ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՊԱՅՔԱՐԸ
Պետութիւններ իրենց մեծագոյն թշնամիներէն աւելի կը վախնան իրենց սեփական ազգի երիտասարդութենէն՝ մանաւանդ ուսանողութենէն, որովհետեւ ազգի մը, պետութեան մը ճակատագիրը իր երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն ձեռքերուն մէջ կը մնայ: Պատմիչներ կը հաւատան, որ դարերու ընթացքին, մարդկային պատմութեան մեծագոյն յեղափոխութիւնները կատարուած են երիտասարդներու կողմէ:
Այնպէս մը չկարծուի, որ հայ ժողովուրդը չէ ունեցած նման երիտասարդներ. Խորհրդային Միութեան տարիներուն, երբ տակաւին արգիլուած էր ազգայնութեան մասին խօսիլ, հայ ուսանողներ էին որ առաջին անգամ որոշեցին ոգեկոչել հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը. անոր ահաւոր վտանգները գիտնալով հանդերձ անոնք որոշեցին դուրս գալ հրապարակ, ազատօրէն վեր առնել իրենց ազգային արժէքները եւ խստապահանջ Խորհրդային Միութիւնը անգամ չկրցաւ դէմ կենալ անոնց պայքարին, որովհետեւ հսկայական բանակ մը զսպելը աւելի դիւրին է՝ քան ոտքի կանգնող երիտասարդութիւն մը:
Նոյնը ապրեցանք մի քանի տարիներ առաջ, երբ ամբողջ երիտասարդութիւն մը ոտքի ելաւ նախկին իշխանութիւններու դէմ եւ անկարելին դարձուց կարելի՝ անոնց հրաժարականը պահանջելով:
Այդ երիտասարդներու անխորտակելի ուժն է, որ կրնայ ազգի մը մէջ բարեփոխել բոլոր յոռի երեւոյթները, սակայն պետութիւններ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն խեղդելու համար այդ ուժը. կը փորձեն մեկուսացնել երիտասարդութիւնը, անոնց ուշադրութիւնը այլ ուղղութիւններու տանիլ, սակայն ուժը կը շարունակէ մնալ ուժ:
Երիտասարդներու յեղափոխութեան ուժը նոր չէ. դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած է ան. Գրիգոր Զօհրապն է գրողը.- «ուսանողն` ամէն բանի փափաքող ու ամէն բանէ զուրկ՝ հեգնող ու դժգոհ անձնաւորութիւն մ՚է». այս մէկը յոռետես արտայայտութիւն մը չէ, որովհետեւ մեզի մի՛շտ ալ պէտք են փափաքող, ուզող, պայքարող, դժգոհող երիտասարդներ, որովհետեւ հոն ուր չկայ պահանջ, հոն ուր չկայ դժգոհութիւն՝ կայ անհետացող սերունդի մը սարսափելի պատկերը: Երիտասարդները պարտին դժգոհիլ, որովհետեւ այդ դժգոհութիւնն է, որ երեւոյթ մը պիտի առաջնորդէ սրբագրումի եւ բիւրեղացման. այդ դժգոհութեան լոյսին տակ է, որ պիտի ծնին փոփոխութիւններ՝ որոնք ոչ թէ միայն իրենց, այլ ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ ապագայ սերունդներուն վրայ:
Երիտասարդներու մօտ միշտ ալ հակամարտութիւնը եւ յեղափոխութեան շունչը գոյութիւն ունի. անոնց պայքարը հիմնական երկու կէտերու կարելի է բաժնել.
Ա.- Սերունդներու հակամարտութիւն.- Հինը նորով փոխարինելու արուեստն է այս հակամարտութիւնը։ Երիտասարդներու յեղափոխութեան հիմնական սկզբնաղբիւրը հին սերունդին որդեգրած ու ընդունած մէկ երեւոյթը կ՚ըլլայ, որովհետեւ նորը չի հանդուրժեր այն բաներուն՝ որուն հինը կը հանդուրժէր եւ այդ սերունդներու մտային տարբերութեան պայքարն է, որ կը մղեն մեր երիտասարդները: Այդ փոփոխութիւնները թէեւ յաճախ «բարեփոխութիւն» անուան տակ կու գան, սակայն շատ անգամ կրնան ամբողջութեամբ հակառակ ըլլալ, որովհետեւ այդ «բարեփոխութիւն»ը եւս ունի իր տարբեր ճիւղաւորումներն ու ըմբռնումի ձեւերը:
Բ.- Ներսերունդեան հակամարտութիւն.- Հին սերունդին հետ հակամարտելու կողքին երիտասարդութիւնը հակամարտութիւն կ՚ունենայ իր իսկ սերունդին հետ, որուն հիմնական պատճառը զանազանութենէն սկիզբ կ՚առնէ: Նոյն տարիքին ու սերունդին պատկանող երկու ուսանողներ այսօր կրնան ամբողջութեամբ հակառակ կարծիքներ ունենալ. մէկուն համար վատը միւսին համար լաւ, իսկ լաւը՝ վատ կրնայ թուիլ եւ այդ հակառակութիւնն է, որ կը ստեղծէ քաղաքական պայքար: Այս պայքարը եւս անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր ազգի համար, որովհետեւ կշիռքը արժէք կ՚ունենայ, երբ երկու կողմերը ծանրաբեռնուին. կարելի չէ գտնել ազգ մը, որուն երիտասարդները ամբողջութեամբ համամիտ ու միակամ ըլլան. պատմութիւնը կը փաստէ, որ հոն ուր կայ ամբողջական միակամութիւն՝ անպատճառ այդտեղ կը տիրէ բռնատիրութիւն մը, որովհետեւ երիտասարդի մը չդժգոհիլը ճահճանալու նման դժբախտ երեւոյթ մը կը պարզէ մեր դիմաց:
Երիտասարդներու պայքարը պարզապէս իրաւունքի պայքար մըն է, քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ կրթական հարթակներու շուրջ. եթէ այսօր Եւրոպայով կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վիճակով կը սքանչանանք, վստահ եղէք, որ այդ բոլորին պատճառը դարձեալ իրենց երիտասարդութիւնն է. 1850-1950 թուականներուն անոնց երիտասարդութիւնը պայքարեցաւ ստեղծելու համար մերօրեայ Եւրոպան ու Ամերիկան: Անոնց լոյսին տակ հարցը կու գայ մերոնց. մեր երիտասարդները ի՞նչ կ՚ընեն իրենց ներկայ պայքարով ապագայ սերունդին համար ստեղծելու համար սքանչելի Հայաստան մը:
Մեր երիտասարդները պէտք է գիտնան, որ անոնց պայքարին մէջ իրենք ցանողը պիտի ըլլան՝ որպէսզի ուրիշը հնձէ. այդ իսկ պատճառով երիտասարդական պայքարը եսասէր պայքարէ մը աւելի ազգի մը ճակատագիրն է, որ կ՚որոշէ:
Ցաւով պէտք է ընդունիլ, որ մենք այսօր անտարբերութեամբ կը նայինք այն երիտասարդութեան՝ որոնց վրայ պէտք է ըլլայ մեր յոյսն ու ապագան: Պարզապէս անտարբերութիւն է մեր մէջ մեր ազգի երիտասարդութեան նկատմամբ, որոնք ունին ուժը՝ սակայն չունին այդ ուժին գիտակցութիւնը: Անոնք իրենց ուժով եթէ ուզեն Եւրոպա երթալու փոխարէն կրնան Եւրոպա մը ստեղծել այստեղ՝ մայր հողի վրայ, պարզապէս պայքարի ոգիով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -264-
Մի քանի օրեր առաջ երիտասարդի մը հետ խօսակցութիւն ունեցայ. նիւթը գնաց գիրքերու մասին: Երիտասարդը յայտնեց, թէ գիրք կարդալ շատ կը սիրէ։ Առաջարկեցի մի քանի հրաշալի գիրքերու անուններ տալ, որպէսզի կարդայ: Պատասխանը խոցելի էր. «Ես հայերէն գիրք չեմ կարդար»: Անոր օրինակով բազմաթիւ են անոնք, որոնք «հայերէն երգ չեմ լսեր», «Հայկական թատրոնի չեմ երթար» ու ի՛նչ որ հայկական է դէմ կ՚արտայայտուի:
Պայքարի ոգի ունեցող երիտասարդութիւն մը կ՚ուզենք, սակայն ակամայ հայատեաց երիտասարդներ կ՚ունենանք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/25/2025
- 04/25/2025