ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐ

«Վերամուտ» երբ կ՚ըսուի, մարդուս մէջ ինքնաբերաբար կ՚արթննան յիշատակներ, աչքի կ՚երեւին դէմքեր, վերստին կ՚ապրուին պահեր, որոնք անջնելիօրէն տպաւորուած են միտքերու մէջ։ Արդարեւ վերամուտը կը խորհրդանշէ վերսկիզբ մը, կեանքի մը ապրումներու նոր սկզբնաւորութիւն մը։ Եւ այս իմաստով վերամուտը նոր որոշումներ, նոր մտադրութիւններ ունենալու լաւագոյն առիթ մըն է, եւ ո՛չ թէ ամուլ շրջանակի մը անիմաստ եւ աննպատակ թաւալումը, որ կեանքի որոշ մէկ շրջանին ամէն տարի կը կրկնուի։

Կարճ կամ երկար, ամէն մարդ ապրած է վերամուտի պահեր, որոնք քիչ կամ շատ տպաւորած են զինք, մինչեւ իսկ ընթացք են տուած իր կեանքին։ Եղած եւ ապրուած են վերամուտներ, որոնք բոլորովին փոխած են կեանքեր, անդրադառնալու առիթ ընծայած են կեանքի ճշմարտութիւնները ճանչնալու։

Բայց երբ «վերամուտ» կ՚ըսենք, անիկա կ՚ենթադրէ սկիզբի մը կրկնութիւնը, արդէն սկսած ընթացքի մը տեւականութիւնը, շարունակականութիւնը։ Այս իմաստով շատ աւելի՛ տպաւորիչ է «առաջի՛ն մուտք»ը, որ իրապէս կեանքի նոր սկիզբ մըն է, իր ապրումներով, նախապէս ապրուած միջավայրէն բոլորովին տարբեր միջավայրով եւ նո՛ր դէմքերով։

Արդարեւ «առաջին մուտք»ը, ենթակային կը ներկայացնէ «նոր կեանք» մը։ Առաջին մուտքին ենթական՝ մանուկը ծնողներու, ընտանիքի միջավայրէն կը փոխադրուի դաստիարակներու, ուսուցիչներու, մանկավարժներու՝ դպրոցական միջավայրին։ Եւ հոն այլեւս փոխանակ ծնողներու՝ կան ուսուցիչներ, եւ փոխանակ եղբայրներու՝ կան դասընկերներ։

Խորհեցէ՛ք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մատղաշ, դեռատի մանուկի մը անփորձ միտքը ի՞նչպէս կրնայ ընդունիլ այդ փոփոխութիւնը եւ համակերպիլ նոր միջավայրին։ Ծնողներու մօտ՝ ընտանիքի մէջ ապրուած կեանք մը, որ անմիջապէս կը փոխուի ուսուցիչներու մօտ՝ մանկապարտէզի-դպրոցի մէջ ապրուելիք կեանքի մը։ Դեռատի միտքերու եւ հոգիներու համար իսկապէ՛ս անըմբռնելի, դժուար կացութիւն մը, մանկական միամտութեան անբացատրելի վիճակ մը՝ որ մանուկներու կու տայ կեանքի առաջին փորձառութիւնը, եւ հո՛ն ահաւասիկ կը նետուի առաջին քայլը կեանքի պայքարին։

Մանուկին կեանքին մէջ այլեւս ամէն ինչ փոխուած է. հոն կը սորվի նա՛խ «հաւասարութիւն»ը՝ թէ ինք այլեւս իր ծնողներուն միակ զաւակը չէ, այլ մանկապարտէզին մէջ գտնուող բոլոր միւս մանուկներուն հետ հաւասարապէս պէտք է բաժնէ իր առանձնաշնորհութիւնները։ Եւ այս զգացումը առաջին անգամ՝ «առաջին մուտք»ին, մանուկին մէջ կ՚արթնցնէ «արդարութեան» գաղափարը։ Քանի որ իրեն «հաւասար»ներ կայ, ուրեմն կա՛յ «իրաւունք» եւ «պարտաւորութիւն»ներ՝ որոնց գործադրութիւնը «արդարութիւն» կը պահանջէ։ Անշուշտ մանուկէն չի սպասուիր այսքան նուրբ խորհրդածութիւն մը, բայց գոնէ առաջին սերմերը կը սերմանուին անոր մտքին մէջ՝ ապագային «արդար մարդ»ը հասցնելու նուիրական գործին մէջ։

Եւ ահաւասիկ, այս կէտին մեծ եւ կարեւոր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի նախ ծնողներուն եւ յետոյ ուսուցիչներուն, մանուկը կարենալ դիւրութեամբ համակերպելու իր նոր միջավայրին, նոր կեանքին, որ սկսած է արդէն «առաջին մուտք»ով՝ դպրոց կամ մանկապարտէզ։ Ա՜յնքան կարեւոր է այդ «առաջին մուտք»ը, քանի որ այդ պահուն կը սկսի մանուկին առաջին ծանօթութիւնը իսկական կեանքին։ Եւ դարձեալ, հոն է որ կը ծանօթանայ «ուրիշ»ին հետ, որ իր հետ պիտի ըլլայ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Հո՛ն է որ առաջին անգամ մանուկը պիտի անդրադառնայ եւ տեսնէ, որ ինք չէ՛ միակը այս աշխարհի վրայ եւ կան «ուրիշ»ներ, որոնք իրեն «նման» են, ամէն մէկը «ինք»՝ առանց խտրութեան եւ առանց որեւէ բացառութեան։

Մանուկը այդ «առաջին մուտք»ին իսկ կը սորվի տալու, բաժնելու այն՝ ի՛նչ որ իրեն կը պատկանի կամ կը կարծէ, թէ միայն իրեն կը պատկանի. քանի որ կը տեսնէ, թէ ի՛նչ որ է ինք, նո՛յնն է ուրիշը։

Եւ մանուկը «առաջին մուտք»ին կը վայելէ տալու եւ բաժնելու երջանկութիւնը, փոխանակ իւրացնելու ամէն ինչ, կարծելով թէ միայն ի՛նք կայ այս աշխարհի վրայ։ Մանուկին մէջ հետզհետէ կը ստեղծուի «ուրիշ»ի գաղափարը, որ ամէն բանով հաւասար է իրեն, եւ ան ալ ունի իրաւունք եւ ազատութիւն, եւ անշուշտ պարտք եւ պարտաւորութի՛ւն։

Իսկ «վերամուտ»ը առիթ մըն է վերյիշելու եւ մտաբերելու «առաջին մուտք»ը իր բոլոր տպաւորութիւններով, կեանքի առաջին փորձառութիւններով։

Կարելի՞ է մոռնալ այդ «առաջին մուտք»ի հոգեվիճակը, այդ անբացատրելի զգացումները։ Զոր օրինակ, այս տրուպ գրիչը, այսօրուան պէս կը յիշէ եւ կ՚ապրի իր «առաջին մուտք»ի խորհրդաւոր պահը, հազի՛ւ 5 տարեկան, երբ տամկացած աչերով՝ սեղմօրէն բռնած իր հօր ձեռքը, առաջին անգամ պիտի բաժնուէր ընտանիքէն, յետոյ դպրոցին սեմին, ահաւասիկ կը ծանօթանայ իր «նոր ընտանիք»ին անդամներուն հետ՝ ակամայ թողլով իր հօր տաքուկ ձեռքը, առաջին մուտքին դպրոցի մուտքի սեմին՝ Հ. Հմայեակ Ծ. Վրդ. Համբարեանը, յետոյ առաջին մուտքի առաջին դասարանին դուռը՝ որուն առջեւ կանգնած ժպտադէմ սիրուն մանկավարժուհին՝ Օր. Արաքսին… ուրի՜շներ… եւ դասարանին մէջ դարձեալ «ուրիշ»ներ, առաջին մուտքի առաջին ընկերներ՝ Յակոբը, Արսօ, Եդուարդ, Սողոմոն եւ անոնց պէս «ուրիշ»ներ, որոնք նոր կեանքի մը սեմին նո՛ր ընտանիքին անդամներն էին եւ անոնց ընկերութիւնը պիտի տեւէր ամբողջ կեանքի մը ընթացքին։

Կարելի՞ է մոռնալ այդ «առաջին մուտք»ը, որ կը յաջորդէր տունէն «առաջին ելք»ին, առաջին անջատման դէպի նոր տուն՝ դպրո՛ց, ուր պիտի սկսի կեանքի ճամբան՝ «ուրիշ» կարծուած իրեններուն հետ։

Այդ պահուն մարդ կը ծանօթանայ «ուրիշ»ի հետ եւ կ՚անդրադառնայ, թէ այդ «ուրիշ»ը տարբերութիւն չունի «իրեն»ներէն, եւ իրմէ, քանի որ այդ «ուրիշ»ը ի՛նքն է եւ առանց «ուրիշ»ին աջակցութեան կեանքը ապրիլ կարելի չէ՛։ Ուստի «ուրիշ»ը եւ «ինք»ը կը կազմեն կեանքը, որ պայքար մըն է ամբողջովին։

«Առաջին մուտք»ին կը յաջորդեն բազմաթիւ «վերամուտ»ներ, բայց ո՛չ մէկը այնքան տպաւորիչ կրնար ըլլալ քան՝ առաջին մուտքը։ Եւ շրջան մը կու գայ, երբ կը վերջանան «վերամուտ»ները։ Բայց միջոց մը վերջ, տարբեր «ուրիշ»ներու շնորհիւ դարձեալ կը սկսին շարունակուիլ վերամուտներու ոգեւորութիւնը։

Մարդ կ՚ամուսնանայ «ուրիշ»ի մը հետ եւ «ուրիշ»ը եւ ինք կ՚ըլլան «մէ՛կ»։ Այդ «մէկ»էն կը բազմանան դարձեալ «ուրիշ»ներ՝ զաւա՜կներ։

Այս տրուպ գրիչին ալ «վերամուտ»ները դարձեալ սկսաւ եւ շարունակեց իրմէ անբաժանելի «ուրիշ»ի մը շնորհիւ՝ Աննիկ Գալփաքճեանի շնորհիւ, քանի որ ան կրթական մշակ մըն էր եւ տարինե՜ր շարունակ ապրեցաւ «վերամուտ»ներ եւ ապրեցուց ամբողջ ընտանիքին… Բայց տակաւին չէր վերջացած «վերամուտ»ներու ապրումները, այս անգամ ընտանիքին կրտսեր անդամները՝ Գրիգոր եւ Արարատ ապրեցան «առաջին մուտք»ի պահը, եւ յետոյ բազմաթիւ «վերամուտ»ներ։ Եւ կը շարունակուին «առաջին մուտք»եր եւ վերամուտներ անոնց զաւակներուն շնորհիւ։ Բայց անոնք շատ աւելի վա՛րժ են այդ «առաջին մուտք»երուն եւ վերամուտներուն, քանի որ իրենց մեծ մայրիկէն՝ Աննիկ Գալփաքճեանէ փոխանցուած աւանդութեամբ անոնք իրենց մտքին մէջ գրեթէ նոյնացուցած են տունը եւ դպրոցը, ծնողքը եւ ուսուցիչը, բնական ընտանիքը եւ կրթական ընտանիքը։ Երանի՜ անոնց եւ անոնց նմաններուն. բարեբեր վերամուտներու մաղթանքներով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 5, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2019