ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ

«Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է՝ որ խաւարին մէջ կը փայլի, բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն» (ՅՈՎՀ. Ա 4-5)։ Մեր բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ մեզի։ Պօղոս Առաքեալ «հաւատքի հնազանդութեան» մասին կը խօսի իբրեւ առաջին պարտաւորութիւն. (ՀՌՈՄ. Ա 5, ԺԶ 26)։ Ան բարոյական բոլոր շեղումները, անոնց ամէն մէկուն սկիզբը եւ բացատրութիւնը կը բացայայտէ «Աստուծոյ անճանաչութեան» մէջ, որ համազօր է «հոգեւոր կուրութեան»։ Ուստի մեզմէ կը պահանջուի սնուցանել, պահպանել եւ խնամք տանիլ մեր հաւատքին խոհեմութեամբ եւ արթնութեամբ՝ հոգեւոր բաց եւ պայծառ աչերով, եւ մերժել ի՛նչ որ խաւարի մէջ է, եւ կը հակառակի անոր։

Արդարեւ, հաւատքի մասին «կամովին տարակոյս»ը հոգեւոր կուրութիւն է, եւ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը, զոր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի որ հաւատանք։ Իսկ «ակամայ տարակոյս»ը ցոյց կու տայ հաւատալու վարանումը նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւններուն յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուցած խաւարին՝ մթութեան դիմաց։ Ասիկա ալ տեսակ մը «հոգեւոր կուրութիւն» է՝ աղօտ, տմոյն լոյսի մէջ անորոշ կերպով տեսնելու արդիւնք։

Եթէ տարակոյսը կամովին է մշակուած, կրնայ տանիլ մտքին կուրացման։

Թերահաւատութիւնը յայտնեալ հաւատքին հանդէպ անհոգութիւնը, անտարբերութիւնն է՝ կամովին մերժումն է զայն ընդունելու։

«Հոգեւոր կուրութիւն»ը, հոգին կը դատապարտէ միշտ մնալու խաւարին մէջ, որուն հետեւանքն է մտքի խաւարը՝ որ ամենէն վտանգաւոր եւ քանդիչ խաւարն է։ Արդարեւ, նիւթական խաւարին մէջ կա՛յ միշտ լոյսի նշոյլ մը, շող մը, եւ երբ մարդ կարենայ նշմարել այդ նշոյլը, շողը, շատ դիւրին է փարատել խաւարը։ Ուստի ո՛չ մէկ խաւար տեսնուածին չափ մութ է, միշտ կարելի է զայն վերածել լոյսի։

Բայց հոգեւոր խաւարը, մտքի խաւարը եթէ ո՛չ անկարելի, բայց շատ դժուար է փարատել, եւ այս պատճառով ան շատ աւելի վտանգաւոր է քան նիւթական խաւարը…։

Եւ հոգեւոր խաւարը յոյսին թշնամի՛ն է։

Աստուած երբ մարդուն կը յայտնուի եւ կը կանչէ զայն, մարդը չի կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային սիրոյն։ Ուստի մարդ պէ՛տք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն կարելիութիւնը պիտի տայ զԻնք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։

Ուրեմն, այս իմաստով, յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։ Ան նաեւ երկիւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին «հոգեւոր կուրութիւն»ը մեծ արգելք մըն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։

«Հոգեւոր կուրութիւն»ը յոյսին դէմ գործուող մեղքերուն պատճառն է։ «Հոգեւոր կուրութեան» արդիւնք են յուսահատութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը։ Ուրեմն, տեսնենք թէ ո՜րքան կործանարար ազդեցութիւններ կը գործեն այս երկուքը մարդկային կեանքին վրայ։

Յուսահատութեամբ, մարդ կը դադրի Աստուծմէ յուսալէ իր անձնական փրկութիւնը, հոն հասնելու օգնութիւնները կամ իր մեղքերուն ներումը։

Ան կ՚ընդդիմանայ Աստուծոյ Բարութեան, Անոր Արդարութեան, քանի որ Տէրը հաւատարի՛մ է Իր խոստումներուն մէջ, եւ նաեւ կ՚ընդդիմանայ Իր Ողորմութեան։ Հոգեւոր կուրութիւնը կը ծածկէ բոլոր աստուածային օրհնութիւնները…։

Ինքնահաւանութիւնը երկու տեսակ է։

Մարդ կա՛մ յանձնապաստան կ՚ըլլայ իր կորողութիւններուն վրայ՝ յուսալով կարենալ փրկուիլ առանց ի վերուստ օգնութեան, կա՛մ հաշիւ կ՚ընէ աստուածային ամենակարողութեան եւ ողորմութեան վրայ՝ յուսալով իր ներումը ընդունիլ առանց դարձի, փառքն ալ՝ առանց արժանիքի։ Ամէն պարագայի այս բոլորին նախապատճառն է՝ «հոգեւոր կուրութիւն»ը, որ արգելք կ՚ըլլայ տեսնելու ճշմարտութիւնը եւ հասնելու անոր։

Ժամանակին բոլոր պահերը Աստուծոյ համար «ներկա՛յ» են իրենց այժմէութեան մէջ։ Արդէն «Աստուած» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ հո՛ս, ներկա՛յ եղող։ Ան «նախասահմանութեան» Իր յաւիտենական ծրագիրը կը գծէ՝ անոր մէջ ներառելով իւրաքանչիւր մարդու ազատ պատասխանը՝ Իր շնորհքին։ «Արդարեւ, այս քաղաքին մէջ էր որ Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներ եւ Իսրայէլի ժողովուրդը միասին՝ միաբանեցան Քու Սուրբ Որդիիդ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, կատարելու համար այն՝ ինչ որ դուն Քու զօրութեամբդ եւ կամքովդ սկիզբէն իսկ սահմանած էիր», (ԳՈՐԾ. Դ 27-28)։ Աստուած անոնց հոգեւոր կուրացումէն ծնած գործերը թոյլատրեց, կատարելու համար փրկութեան Իր ծրագիրը։

«Հոգեւոր կուրութիւն»ը արգելք է աստուածային ճշմարտութիւնները տեսնելու. ուստի իրականութիւնը կարելի է տեսնել մարմնաւոր աչքով, բայց ճշմարտութիւնը՝ միա՛յն հոգեւոր աչքով։ Ուրեմն կը հետեւի՝ թէ հոգեւոր կուրութիւնը կը ստեղծէ թանձր սաստիկ խաւար մը, որ մութի մէջ կը պատէ նաեւ միտքը՝ բանականութիւնը եւ արգելք կ՚ըլլայ տեսնելու ամէն պայծառութիւն՝ գեղեցկութիւն, բարութիւն եւ ճշմարտութիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019