):

Վիվան ծնած է 15 ապրիլ 1899-ին Վանի մէջ: Գրողը իր գրական գործունէութեան ժամանակ գործածած է Վիվան անունը, որ ֆրանսերէն «վի» բառին (որ կը նշանակէ «կեցցէ՛») եւ իր ծննդավայր Վանի միացումն է:

Արձակագիրը նախնական կրթութիւնը ստացած է Վանի Երեմեան վարժարանէն ներս, ապա ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1917 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է Երեւանի մէջ, ապա մեկնած է Թիֆլիզ: Որոշ ժամանակ Թիֆլիզ մնալէ ետք մեկնած է Փարիզ, իր ուսումը շարունակելու Սորպոնի համալսարանէն ներս:

Փարիզ գտնուած միջոցին՝ 1925-1932 տարիներուն Վիվան խմբագրած եւ հրատարակած է «Բանուոր Փարիզ», «Երեւան», «Բանուոր», «Վերելք», «Մեր ուղին», «Դարբնոց» եւ «Արշաւ» պարբերականները: Փարիզի մէջ ունեցած գործունէութենէն ետք 1933 թուականին վերադարձած է Հայաստան, ուր աշխատակցած է «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթին. որոշ ժամանակ աշխատած է նաեւ հրատարակչական ընկերութիւններէ ներս. 1945-1947 թուականներուն աշխատած է Երեւանի Ալեքսանդր Միասնիկեանի անուան հանրապետական գրադարանէն ներս: Ապա 1948-1953 թուականներուն ստանձնած է Խաչատուր Աբովեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը:

Վիվանի առաջին աշխատութիւնը՝ «Յովակին ժպիտը» աշխատութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 1935 թուականին:

Ստեղծագործական աշխատանքի կողքին, Վիվան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք. հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի գրող Անտրէ Ստիլի «Առաջին հարուածը», ֆրանսացի գրող Օնորէ տը Պալզաքի «Հայ Գորիօ» աշխատութիւնն ու ուրիշներ:

Վիվան 1934 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022