ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Օրհնութիւն»ը՝ աստուածային կենսաբաշխ արարք մըն է, որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն խօսք է եւ պարգե՛ւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով։ Արդարեւ, սկիզբէն մինչեւ ժամանակներուս վերջը, Աստուծոյ ամբողջ կատարածը «օրհնութիւն» է։
Մարգարէաշունչ հեղինակները, սկսեալ առաջին արաչագործութեան ծիսական տաղերգութենէն մինչեւ երկնային Երուսաղէմի օրհներգները, կ՚աւետեն «փրկութեան ծրագիր»ը իբր աստուածային անհուն, անսահման «օրհնութիւն» մը…
«Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ օրհնեց մեզ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով ի Քրիստոս՝ երկինքի մէջ։ Աշխարհի հաստատութենէն առաջ Աստուած մեզ ընտրեց Քրիստոսի միջոցով, որպէսզի ըլլանք Իր առջեւ սուրբ եւ անարատ սիրոյ մէջ։ Նախասահմանեց մեզ Իր որդեգրութեան Յիսուս Քրիստոսով։ Այս եղաւ հաճութիւնը Անոր կամքին, ի գովութիւն Իր շնորհքի փառքին, զոր Ինք պարգեւեց մեզի Իր Սիրելիով». (ԵՓՍ. Ա 3-6), կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ։
Ուստի, Աստուած սկիզբէն կ՚օրհնէ բոլոր կենդանի էակները եւ մասնաւորապէս այր-մարդը եւ կին-մարդը։ Նոյի եւ բոլոր շնչաւոր էակներուն հետ կնքուած ուխտը կը վերանորոգէ բեղմնաւորութեան այս օրհնութիւնը, հակառակ մարդուն գործած մեղքին, որ երկիրը «անիծեալ» դարձուց։ Բայց Աբրահամով՝ աստուածային օրհնութիւնը կրկին կը ներթափանցէ մարդոց պատմութիւնը՝ որ դէպի մահ կ՚երթար եւ զայն վերստին կ՚ուղղէ դէպի անոր ակնաղբիւրը եղող կեանքը. փրկութեան պատմութիւնը կը սկզբնաւորուի օրհնութիւնը ընկալող «հաւատացեալներուն Հօր» հաւատքով։ Արդարեւ, աստուածային օրհնութիւնները բազմաթիւ եւ բազմատեսակ են։
Աստուածային օրհնութիւնները երեւան կու գան փրկաւէտ եւ զարմանահրաշ իրադարձութիւններով. ինչպէս՝ Իսահակի ծնունդը, Եգիպտոսէն ելքը (Զատիկ եւ Ելք), խոստացուած Երկրին պարգեւը, Դաւիթին ընտրութիւնը, Աստուծոյ ներկայութիւնը տաճարին մէջ, մաքրաքաւիչ պանդխտութիւնը եւ «փոքր Մնացորդ»ին վերադարձը։ Ուստի, «Ընտրեալ Ժողովուրդ»ին ծիսակատարումին հիւսքը կազմող Օրէնքը, Մարգարէները եւ Սաղմոսները աստուածային սոյն օրհնութիւնները կը վերյիշեցնեն, միանգամայն եւ գովաբանութեան եւ գոհաբանութեան օրհնաբանութիւններով կը փոխադարձեն անոնց։
Աստուածային օրհնութիւնը լիովին յայտնուած եւ հաղորդուած է Եկեղեցւոյ ծիսակատարումին մէջ։ Անով Հայրը կը դաւանուի եւ կը պաշտուի իբրեւ Ակնաղբիւրը եւ Վախճանը արարչութեան եւ փրկութեան բոլոր օրհնութիւններուն։ Մեզի համար մարդացեալ, խաչեալ, մեռեալ եւ յարուցեալ Իր Բանով, Հայրը կը լիացնէ մեզ Իր օրհնութիւններով եւ Բանին միջոցով կը սփռէ մեր սիրտերուն մէջ բոլոր պարգեւները բովանդակող Պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին։ Այսպէս, ուրեմն, քրիստոնեայ ծիսակատարումին կրկնակի տարողութիւնը կ՚ըմբռնենք իբրեւ հաւատքի եւ սիրոյ պատասխան այն «հոգեւոր օրհնութիւններուն», զորս Հայրը կը շնորհէ մեզի։
Մէկ կողմէն Եկեղեցին իր Տիրոջ հետ միութեամբ եւ «ներգործութեամբ Սուրբ Հոգիին». (ՂՈՒԿ. Ժ 21) կ՚օրհնէ Հայրը «Իր անպատում Պարգեւին համար». (Բ ԿՈՐՆ. Թ 15) Անոր երկրպագելով, օրհնաբանելով եւ գոհաբանելով։
Միւս կողմէն, Եկեղեցին չի դադրիր մինչեւ լրումն Աստուծոյ ծրագրին ընծայելէ Հօր «Իր պարգեւներուն ընծան» եւ պաղատելէ, որ առաքէ ընծային վրայ, ինչպէս նաեւ իր եւ հաւատացեալներուն եւ ամբողջ աշխարհին վրայ Սուրբ Հոգին, որպէսզի այս աստուածային օրհնութիւնները Քրիստոս-Քահանային մահուան եւ յարութեան հաղորդութեամբ եւ Հոգիին զօրութեամբ, բերեն կեանքի պտուղներ «ի գովաբանութիւն Անոր շնորհքի փառքին. (ԵՓՍ. Ա 6)։
Եկեղեցւոյ ծիսակատարումին մէջ Քրիստոս կ՚իմաստաւորէ եւ կ՚արդիւնագործէ գլխաւորաբար Իր զատկական խորհուրդը։
Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Յիսուս Իր զատկական խորհուրդը կ՚աւետէր Իր ուսուցումով եւ կը նախորդէր Իր արարքներով եւ Իր իսկ տիպարով։ Արդարեւ, Յարուցեալ Քրիստոս՝ առաքեալներուն տալով Սուրբ Հոգին, սրբացումի Իր իշխանութիւնը այսպէս (ՅՈՎՀ. Ի 21-23) կը յանձնէ անոնց։ Անոնք այսպէս Քրիստոսի խորհրդենական նշանները կը հանդիսանան։
Աստուած օրհնութի՛ւնն իսկ է. օրհնութեան ակն ու աղբիւրը. երանի՜ անոնց որ կ՚անդրադառնան այս աղբիւրին՝ մշտահոս եւ անհատնում…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 8 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/25/2025
- 04/25/2025