ՏԱԳՆԱՊ ԵՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔ
Շատեր, ընդհանրապէս դառնօրէն կը գանգատին ներկայ ժամանակներուս տագնապեցուցիչ պայմաններէն եւ միշտ կը փնտռեն հանգիստը, անդորրութիւնը, դիւրին կեանքը։ Ասիկա կը տեսնուի անհատական կեանքի մէջ, նոյնպէս նաեւ՝ հաւաքական կեանքի մէջ։
Բայց սա պէտք է հարցնել, թէ մարդիկ, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար ի՞նչ կ՚ընեն իրենց փափաքած կեանքը ապրելու համար։ Արդարեւ, մարդ երբ բան մը կ՚ուզէ, պէտք է նախ զայն ունենալու համար ջանք ընէ, աշխատի։ Ո՛չ մէկ բան առանց աշխատանքի կարելի է ձեռք ձգել. բնութեան օրէնքին հակառա՛կ է այդ։ Մարդ աշխատանքի կոչուած է՝ իր ուզածը աշխատելով միայն կրնայ ձեռք ձգել։
Բայց օրուան տագնապեցուցիչ պայմաններէն գանգատելու ալ իրաւունք ունին մարդիկ։ Տագնապը եւ տառապանքը կեանքի մէջ բնական երեւոյթ մըն է, թէ՛ տագնապը եւ թէ տառապանքը իրական են եւ անխուսափելի՛։
Սակայն երկու տեսակէտով կարելի է նայիլ տիրող կացութեան վրայ։ Մէյ մը «իրաւունք»ի տեսակէտով, մէյ մըն ալ «զոհողութեան» տեսակէտով։
Իրաւո՞ւնք է որ ներկայիս, կեանքի պայմաններուն մէջ ստեղծուին այնպիսի երեւոյթներ, որոնք զրկանքի, կորուստի, տագնապի եւ տառապանքի պատճառ ըլլան։ Ո՛չ։ Բանականօրէն ո՛չ, բայց բնականօրէ՞ն։ Ուստի բանականութիւն եւ բնական կարգավիճակ կրնան հակասել երբեմն, կրնայ բնութիւնը հակադրել բանականութեան։ Մարդուս բանականութիւնը երբեմն չի՛ համապատասխաներ բնութեան պայմաններուն, ըսենք, բնական օրէնքներուն։ Եւ մարդ կրնայ գանգատիլ ներկայ վիճակէն։
Բայց ո՞վ ըսաւ, որ Աստուծմէ եւ մարդոցմէն եւ պայմաններէ միա՛կ նպաստաւորուողները մե՛նք, ներկայիս ապրողներս, ծրագրուած ենք, կամ ոմանց համար «ճակատագրուած» ենք ըլլալ։
Արդարեւ համայն մարդկութիւնը աստուածային արարչագործութեան մեծ «ծրագիր»ի մը մաս կը կազմէ, եւ ամէն շրջանի մարդկութիւնը իր կեանքը կ՚ապրի այդ «ծրագիր»ին համաձայն, առանց խտրութեան, առանց բացառութեա՛ն։
Մարդոց սկզբունքը «օրէնք»ն է. իրաւունք, արդարութիւն, հաւասարութիւն, ազատութիւն՝ որոնք կը պահանջեն զոհողութի՛ւն…։
Մարդիկ կ՚ապրին ժամանակի մը մէջ՝ որ երկունքէ կ՚անցնի, եւ ասիկա համայն մարդկութեան համար ի զօրու է։ Հին կարգերը կը մեռնին եւ նորեր կը ծնին եւ կեանքը կը շարունակէ իր բնական ընթացքը։
Յիրաւի «անողոք» ձեռք մը կը շարժի հաւաքական-ընկերային կեանքին մէջ «ամէն բան նոր» ընելու կամքով եւ ծրագրով, բայց ոչինչ կը փոխուի, հինը միշտ նորին շարունակութիւնը՝ կրկնութիւնը կը մնայ եւ մարդ զարմանալի ինքնախաբէութեամբ մը ինքզինք «նորոգուած», «փոխուած» կը կարծէ։
Ընդհանուր մարդկային պատմութիւնը լաւ ուսումնասիրող մէկը պիտի տեսնէ, որ ամբողջ մարդկային կեանքը, ամբողջ պատմութիւնը կրկնութիւններու իրավիճակ մըն է եւ մարդ կը կարծէ, թէ «փոխուած» է, «նորոգուած» է, այո՛, կրնան երեւութապէս փոփոխութիւններ ըլլալ, բայց ըստ էութեան ամէն ինչ կրկնութի՛ւն է։
Թէ ի՞նչ է «փոփոխութիւն» կարծուածը։
Ընդհանուր ծրագրի մը մէջ, ունեցողը կը կորսնցնէ, չունեցողը կը բողոքէ, կը գանգատի։ Ամէն մարդ յորձանուտի՝ հոսանքի մը մէջ բռնուած է եւ չ՚անդրադառնար, չի գիտեր, չի տեսներ, թէ ի՛նչ ուղղութիւն պիտի առնէ իր «կեանքի նաւ»ը եւ ո՛ւր պիտի հասնի, աւելի ճիշդ է ըսել՝ ո՛ւր պիտի նետուի վերջապէս…։
Սա ստոյգ է, վաղը լո՛յս պիտի ծագի անտարակոյս։ Երբեք տեւական խաւար գոյութիւն չունի, անպայման լոյսը կը տիրէ։ Աստուծոյ հոգին «պարապութեան» վրայ ալ չէ։ Արդարեւ, մարդ ինչո՞ւ չկարենայ ըսել.- հոգ չէ, թէեւ ես այս խաւարին, մութին եւ քաոսին մէջ կորսուիմ, բայց իմ ետեւէս եկող սերունդներ լոյսը պիտի տեսնեն եւ լոյսի մէջ ապրին։ Ահաւասիկ, զոհողութեան ոգին ա՛յս է. խորհիլ ներկայի մասին, բայց հոգ տանիլ նաեւ ապագայի սերունդներու համար։
Մարդուս գանգատը իրաւացի է, բայց ամէն «իրաւունք»ի պէս, «անձնասիրութեան» եւ «ինքնակեդրոնութեան» վրայ հիմնուած է. կարեւորը իր «Ես»ը եւ «ներկայ» ժամանակն է։ Գանգատ պիտի չունենար մարդ եթէ ի՛նք ըլլար շահողը եւ ապագայ սերունդներ ըլլային կորսնցնողը։ Ուստի, մարդ եթէ շահիլ կ՚ուզէ, պէտք է որ ապագայ սերունդներու պատրաստէ աշխարհ մը՝ ուր երբեք կորսնցնել գոյութիւն չունենայ։
Կարելի՞ է ասիկա։
Ո՛չ։ Քանի որ մարդկութիւնը միշտ կորսնցուց եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին «կորսնցուցած»ը փնտռեց եւ չգտա՛ւ…։ Ուստի, շահելու համար, նախ մարդ պէտք չէ կորսնցնէ։ Ի վերջոյ «շահ» ըսուածն ալ «չկորսնցուցած»ներու ամբողջութիւնը չէ՞…։
Մարդկութիւնը, ընդհանրապէս, տնտեսապէս, ընկերապէս, կրօնապէս անցման շրջանի մը մէջ է։
«Նոր» օրէնքներու, «նոր» սկզբունքներու, «նոր» գաղափարներու, «նոր» կաղապարներու, «նոր» ըլլալու եւ «նորոգուել»ու փորձերը մարդո՛ւս գլխուն վրայ կ՚ըլլան, մինչ սխալներ կը գործուին անխուսափելիօրէն եւ մարդ ի՛նք կ՚ըլլայ տուժողը։
Ուրիշ ի՞նչ ճար կրնայ ըլլալ։
Մարդուս «բախտ»ը կամ «դժբախտութիւն»ն է ապրիլ իր գանգատած ժամանակներուն մէջ, այդպէս կը մտածէ, բայց մարդուն չգանգատած մէկ ժամանակը կա՞յ արդեօք։ Ո՛չ։ Որովհետեւ ժամանակները միշտ կրկնութիւններ են։ Մարդը եւ ժամանակը փոխուած կ՚երեւի, բայց միա՛յն կ՚երեւի…։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը. ի՞նչ կայ փոխ-ւած, նորոգուած անցեալին նկատմամբ։ «Շա՜տ բան» պիտի ըսեն շատեր, այո՛, շա՜տ բան, բայց մարդը եւ ժամանակը նոյնը չէ՞, անցեալին կրկնութիւնը չէ՞։ Անշուշտ այս բաղդատութիւնը կարենալ ընելու համար պէտք է լաւ գիտնալ անցեալը, պատմութիւնը եւ միայն այն ատեն է որ մարդ կրնայ բաղդատել անցեալը եւ ներկան, եւ կը տեսնէ, թէ ներկան անցեալին կրկնութիւնն է միայն։
Այն որ չի գիտեր զոհել, չի՛ կրնար հասկնալ ապագայի կարեւորութիւնը, այն ապագան՝ որ այսօրուան կրկնութիւնը պիտի ըլլայ, եւ ուրեմն ներկան պէտք է լաւ գործածել, որ անոր կրկնութիւնը՝ ապագան լա՛ւ ըլլայ։
Մարդիկ կը փոխուին, բայց մարդկութիւնը չի փոխուիր, կրկնուելով կը շարունակէ իր ընթացքը։ Ժամանակն ալ կը կարծուի, թէ կը փոխուի, բայց ան ալ կրկնութիւններու շարունակականութեան մէջ նո՛յն ժամանակն է։ Ապացո՞յց։ Մարդիկ անցեալի մէջ ալ կը գանգատէին ժամանակէն, այսօր ալ կը գանգատին։ Պէտք կա՞յ ուրիշ փաստի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 3, 2020, Իսթանպուլ