ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ԵՒ ՍԷ՛Ր
«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ», (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37)։
Յիսուս, մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը համարեց ասիկա, քանի որ այս պատուիրանին մէջ է, որ կը յայտնուի «յոյս»ը, «հաւատք»ը եւ «սէր»ը։ Արդարեւ, սիրել կը նշանակէ՝ հաւատալ, յուսալ եւ վստահի՛լ։
Եթէ մարդ «Աստուա՜ծ» կը բացագանչէ սրտաբուխ, կը մատնանշէ Գերագոյն Էակի մը՝ մշտնջենաւոր, մնայուն, անայլայլելի, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդար, իմաստուն, բարի եւ բոլոր առաքինութիւններուն բացարձակը։ Ապա ուրեմն մարդ պէ՛տք է բնականաբար եւ անհրաժեշտաբար ընդունի, ըմբռնէ Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենայ ամբողջական հաւատք եւ յոյս։
Հետեւաբար Ան՝ գերազանց, գերագոյն, ամենակարող, ամենակալ, բարեսիրտ, անհունապէս բարիք գործելու համար մի՛շտ ներկայ եւ պատրաստ Էակն է, Անձը՝ որուն ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսը չդնել, ո՞վ պիտի չկարենար սիրել, քանի որ Ան է կեանքի աղբիւրը։
Այս իսկ պատճառով է, որ Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը կը գործածէ. «Ես եմ Տէրը» բանաձեւը։
Եւ ասիկա սերտ կապակցութիւն ունի Քրիստոսի «Ես եմ, մի՛ վախնաք» խօսքին հետ. (ՅՈՎՀ. Զ 20)։
Մարդուս բարոյական կեանքին մէջ յաճախ կը լսուի այս խօսքը՝ մանաւանդ նեղութիւններու, փորձութիւններու, դժուարութիւններու ընթացքին եւ կը յայտնուի Քրիստոս՝ որպէս ապաւէն եւ ամենավստահելին, որ կարող է յաղթահարել ամէն բարոյական փոթորիկ, որ կը հարուածէ եւ կը սպառնայ կեանքին։ Եւ ապաւէն կը գտնեն անոնք՝ որ կ՚անդրադառնան այդ ձայնին եւ կը տեսնեն Քրիստոսը յայտնուած՝ փոթորիկներու մէջէն։
Արդարեւ, մարդուս բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Աստուծոյ հաւատքին մէջ՝ որ Իր սէրը կը յայտնէ Իր արարածներուն։
Պօղոս առաքեալ, իր հռովայեցիներուն գրած նամակին մէջ, հաւատքի հնազանդութեան ակնարկելով, սապէս կ՚ըսէ. «Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը…» (ՀՌՈՄ. Ա 5)։ Ան բարոյական բոլոր շեղումներուն եւ խոտորումներուն սկիզբը եւ բացատրութիւնը կը բացայայտէ «Աստուծոյ անճանաչողութեան» մէջ։
Ուստի, Աստուծոյ հանդէպ մարդուս պարտականութիւնն է հաւատալ եւ վկայել Անոր։
Առաջին պատուիրա՛նն է անիկա, որ կը պատուիրէ մարդուն՝ սնուցանել եւ պահպանել հաւատքը արթնութեամբ եւ խոհեմութեամբ եւ մերժել՝ ի՛նչ որ կը հակառակի եւ հակադրէ անոր։
Աստուած երբ կը յայտնուի մարդուն եւ կը կանչէ զայն, մարդ չի կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային անհո՜ւն սիրոյն։ Ուստի, ան պէ՛տք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն առիթ եւ կարելիութիւն պիտի տայ զԻնք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։
Յոյսը, արդարեւ, վստահութեամբ սպասո՛ւմն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։ Ան նաեւ երկի՛ւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։
Այս իմաստով, յոյսին դէմ գործուող մեղքերն են՝ յուսահատութիւնը եւ ինքնահաւանութի՛ւնը։
Արդարեւ, յուսահատութեամբ, մարդ կը դադրի Աստուծմէ յուսալէ իր անձնական փրկութիւնը, հոն հասնելու օգնութիւնները կամ իր մեղքերուն ներումը։ Ան կ՚ընդդիմանայ Աստուծոյ Բարութեան, Անոր Արդարութեան՝ քանի որ Աստուած միշտ հաւատարի՛մ է իր խոստումներուն մէջ, եւ կը հակադրէ Իր Ողորմութեան։
Իսկ ինքնահաւանութիւնը ծանր մեղք մըն է յոյսին դէմ։ Ուստի երկու տեսակ ինքնահաւանութիւն կայ. մարդ կա՛մ իմացականութեանը եւ իր ուժերուն վրայ չափէ աւելի կը վստահի՝ յանդուգն եւ յանձնապաստան կ՚ըլլայ իր կարողութիւններուն վրայ, ինքնաբաւ կը կարծէ ինքզինք, յուսալով կարենալ փրկուիլ առանց Աստուծոյ օգնութեան, կա՛մ կը սակարկէ աստուածային ամենակարողութեան եւ ողորմութեան վրայ՝ յուսալով իր ներումը ընդունիլ առանց դարձի, եւ ինչպէս փառքը՝ առանց արժանի՛քի։
Անշուշտ պէտք է զանազանել ինքնավըս-տահութիւնը ինքնահաւանութենէն, քանի որ առաջինը որքան օգուտ կը պատճառէ ենթակային, երկրորդը՝ նոյնքան եւ աւելի վնա՛ս…։
Աստուծոյ անհո՜ւն սիրոյն հանդէպ հաւատքը, որ մարդուն պատասխանն է Իրեն, իր մէջ կ՚ընդգրկէ կոչը եւ պարտաւորութիւնը պատասխանելու աստուածային սիրոյն՝ անկեղծ սիրով։
Պատուիրանը կը հրամայէ՝ սիրե՛լ Աստուած ամէն բանէ վեր. (Բ ՕՐՆ. Զ 4-5), իսկ բոլոր արարածները՝ Անոր համար եւ Անոր պատճառով։ Արդարեւ արարածը սիրել կը նշանակէ՝ Արարիչը սիրել, ինչպէս, գործ մը, արտադրութիւն մը հաւնիլ կը նշանակէ՝ համակրել զայն գործողը կամ արտադրողը։
Սիրոյ դէմ մեղանչել է՝ անտարբերութեամբ վարուիլ եւ անտեսել կամ մերժել աստուածային սէրը։ Ապերախտութիւնն ալ նոյն աստիճան մեղք մըն է՝ որ կը մերժէ, չի ճանչնար աստուածային սէրը։ Նաեւ ատելութիւնը բոլորովին ներհակ է սիրոյ ազնիւ եւ աստուածատուր զգացումին։ Ատելութիւնը մեծ մասամբ ծնունդ կ՚առնէ հպարտութենէ, որ կ՚ենթադրէ ինքնահաւանութիւն՝ որ մեղանչում է նաեւ յոյսի հանդէպ։
Սիրոյ մէջ միջակութիւն, գաղջութիւն, հեղգութեամբ եւ հոգեւոր ծուլութեամբ վարուիլ՝ սիրելու յուլանալ, ալարիլ նո՛յն աստիճան մեղք կը համարուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4 2018, Իսթանպուլ