ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՎԻՇՏԸ
Առանձնութիւնը մարդկային վիճակ մըն է, որ ցա՛ւ կը պատճառէ ենթակային, մանաւանդ երբ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ հասած եւ տարիներ վայելած է այդ երջանկութիւնը։ Թէեւ «առանձին ըլլալ» նախընտրելի է բոլորովին «մինակ» ըլլալու, բայց մարդ էակը որպէս «ընկերային արարած», միշտ կարիքը ունեցած է «ուրիշ»ի մը, որուն ամենէն ապահով միջավայրն է եւ յարմարագոյն տեղը՝ ընտանի՛քը։ Մարդ ընտանիքի մէջ է, որ ինքզինք ապահով կը զգայ, երջանիկ է եւ ուրա՛խ։
Ըսինք, թէ նախընտրելի է «առանձնութիւն»ը քան «մինակ» ըլլալ։ Թէեւ մերձիմաստ են առանձնութիւնը եւ մինակ ըլլալը, բայց ներքին իմաստով կը տարբերին իրարմէ, «առանձին» մարդը գիտակցութիւնը ունի իր անձին, ներհայեցողութեամբ իր «Ես»ին հետ է, եւ կերպով մը իր արտաքին աշխարհը միացուցած է իր ներաշխարհին հետ եւ այդ իմաստով «մինակ» չէ՛։
Իսկ «մինակ» զգալ ինքզինք, կարծես պարապութեան մը մէջ զգալ կը նշանակէ, ուր ո՛չ ոք կայ իր շուրջը եւ մինչեւ իսկ ան օտար է ինքն իրեն, իր «Ես»ին եւ իր անձին։ Այս իմաստով «մինակ» մարդը ոչնչութեան մէջ է՝ կորսնցուցած է նաեւ ինքզինք, մէկ խօսքով «մինա՛կ» է…։
Առանձնութիւնը աւելի՛ զգալի կը դառնայ ճաշասեղանի մը շուրջ, երբ մարդ չունի մէկը իր քով՝ որ բաժնէ իր հացը, ընկերանայ իրեն ճաշի ընթացքին, եւ իրապէ՛ս «մինակ» է այն անձը, որ «առանձին» է սեղանին շուրջ։
Արդարեւ, ճաշասեղանը մարդուս ամենէն ապահով տեղն է, հոն՝ ո՛ւր գիտէ որ հացէն իրեն ալ բաժին մը կայ, հոն՝ ո՛ւր հացը բաժնելու երջանկութիւնը ունի։
Սեղանին վրայ «հաց» կայ, բայց այդ հացը բաժնելիք մէկը չկա՛յ… ահաւասի՛կ առանձնութեան ցաւը, վիշտը այդ պահուն է, որ կը զգայ մարդ։ Եւ այդ պահուն նաեւ կը զգայ, թէ ո՜րքան կարեւոր է «տալ»ը քան «առնել»ը։ Ո՜րքան հաճելի է բաժնելը քան ամբողջովին տէր ըլլալը… տալը, բաժնելը, մասնակից ունենալը ի՜նչ մեծ երջանկութիւն է, եւ ի՜նչ հակասութիւն, որ մարդ այդ երջանկութիւնը կը զգայ առանձնութեան մէջ՝ դժբախտ եւ վշտալի՜ վիճակի մը մէջ։
Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր գրութիւններէն մէկուն մէջ անդրադառնալով «առանձնութեան» սապէս կը գրէ.
«Առանձի՛ն են անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց ծնողքը, ազգականները ու սիրելիները, հարկադրուած են կեանքի նոր վիճակի ու պայմաններու, բայց անատակ կը մնան այդ պատշաճումին։ Կերպով մը, կը խզուին նոյնիսկ, իրե՛նք իրենցմէ, իրենց իսկ անձերէն կը հեռանան, կը մեկուսանան, չե՛ն ուզեր իրենց անձերուն հետ դէմ յանդիման գալ, գլուխ գլխի մնալ…»։
Ահաւասիկ, այստեղ կը տեսնուի «առանձնութեան» եւ «մինակ ըլլալ»ու տարբերութիւնը. մարդ մինակ է, երբ իր առանձնութեան մէջ կը կորսնցնէ ինքզինք։
Արդարեւ, երջանիկ է այն՝ որ կ՚անդրադառնայ իր «ներքին մարդ»ուն, կ՚անդրադառնայ իր «Ես»ին եւ իր ներքին մարդուն մէջ կ՚ընդունի եւ կ՚ապրեցնէ իր սիրելիները։
Բայց ինչ որ ալ ըլլայ մարդ ընկերային արարած մըն է, ան ստեղծուած է իր նմաններուն հետ միասնաբար ապրելու, օգնելու, օգնութիւն ստանալու, խօսելու, խորհրդակցելու, ունեցածը բաժնելու եւ տալու երջանկութիւնը վայելելու։ Մարդուս ամենէն ազնիւ զգացումն է սէ՛րը, բայց եթէ ան չունի մէկը, որ բաժնէ սէրը, այլապէս ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ սէրը, եթէ չկայ մէկը իր շուրջը, ի՞նչ նշանակութիւն կ՚ունենայ «սիրել», քանի որ սէրը ամէն ինչ է, կեա՛նքն իսկ է սէրը։ Սէրը բաժնելով կ՚աճի, բայց եթէ կարելի չըլլար բաժնել սէրը, ան ամուլ կը մնայ՝ աննպատակ եւ անօգո՛ւտ։ Անշահ եւ անիմաստ է այն սէրը որ անաճ, անպտուղ կը մնայ։ Եւ ուրեմն մարդ միշտ պահանջքը, կարիքը ունի «ուրիշ»ի մը՝ իր նմանին։
Կեանքի ամէն շրջանին մարդ կորուստներ կ՚ունենայ եւ առանձին կը մնայ. ծնողք, եղբայր, ամուսին, զաւակ, բարեկամ եւ այլն։ Անոնք պատճառ կ՚ըլլան որ մարդ առանձնանայ, եւ ամէն կորուստին անդրադառնայ իր երջանկութեան, որ այլեւս իրը չէ, կորսըն-ցուցածին հետ կորսնցուցած է նաեւ զայն։
Եւ ի՜նչ ցաւալի է, որ մարդ յաճախ իր երջանկութեան կ՚անդրադառնայ իր դժբախտութեանը մէջ, իր ցաւերուն եւ վիշտերուն մէջ։ Կեանքը, կեանքի գեղեցկութիւնները, կեանքի բարութիւնները բաժնել, բաժնելիք մէկը ունենալ ի՜նչ երջանկութիւն է… եւ ի՜նչ դժբախտութիւն՝ զանոնք բաժնելիք մէկը չունենալ իր շուրջը։
Սիրել, ա՛յո, բայց կարելի՞ է առանձինն սիրել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024