ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՐԴԷՆ
Յիսուս երբ կը քարոզէր, յաճախ կը տեսնէր, թէ ժողովուրդը չէր հեռանար իրենց «նիւթական հասկացողութենէն» եւ արմատացած գաղափարներէն, եւ չէր հասկցուեր Իր խօսքերուն եւ վարդապետութեան ներքին իմաստը։ Բայց յայտնի է, թէ՝ ճշմարտութիւն մը կարենալ հասկնալու համար, անհրաժեշտ պայման է անոր իսկական ներքին իմաստին թափանցել եւ ըստ այնմ որոշել իսկական գաղափարը։ Արդարեւ իրողութիւններու իսկութիւնը հասկնալու համար պէտք է թափանցել անոնց ներքին էութեան, քանի որ ոչ մէկ բան կարելի է կատարելապէս հասկնալ առանց անոր ներքին էութեան թափանցելու։
Այս իմաստով, յաճախ խօսքը անկարող կը մնայ ճշմարտութիւնը բացատրելու կամ յայտնելու, եւ պէտք կ՚ըլլայ խօսքը, եթէ կարելի է ըսել, «նիւթականացնել»։
Եւ «նիւթականացում»ը կ՚ըլլայ՝ օրինակներ, պատկերացումներ, տեսանելի եւ շօշափելի իրեր եւ իրողութիւններ ներկայացնելով՝ որոնք կը զօրացնեն եւ վերացականէ նիւթականի կը վերածեն գաղափարը՝ որ միայն «խօսք»ով հասկնալի չ՚ըլլար շատ անգամ։
Ուստի, ինչպէս մեր խորագրին մէջ ըսինք, կան այնպիսի շնորհքներ, որոնք կու գան Աստուծմէ մարդուն ձրիաբար եւ անոնք ընդունիլ կամ չընդունիլ մարդուն հոգեւոր եւ երբեմն ալ մտային կորողութեան կը մնայ։
Մեր խորհրդածութիւններու մէջ յաճախ կը կրկնենք «անդրադառնալ»ու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։
Մարդուս շատ շնորհքներ, երջանկութեան առիթներ կ՚ընծայուի Աստուծոյ կողմէ։ Անոնք որ կ՚անդրադառնան՝ երջանկութեան բարութիւնը կը վայելեն։
Այս իմաստով՝ մարդ պէտք է խօսքը եւ ըսուածը ո՛չ միայն լսէ, այլ հասկնալու համար թափանցէ անոր ներքին իմաստին։ Յիսուս ալ, յաճախ պարտաւորուած է իր ըսածները աւելի եւս պարզաբանել։ Ուստի երբ կը խօսի կեանքի մասին կ՚ըսէ. «Այն հացը, որ կեանք կու տայ եւ որուն վրայ ձեզի կը խօսիմ, ես իսկ եմ, ով որ այն հացը կ՚ուզէ, ինծի հետեւելու է, եւ ով որ ինծի կը հետեւի ան իր հոգիին անօթութիւնը կ՚անցընէ եւ այլեւս չ՚անօթենար եւ չի ծարաւիր» (ՅՈՎՀ. Զ 51):
Յիսուս «հաց»ով կը պարզաբանէ, «հաց»ի օրինակով կը բացատրէ վերացական գաղափար մը, ճշմարտութիւն մը, որպէսզի մարդիկ իրենց առջեւ ունենան նիւթական՝ տեսանելի եւ շօշափելի, ամէնուն համար պիտանի նիւթ մը։ Հացը ամէնուն անհրաժեշտ «նիւթ»ն է երկնային կեանքի համար. իսկ երկնայինի համար՝ «հաց»ի չափ անհրաժեշտ է Յիսուս, որ կը խոստանայ երկնային յաւիտենական կեա՛նքը։
Յիսուս կը շարունակէ եւ կ՚ըսէ. «Քիչ մը առաջ ձեզի կ՚ըսէի, թէ զիս միայն ձեր փորին կշտանալուն համար կը փնտռէք, եւ ո՛չ թէ իմ վարդապետութիւններով ձեր հոգին սնուցանելու համար. դարձեալ կ՚ըսեմ թէ իմ գործերս կ՚իմանաք, ականատես կ՚ըլլաք անոնց, հրաշքները կը տեսնէք, ճշմարտութիւններ կը լսէք, բայց եւ այնպէս չէ՛ք հաւատար։
«Ո՛վ որ Երկնաւոր Հօրմէս կ՚առաջնորդուի, ան ինծի կու գայ. եւ ով որ ինծի կու գայ, ես զայն ինձմէ չեմ հեռացներ, որովհետեւ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելուն համար՝ որ երկինքէն եկած եմ, այն միա՛յն զիս առաքող Երկնաւոր Հօր կամքը կատարելու համար։
«Իսկ Երկնաւոր Հօր կամքն ալ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ ամէն անոնցմէ, որ ինծի յանձնուած են, ո՛չ մէկը դո՛ւրս չթողում ու չկորսնցնեմ, այլ աշխարհի վերջը անոնց ամէնուն վերակենդանութիւն տամ եւ անոնք յաւիտենական կեանքին առաջնորդեմ։
«Իմ Երկնաւոր Հայրը բացարձակապէս կ՚ուզէ, որ ամէն անոնք՝ որ իր Որդին կը ճանչնան եւ անոր կը հաւատան՝ յաւիտենական կեանքը ընդունին, եւ ի վերջոյ կեանքի յարութեան արժանանան» (ՅՈՎՀ. Զ 43-47)։
Յիսուսի այս խօսքերը կատարեալ նմանութիւն ունին Պրոբատիկէի քարոզութեան խօսքերուն հետ։
«Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ո՛չինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ի՛նչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ։ Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ։
«Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ի՛նչ որ ինք կը կատարէ։ Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի՜ գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին, այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք…» (ՅՈՎՀ. Ե 19-20):
«Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, քանի որ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է» (ՅՈՎՀ. Ե 24)։
Յարութիւնը եւ կեանքը, հոգեւոր վերակենդանութիւնն է, որ է «վերարդարութիւն», այսինքն վերստին արդարանալ՝ մեղքերու մէջ ինկած ըլլալով նորէն արդարութեա՛ն դառնալ։ Յիսուսի վերոյիշեալ խօսքերը «այլաբանական իմաստ» ունին. Բեթսայիդայի նիւթական հացը առիթ կ՚ընծայէ ճշմարիտ վերդապետութիւնը «հոգեւորական հաց» անուանելու, եւ այդ վարդապետութիւնն ալ իր քարոզածը ըլլալով՝ ի՛նք կ՚ըլլայ «երկնաւոր հաց»ը տուողը, ինչպէս եղած էր «նիւթական հաց»ը տուողը։
Յիսուսի անձին եւ պաշտօնին՝ առաքելութեան եւ վարդապետութեան մէջ եղած անձուկ եւ սերտ կապակցութիւնը իրաւունք կու տայ Յիսուսի այլաբանութիւնը ընդարձակելու, եւ ինչպէս կ՚ըսէր՝ թէ իր ակնարկած «հոգեւորական հաց»ը՝ իր իսկ վարդապետութի՛ւնն է, նոյն կերպով ալ կ՚աւելցնէ.
«Ես եմ հացն կենաց», «Ես եմ կենդանի հացը» կամ «Ես եմ կեանքի հացը» (ՅՈՎՀ. Զ 35)։
Իսկ Յիսուսի սա խօսքերը՝ թէ «Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան…» (ՅՈՎՀ. Զ 37), այնպէս կը հասկցուի, որ իբր թէ Յիսուսի եկողները Հայր Աստուած ի՛նք կ՚որոշէ եւ կը սահմանէ, եւ այս առթիւ կը կարծուի թէ կը տկարանան Յիսուսի Հրեաներուն ուղղած յանդիմանութիւնները՝ թէ իրեն չեն գար եւ չեն հետեւիր։
Ուստի ամէն «կրօնապէս բարոյական» եւ «հոգեւորապէս արդիւնական» գործերուն մէջ, երկու պայմաններ համընթաց եւ անբաժան կը քալեն. տուչութիւնը Աստուծմէ է եւ ձրի՛ է. ընդունելութիւնը մարդէն է եւ կամաւո՛ր է։ Այս իրողութիւնը ժողովրդական իմաստութեամբ սապէս ներկայացուած է, որ ամէնուն ծանօթ խօսք մըն է. «Խորհուրդ մարդկան՝ կամք Աստուծո՛յ»։ Եւ կամ կ՚ըսուի. «Մարդ կը ծրագրէ եւ Աստուած կը ծիծաղի»։ Աստուած, արդարեւ կը ծիծաղի, քանի որ առանց Իր կամքին ո՛չինչ կ՚իրականանայ եւ ո՛չինչ կը կատարուի։
Ուստի Աստուծմէ տրուածը «շնորհք» է, իսկ մարդուն ըրածը «գործ» է։
Աստուածային շնորհքը եւ մարդկային գործը՝ իրարու համաձայնելով, մարդուս հոգեւոր փրկութիւնը կը պատրաստեն։
Եթէ ոչ նոյնութեամբ, այլ շատ մը նմանութիւններով, օրինակ մըն է անձրեւը։ Անձրեւը ձրիաբար եւ առանց մարդու աշխատութեան եւ գործակցութեան հողը չ՚արգասաւորեր, եւ մարդուն կեանքին հարկաւոր արտերը եւ այգիները եւ պարտէզները պտղաբերել չի տար։
Յիսուս կ՚ըսէ նաեւ. «Ես եմ երկինքէն իջած հացը»։
Արդարեւ, «Ես եմ կեանքի հացը» եւ «Ես երկինքէն իջած եմ». այս երկու խօսքը իրարու կցուած են եւ կը գայթակղեցնեն Հրեաները այս խօսքերը։
Բայց Յիսուս կը հաստատէ իր խօսքը, քանի որ ան նախ եւ առաջ իր վարդապետութիւնը, յետոյ իր պաշտօնը՝ առաքելութիւնը, եւ վերջապէս իր իսկ անձը «մանանայ»ին հետ բաղդատութեան դրած էր։
Հրեաներուն համար անընդունելի եւ անմարսելի էր ո՛չ թէ «հաց»ի նմանութիւնը, այլ «երկինքէն իջած» ըլլալը։ Կ՚ըսէին, թէ կը ճանչնան անոր հայրը, ան Յովսէփին զաւակն է, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ ըսել, թէ ինք «երկինքէն իջած է»։
Յիսուս անոնց կը պատասխանէ՝ շարունակելով հացի այլաբանութիւնը մանանայի բաղդատութեամբ…։
- Սկզբնաղբիւր.- «ՀԱՄԱՊԱՏՈՒՄ», Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, 101 եւ 53 հատուածներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 12, 2016, Գնալը կղզի