ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Երբ կը խօ­սինք կո­րուստ­նե­րու վրայ, կը տես­նենք, թէ «կո­րուստ»ը իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով, ցաւ եւ վիշտ պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ մըն է։ Կեան­քի ան­խու­սա­փե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն է կո­րուս­տը, քա­նի որ որ­քան բնա­կան է շա­հիլ, ու­նե­նալ եւ պա­հել ո­րե­ւէ ար­ժէք, նոյն­քան բնա­կան է վնա­սուիլ, կորսնց­նել եւ ու­նե­ցա­ծէն կեր­պով մը բաժ­նուիլ, հե­ռա­նալ։ Ուս­տի ե­թէ այս աշ­խար­հի վրայ մարդ կ՚ապ­րի՝ շա­հիլն ալ բնա­կան է՝ վնա­սուիլն ալ, ու­նե­նալն ալ բնա­կան է, ու­նե­ցա­ծը կորսնց­նելն ալ եւ պա­հելն ալ, պա­հուա­ծը ձեռ­քէ հա­նե՛լն ալ։

Կա՛ն նաեւ կո­րուս­տներ՜, ո­րոնց կ՚անդ­րա­դառ­նայ մարդ, կը ցա­ւի, կը տրտմի կո­րուս­տին վրայ, եւ այս ալ բնա­կան է։ Կան նաեւ կո­րուստ­ներ, ո­րոնց չ՚անդ­րա­դառ­նար մարդ, եւ քա­նի որ չ՚անդ­րա­դառ­նար, այդ կո­րուս­տին վրայ չի ցա­ւիր, չի վշտա­նար։ Եւ սա­կայն կո­րուս­տը, քա­նի որ միշտ «կո­րո՛ւստ» է, կը վնա­սէ, կը զրկէ մարդս, բայց ան անզ­գայ՝ չի հասկ­նար կոր­սուա­ծին՝ կորսն­ցու­ցա­ծին ար­ժէ­քը։ Բայց վնա­սը՝ «վնա՛ս» է, մի՛շտ կը գոր­ծէ եւ կ՚ազ­դէ մարդ­կա­յին կեան­քին վրայ։

Բայց պէտք է ըն­դու­նիլ, որ բա­նա­ւոր էա­կի հա­մար, այ­սինքն մար­դուն հա­մար կո­րուս­տին ա­մե­նէն վնա­սա­կարն է՝ ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տը։ Ուս­տի ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տը ո­րե­ւէ դար­ման չու­նի, քա­նի որ ան ան­դառ­նա­լի է եւ ան­դար­մա­նա­լի՛։ Ժա­մա­նա­կը երբ կ՚անց­նի կ՚եր­թայ, այ­սինքն երբ կը կոր­սուի, այ­լեւս ո­րե­ւէ կեր­պով ա­նի­կա ետ չի գար, ան­ցած գա­ցած ժա­մա­նա­կը վե­րա­դարձ­նել ան­կա­րե­լի՛ է։

Այս կը նշա­նա­կէ, որ խո­հեմ, ող­ջա­միտ մար­դը պէտք է ար­ժէ­քը գիտ­նայ եւ ըստ այնմ վա­րուի ժա­մա­նա­կի նկատ­մամբ։ Ար­ժէք մըն է մար­դուս հա­մար ա­մէն ժամ, ա­մէն պահ, որ­մէ կա­րե­լի ե­ղած չա­փով պէտք է օգ­տուի մարդ։

Ժա­մա­նա­կը ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ մար­դուս հա­մար, քա­նի որ ժա­մա­նա­կի մէջ է որ ան կը սոր­վի եւ կը գիտ­նայ։

Ա՜յդ­քան կա­րե­ւո՞ր է սոր­վի­լը եւ գիտ­նա­լը։

Եւ ե­թէ կա­րե­ւոր է, ին­չո՞ւ կա­րե­ւոր է ա­նի­կա։

Նախ, մարդ իր գո­յու­թիւ­նը կը պա­հէ եւ կը տե­ւա­կա­նաց­նէ իր «գիտ­ցած»նե­րով եւ «չգիտ­ցած»նե­րով։ Գիտ­նալ եւ չգիտ­նալ՝ մար­դուս կեան­քին ըն­թաց­քը կ՚ո­րո­շեն։

Սոր­ված եւ գիտ­ցած­նե­րը մարդս եր­ջա­նիկ կ՚ը­նեն, իսկ չսոր­ված եւ չգիտ­ցած­նե­րը ար­գելք­ներ են ա­նոր եր­ջան­կու­թեան։ Ան­շուշտ շա­տեր կրնան հարց­նել. «ին­չո՞ւ մարդ գիտ­ցած­նե­րով եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ եւ չգիտ­ցած­նե­րով ա­պեր­ջա­նիկ…»։

­Հար­ցու­մը կա­րե­լի է պա­տաս­խա­նել՝ դար­ձեալ հար­ցու­մով մը, «մարդ կա­րե­լի՞ է որ բո­լո­րո­վին ան­գէտ ապ­րի»։ Այս հար­ցու­մին բա­նա­ւոր պա­տաս­խա­նը պէտք է ըլ­լայ. «ո՛չ»։ Ո­րով­հե­տեւ, մարդ բա­նա­ւոր էակ է. ո՛չ թէ բնազդ­նե­րով այլ խոր­հե­լով, դա­տե­լով եւ ո­րո­շե­լով կը վա­րէ իր կեան­քը։ Այ­սինքն մարդ պէ՛տք է ո­րո­շում­ներ տայ իր կեան­քին ըն­թացք տա­լու, տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Եւ ա­ռանց գիտ­նա­լու, ա­ռանց տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նա­լու ո­րո­շում տալ ան­կա­րե­լի՛ է, եւ ու­րեմն նուա­զա­գոյն գի­տու­թիւն մը ու­նե­նա­լու է մարդ, պէտք է սոր­վի եւ գիտ­նա՛յ։

Գի­տու­թեամբ է որ մարդ կրնայ ո­րո­շում տալ, թէ ո՛չ կամ ու­րիշ­նե­րու կամ­քին եւ կամ դի­պուած­նե­րու կը հպա­տա­կի, ա­նոնց­մէ կա­խում կ՚ու­նե­նայ եւ ու­րիշ­նե­րու կամ­քով կամ դի­պուա­ծով կը շար­ժի, որ հա­կա­ռա՛կ է մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, քա­նի որ ներ­հակ է ան­կա­խու­թեան եւ բա­նա­կա­նու­թեան։ Բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա՛կ է մար­դուս ա­զատ կամ­քի սկզբուն­քին, ան­կա­խօ­րէն դա­տե­լու եւ ո­րո­շե­լու ի­րա­ւուն­քին։ Ուս­տի տգի­տու­թի­ւնը կը կաշ­կան­դէ մար­դուս ա­զա­տու­թիւ­նը։ Տգի­տու­թեան պատ­ճա­ռով, մարդ թե­րեւս  ի­րեն ա­մե­նէն նպաս­տա­ւո­րը, օգ­տա­կա­րը, շա­հա­ւո­րը չի կրնար ընտ­րել, քա­նի որ ա­նոր մա­սին տե­ղե­կու­թիւ­ն իսկ չու­նի։

Ու­րեմն, գի­տու­թիւ­նը ա­զա­տու­թիւն կ՚ա­պա­հո­վէ, եւ ա­զատ մար­դը «եր­ջա­նի՛կ մարդ» է։

Այս ի­մաս­տով սոր­վիլ եւ գիտ­նալ՝ ինք­զինք ա­զատ եւ ան­կախ զգա­լու մի­ջոց­ներ են, եւ ազ­դո՛ւ ու անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­ներ, եւ այս պատ­ճա­ռով է, որ մա­դոց գի­տու­թիւ­նը տե­ւա­կան զար­գաց­ման ըն­թաց­քի մը մէջ է եւ հետզ­հե­տէ կը բա­րե­փո­խուի։

Թէ ի՞նչ է ա­նա­սուն-ան­բան կեն­դա­նիի մը եւ բա­նա­ւոր կեն­դա­նիի մը՝ այ­սինքն մար­դուն տար­բե­րու­թիւ­նը։ Ա­մե­նա­պարզ եւ նախ­նա­կան բա­ցատ­րու­թեամբ՝ ան­բան-ա­նա­սուն կեն­դա­նին բնազ­դէ զատ «գի­տու­թիւն» չու­նի։ Իսկ բա­նա­ւոր մար­դը բնազ­դով չի շար­ժիր, այլ բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լու հա­մար ալ մի­ջոց­նե­րու կը կա­րօ­տի, ո­րոնք «սոր­վիլ» եւ «գիտ­նա՛լ» են։

Խոր­հե­ցէք, որ տղա­յի մը, մի­նչեւ լի­սէի ու­սուց­ման վեր­ջը՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 13.728 ժա­մը դպրո­ցի մէջ սոր­վե­լով կ՚անց­նի եւ այս բնա­կան է, քա­նի որ ա­մէն տղայ կեան­քի պայ­քա­րի պատ­րաս­տուե­լու հա­մար սոր­վե­լու եւ գիտ­նա­լու պա­հանջ­քը ու­նի։

Ար­դա­րեւ «գիտ­նալ» հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս։ «Չեմ գի­տեր»էն «գի­տե՛մ»ի անց­նիլ ի՜նչ մեծ հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս։ Ուս­տի ի՜նչ մեծ հա­ճոյք է սոր­վիլ եւ գիտ­նալ ա­մէն մար­զի, ա­մէն վի­ճա­կի մէջ։ Սոր­վիլ եւ գիտ­նալ հա­ճոյք է, քա­նի որ մարդ միշտ հե­տաքրք­րու­թեան մղում մը ու­նի՝ կը հե­տաքրք­րուի այն ա­մէն բա­նով, որ «ան­ծա­նօթ» է, ծա­ծուկ է եւ գաղտ­նի…։

Եւ ան­շուշտ երբ իր հե­տաքրք­րու­թեան գո­հա­ցում գտնէ, կ՚ու­րա­խա­նայ, հա­ճոյք կը զգայ եւ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ։

Եւ երբ սոր­վա­ծը եւ գիտ­ցա­ծը ու­րիշ­նե­րու ո­րե­ւէ ձե­ւով յայտ­նէ, այդ ալ հա­ճոյք կու տայ ի­րեն, եւ մարդ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի գիտ­ցա­ծը ու­րիշ­նե­րու ցոյց տալ, ան ալ «հա­ճոյք» մըն է։ Եւ այս զգա­ցու­մը բնա­կան է եւ մարդս ա­ւե­լի սոր­վե­լու կը մղէ։

Ար­դա­րեւ մարդ­կու­թիւ­նը միշտ «գիտ­ցաւ» եւ գիտ­ցա­ծը հետզ­հե­տէ զար­գա­ցուց, բա­րե­փո­խեց։ Իսկ ե­թէ մարդ չգիտ­նար, մու­թին մէջ խար­խա­փող մար­դոց պի­տի նմա­նէր եւ ան­շուշտ միշտ պի­տի վախ­նա՛ր։

Մարդ յատ­կու­թիւն մը ու­նի՝ իր գիտ­ցա­ծը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լաւ գիտ­նա­լու կ՚աշ­խա­տի եւ կը գիտ­նայ, եւ այս մարդ­կու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է։ Գիտ­նալ, ա­ւե­լին գիտ­նալ եւ ճիշ­դը, ճշմա­րի­տը գիտ­նալ։

Կար­ծել, թէ ա­մէն ինչ գի­տենք, կը նշա­նա­կէ որ ո՛չ մէկ բան կը ստեղ­ծենք, ո՛չ մէկ բան կը կա­տա­րենք։ Ա­մէն բան գիտ­նա­լու կար­ծի­քէն կը հե­տե­ւի, թէ ո՛չ մէկ բան կ՚ար­տադ­րենք, ո՛չ մէկ գիւտ կը կա­տա­րենք։ Ար­դա­րեւ «գիտ­նալ կար­ծել», սոր­վե­լու եւ գիտ­նա­լու ա­մե­նա­մեծ ար­գե՛լքն է։ Իսկ կաս­կա­ծը, տա­րա­կոյ­սը՝ սոր­վե­լու եւ գիտ­նա­լու մղիչ ո՛ւժն է։

Աս­կէ կը հե­տե­ւի, թէ՝ «վստահ ըլ­լալ» եւ «ի­րա­ւա­ցի ըլ­լալ» բո­լո­րո­վին տար­բեր վի­ճակ­ներ են, եւ պէտք է ի­րար­մէ զա­տել եւ ի­րար չշփո­թել։

Քննա­դա­տիչ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը յա­ռաջ­դի­մու­թեան, իսկ չա­րա­միտ քննա­դա­տու­թիւ­նը յե­տա­դի­մու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նան։ Ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը գիւ­տե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու նա­խա­պայ­մա՛նն է։ Ե­րե­ւոյ­թը ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու ըն­դու­նիլ կամ գա­ղա­փա­րի մը եւ կամ տե­սու­թեան մը մա­սին վճռա­կան ըլ­լալ՝ հա­կա­ռակ է քննա­դա­տող ի­մա­ցա­կա­նու­թեան։ Քննա­դա­տող ի­մա­ցա­կու­թիւ­նը վար­կած­ներ, հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ եւ յե­տոյ կ՚աշ­խա­տի այդ վար­կած­նե­րը եւ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը փաս­տել, ստոյգ վի­ճա­կի վե­րա­ծել։

Ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյթ, վար­կած կամ տե­սա­կէտ ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու, ա­ռանց ճշդու­թիւ­նը ստու­գե­լու ըն­դու­նիլ եւ վճռա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան մը հաս­նիլ կար­ծել բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ է մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան։ Ուս­տի մարդ իր բա­նա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով՝ պէտք է ու­սում­նա­սի­րէ, քննէ, դա­տէ եւ ա­պա ո­րո­շում մը տայ։ Եւ ա­մէն ո­րո­շում պէտք է որ վճռա­կան չըլ­լա՛յ, այլ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ պէտք է նկա­տի առ­նուի, եւ ե­թէ կա­րե­լի է ը­սել. «բաց դուռ» մը պէտք է թո­ղուի, որ­պէս­զի ու­րիշ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ ալ, ազ­դակ ըլ­լան ճշմա­րի­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը գտնե­լու։

Եւ բո­լոր այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը կա­րօ­տին գի­տու­թեան՝ սոր­վե­լու եւ գիտ­նա­լու ա­ռա­ւե­լու­թեան։

Ար­դա­րեւ, մար­դուս կեան­քի ըն­թաց­քին, վար­ժու­թիւն­ներ՝ որ հետզ­հե­տէ սո­վո­րու­թեան կը վե­րա­ծուին կը թմրեց­նեն, կ՚ամ­լաց­նեն միտ­քը՝ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը վե­րա­ծուին նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու։

Ա­ռանց քննե­լու եւ դա­տե­լու ո­րո­շում տրուած պա­րա­գայ մըն ալ՝ կան­խա­կա­լու­թիւնն է, որ լուրջ վնաս­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ եւ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար մեծ վտանգ մըն է։

Եւ դար­ձեալ գի­տու­թեան պա­կասն է որ կը ստեղ­ծէ թէ՛ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը եւ թէ՛ մար­դուս միտ­քը կաշ­կան­դող կան­խա­կա­լու­թիւն­նե­րը։

Սոր­վիլ եւ գիտ­նա՛լ. ա­հա­ւա­սիկ մար­դուս ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան եւ ու­րեմն՝ եր­ջան­կու­թեան «ոս­կի բա­նա­լի»ն։ Ուս­տի, ա­ռանց քննե­լու եւ դա­տե­լու սո­վո­րու­թեան մը հե­տե­ւիլ՝ քննա­դա­տա­կան միտ­քը, ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը կը մեռց­նէ, քա­նի որ կրկնու­թիւ­նը գի­տու­թիւն չէ՛։ Միօ­րի­նակ հե­տե­ւիլ ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թեան, ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը չգոր­ծա­ծել՝ կան­խա­կա­լու­թիւն եւ նա­խա­պա­շա­րում կը ստեղ­ծէ, ինչ որ, ինչ­պէս ը­սինք, վտան­գա­ւոր է եւ վնա­սա­կար մարդ­կա­յին կեան­քին հա­մար՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ՛ հա­ւա­քա­պէս։

Սոր­վիլ եւ գիտ­նալ ի­մա­նալ, հասկ­նալ եւ իւ­րաց­նել կը նշա­նա­կէ, որ մար­դուս ինք­նավս­տահ ըլ­լա­լուն պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, կեան­քը հա­ճոյ­քով կ՚ապ­րի եւ եր­ջա­նիկ կը զգայ ինք­զինք։

Սոր­վիլ եւ գիտ­նալ եր­ջան­կու­թի՛ւն է, որ­քան ալ ո­մանք ը­սեն, թէ՝ ան­գի­տու­թիւ­նը եր­ջան­կու­թիւն է, չգիտ­նալ մարդս ան­հոգ կ՚ը­նէ։ Ան­շուշտ այս գա­ղա­փարն ալ ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու, քննե­լու եւ դա­տե­լու մեր­ժել՝ մեր նա­խորդ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն կը հա­կա­սէ, քա­նի որ ճիշ­դը այն է, որ գա­ղա­փար մը բա­ցար­ձակ ճշդու­թիւն ըն­դու­նե­լէ ա­ռաջ պէտք է լա՛ւ հասկ­նալ, եւ լաւ հասկ­նա­լու հա­մար ալ զայն ու­սում­նա­սի­րել, քննել եւ դա­տել եւ յե­տոյ ո­րո­շել։ Եւ տրուած մարդ­կա­յին ա­մէն ո­րո­շում եր­բեք վճռա­կան պէտք չէ՛ ըլ­լայ, քա­նի որ բնու­թեան մէջ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ են, նոյ­նիսկ՝ ան­հա­մա՛ր։

Ու­րեմն մար­դուս ըն­դո­ծին փա­փաքն է՝ սոր­վիլ եւ գիտ­նա՛լ, հե­տաքրք­րուիլ եւ գո­հա­ցում տալ իր հե­տաքրք­րու­թեան։ Սա ա­նու­րա­նա­լի, բնա­կան ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ «ան­ծա­նօթ»ը, գաղտ­նին եւ խորհր­դա­ւո­րը միշտ կը հրա­պու­րէ մարդս։

Եւ այս հրա­պոյ­րը, հե­տաքրք­րու­թեան այս բնա­ծին զգա­ցու­մը մարդս կը մղէ սոր­վե­լու եւ գիտ­նա՛­լու։ Մարդ կը փնտռէ հե­տաքրք­րու­թեամբ եւ ի վեր­ջոյ կը գտնէ՝ կը հաս­նի իր նպա­տա­կին։ Ա­հա­ւա­սիկ, այս ան­վերջ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը գիւ­տե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­ճա՛ռն է։

Սի­րե­լի՜­ներ, սոր­վի՛նք, գիտ­նա՛նք եւ եր­ջա­նի՛կ ըլ­լանք, մարդ կո­չուած է գիտ­նա­լո՛ւ եւ եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լո՛ւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 31, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016