ՅԱՋՈՂԵԼՈՒ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Վերջին ժամանակներուն ինքզինքս շրջապատուած կը գտնեմ «Յաջողութեան գաղտնիքը» խորագրեալ յօդուածներով, որոնք երիտասարդութեան ուշադրութիւնը կը յաջողին գրաւել. այսօր համաշխարհային մամուլը, լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը այդ «յաջողութեան» գովքը հիւսելով կ՚ուզեն «գաղտնիք»ը յայտնել բոլորին, որովհետեւ անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ ժողովուրդին մօտ կայ «յաջողութեան» անյագ ծարաւ մը: Սակայն խորապէս թափանցելով անոնց խորքը կը նկատեմ, որ այդտեղ գործածուող «յաջողութիւն»ը հոմանիշ է հարստութեան եւ էութեան մէջ յաջողութեան ծարաւ ունեցող երիտասարդութիւնն ու մարդկութիւնը դրամի ծարաւն է որ ունին:
«Յաջողութեան գաղտնիք»ի մասին խօսողները իրականութեան մէջ կը խօսին հարստութիւն դիզելու նորանոր ձեւերու եւ հնարաւորութիւններու մասին, որովհետեւ կը հաւատան, թէ մարդ ինչքան հարստութիւն ունի՝ այնքան բարձր է, որովհետեւ յաջողութեան մասին ամէ՛ն «գաղտնիք» բացայայտող վերջաւորութեան իր կեդրոնացումը կը դարձնէ դրամին ու հարստութեան: Այս մէկը մերօրեայ ընկերութեան մեծագոյն վէրքն է. կը կարծեն, որ շքեղ ապրելակերպը, շռայլութիւնը այդ յաջողութեան հասած ըլլալու գաղտնիքն է: Մարդոց մօտ խախտած է «յաջողութեան» չափանիշը եւ կորսնցուցած է իր ճշմարիտ իմաստը. կար ժամանակ, որ յաջողութեան բուն իմաստը հասարակութեան դրական ձեւով նպաստելն ու անձնական նպատակներու հասնիլն էր, որ հարստութենէն անկախ ինքն իր մէջ ունէր արժէք: Հարստութեան ետեւէն երթալն ու յաջողութիւնը հետապնդելը իրականութեան մէջ տարբեր բաներ են, որովհետեւ հարստութիւնը բարեկեցիկ կեանք կ՚ապահովէ, իսկ յաջողութիւնը իմաստալից կեանք մը, որովհետեւ շատ անգամ մեծ հարստութեամբ կարելի է անիմաստ կեանք մը ապրիլ, իսկ շատ անգամ իմաստալից կեանք՝ առանց մեծ հարստութիւններու:
Փորձեցէք թուել «յաջող» անձեր եւ պիտի տեսնէք, թէ բոլոր անունները, որոնք ձեր միտքը կու գան, մեծ հարստութիւններու տէր մարդեր են, սակայն պատմութիւնը լեցուն է ճշմարիտ յաջողակներով՝ որոնք նիւթապէս այնքան ալ փայլուն վիճակ մը չեն ունեցած: Մեր իրականութեան մէջ եւս պատկերը տարբեր չէ. օրինակի համար՝ այսօր աշխարհով մէկ կը մեծարենք Պարոյր Սեւակ անունը, անկրկնելի արժէք որպէս կը դիտենք, սակայն կը մոռնանք, որ ան մեծամեծ հարստութիւններու տէր մարդ մը չէր, սակայն իր շնորհքով յաջողած էր յաջողակներու խումբին մաս կազմել: Մարդոց յաջողութիւնը պէտք չէ չափել դրամատուներու մէջ ունեցած անոնց հարստութեամբ, այլ չափանիշ պէտք է ընտրել մարդոց եւ շրջապատի վրայ անոնց ձգած ազդեցութիւնը, ինչ որ աւելի կ՚արժէ, քան մեծամեծ հարստութիւն մը. հարստութիւնը ժամանակաւոր է. անցեալին ապրած են բազմահազար մեծահարուստներ, որոնց անունը այսօր մարդ չի գիտեր, սակայն ապրած են բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք մեծամեծ հարստութիւններ չունենալով հանդերձ կը շարունակեն յիշուիլ. ինչպէս՝ Պետրոս Դուրեան, Մեծարենց, Օտեան եւ ուրիշներ, որոնց յիշատակը մեծագոյն յաջողութիւնն է՝ նոյնիսկ իրենց մահէն աւելի քան դար մը ետք:
Տակաւին, կրնայ պատահիլ ամբողջութեամբ հակառակը. մարդ շատ անգամ յաջողութիւն անուան տակ հարստութիւնը փնտռելու ժամանակ կը կորսնցնէ ճշմարիտ «յաջողութիւն»ը եւ այդ լաւ նպատակով եղած փնտռտուքը կը վերածուի վիշտի. մարդիկ շատ անգամ այդ կեղծ «յաջողութեան» հասնելու համար կը վտանգեն իրենց կեանքը, կը քայքայեն առողջութիւնը եւ սեփական ձեռքով խեղդամահ կ՚ընեն իրենց երջանկութիւնը: Այդ կարծեցեալ յաջողութեան չիրականացումը զիրենք կ՚առաջնորդէ հոգեկան նեղութեանց եւ մշտական դժգոհութեան զգացում կ՚արթնցնէ անոնց մէջ. հո՛ն է որ յաջողութեան գաղափարը իր էութիւնը կորսնցնելով կը վերածուի նիւթական շահի հետապնդումի:
Յաջողութեան հասնիլը լոկ նիւթական հարստութեան բարելաւումով պէտք չէ սահմանել. յաջողութեան հասնելու մէջ կը մտնէ նաեւ անձնական աճը, յուզական բարեկեցութիւնը ու այս կարեւոր արժէքներուն ու հարստութեան մէջ եղած հաւասարակշռութիւնն է, որ յաջողութիւն կը կոչուի. անշուշտ, լաւապէս կը գիտակցինք, որ յաճախ յաջողութեան հասնելու համար յաջողութիւնը պէտք է. այլ խօսքով միջոց է յաջողելու, սակայն ո՛չ թէ յաջողութիւնն իսկ է: Շատեր կը հաւատան, թէ իսկական յաջողութիւնը աշխատանքային եւ անձնական կեանքի միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելն է. այսօր, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ կը տեսնենք, թէ մարդիկ իրենց կեանքը կը մաշեցնեն լոկ աշխատութեամբ, սակայն աւելի «զարգացած» երկիրներու մէջ աշխատանքի կողքին կարեւորութիւն կու տան նաեւ սեփական անձի ուրախութեան ու հանգստութեան. շատեր կ՚աշխատին, որպէսզի կարենան ապրիլ, իսկ ուրիշներ կ՚աշխատին՝ որպէսզի որոշ նպատակներ իրակացնեն: Այդ նպատակներու իրականցումն է, որ մարդը յաջողութեան կ՚առաջնորդէ. պէտք է պարզապէս յաջողութեան հասնելու համար նպատակներու առաջնահերթութիւնը գիտնալ:
Հետեւաբար, «Յաջողութեան գաղտնիք»ը պէտք է չափել ուշադրութիւնը նիւթական հարստութենէն դարձնելով դէպի անձնական կեանքի յառաջդիմութիւն ու նպատակներու յաջողութիւն: Վերջապէս յաջողած մարդիկ անո՛նք են, որոնք կը յաջողին յետ մահու եւս յիշուիլ, որովհետեւ հարստութիւնը ժամանակաւոր է, սակայն ձեռքբերումները՝ կրնան յաւիտենական ըլլալ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի մէջ քանի՞ լեզուներ կան եւ եղած են:
Պատասխան. Ներկայիս աշխարհի մէջ կը խօսուի մօտաւորապէս 7 հազար լեզու, որոնք ունին տարբեր բարբառներ: Պատմութեան մէջ սակայն եղած է բազմահազար այլ լեզուներ, որոնք ժամանակի ընթացքին անհետացած են մշակոյթի ձուլման, գաղթի եւ փոքր համայնքներու ոչնչացման պատճառներով: Լեզուաբաններ կը հաւատան, որ լեզուները զարգացած են տասնեակ հազարաւոր տարիներու ընթացքին: Գոյութիւն ունեցող լեզուներուն ճշգրիտ թիւը գիտնալը անկարելի է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024