ՀԱՅՐ ԱՐՍԷՆ ԱՅՏԸՆԵԱՆ (1825-1902)
Հայ լեզուաբանութեան հիմնադիրներէն Հայր Արսէն Այտընեան ծնած է Պոլիս, 1825 թուականին։
Վիեննայի Մխիթարեաններու մօտ, ան հետզհետէ կը հմտանայ մատենագրութեան, փիլիսոփայութեան, իտալերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, արաբերէնի եւ թրքերէնի մէջ։ Հայր Արսէն Այտընեան ծանօթ է եղած նաեւ յունարէնի, սանսկրիտի, պարսկերէնի եւ այլ լեզուներու։
Մխիթարեան Միաբանութեան անդամակցելէ յետոյ, Հայր Այտընեան զբաղած է նաեւ մանկավարժական գործունէութեամբ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ, միաժամանակ ծառայելով գիտական ճոխ եւ ընդարձակ գործունէութեան, հետզհետէ ծաւալելով իր այս կարգի գիտական աշխատութիիւնները։
Հայր Այտընեան, 1886 թուականին ընտրուած է Մխիթարեան Միաբանութեան աբբայ՝ վանահայր։
Ան վախճանած է 1902 թուականին, Վիեննայի մէջ։
Իր բեղուն, արդիւնալից աշխատութեամբ, Հայր Այտընեանի վաստակը եւ աւանդը մեծ է եղած Հայ լեզուաբանութեան բնագաւառին։
Անկախ իր այլեւայլ ուսումնասիրութիւններէն, գիտական աշխատութիւններէն, իր հիմնադրած «ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ»էն, ան 1866 թուականին կը հրատարակէր իր «ՔՆՆԱԿԱՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ ԿԱՄ ԱՐԴԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ» աշխատասիրական լայնածաւալ գործը, որ նոր «դարագլուխ» բացաւ հայագիտութեան ընդարձակ բնագաւառին մէջ։ Հայր Այտընեանի այս գործը, արդարեւ, մինչեւ այսօր տակաւին կը պահէ իր արժէքը՝ որ վստահելի աղբիւր մըն է այն բոլորին՝ որ կը հետաքրքրուին հայ լեզուով եւ անոր ուսուցումով մանաւա՛նդ։
Հայր Այտընեան թափանցելով եւ խորանալով լեզուի զարգացման տեսութիւններուն մէջ, ի վերջոյ կը յանգէր այն եզրակացութեան թէ՝ գրաբարը, թէեւ նոր եւ զարգացած լեզու է, բայց հարկ է որ իր տեղը զիջի աշխարհաբարին, որ աւելի մօտ է ժողովուրդի մտածելակերպին, որովհետեւ լեզուն՝ «խորհող մտքի ձայնաւոր նշան»ն է։
Արդարեւ, մտքի հսկայ թռիչք կայ «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» երկին մէջ. լեզուաբանական մեծ ոստումներ, մինչ իր ժամանակակիցները լեզուի էութեան, անոր զարգացման բնոյթի եւ օրինաչափութիւններու բացայայտման գիծով տակաւին խարխափումներու մէջ էին։
Հայր Արսէն Այտընեան եղած է նաեւ «երգահանգ-երաժշտագէտ»։ Ան դաշնաւորած է հոյակապ բազմաձայն Սուրբ Պատարագ մը, նուագախումբի ընկերակցութեամբ։
Իսթանպուլի մէջ «Մխիթար» երգչախումբի կողմէ իրագործուած է Այտընեանի Սուրբ Պատարագը, երկու անգամ, խմբավարութեամբ հանգուցեալ Տքթ. Տիգրան Մամիկոնեանի։ Այնուհետեւ իրագործուած է նաեւ Յովհաննէս Չէքիճեանի խմբավարութեամբ։ Իսկ հոգելոյս Հայր Համբարեանի յոբելեանի հանդէսի Սուրբ Պատարագին՝ «Մխիթար» երգչախումբը, առանց նուագախումբի ընկերակցութեամբ՝ բազմաձայն երգած է Հայր Այտընեանի Սուրբ Պատարագը՝ խմբավարութեամբ հանգուցեալ Պերճ Շիկահերի եւ երգեհոնահարութեամբ հանգուցեալ Տքթ. Հերման Միսքճեանի՝ որ նուագախումբի բաժինը կիրարկած է։
«Մշակոյթի հոգին՝ հոգիին մշակոյթն է», կ՚ըսէ գերման մշակոյթի հանճարամիտ ներկայացուցիչը՝ Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէ։ Արդարեւ, ժողովուրդ մը, որ գիտէ գնահատել արժէք եւ արժանիք, այն հաւաքականութիւնը՝ որ կը ձգտի ազնիւ եւ բարձր գաղափարականներու իրագործումին, որ կը դիմէ ճշմարիտին, բարիին եւ գեղեցիկին միայն, ահաւասիկ, ան մշակոյթ ունի։ Թէ ի՞նչ է մշակոյթը ընդհանրապէս։ Հայր Արիստակէս Վարդապետ Պօհճալեան սապէս կը սահմանէ մշակոյթը. «Զարգացում, հարստացում, ազնուացում՝ հոգւոյ զանազան կարողութիւններու, ընկալեալ առաքինութիւններու ամբողջը, ժողովուրդի մը բարոյական կրթութիւնը, ծանօթութիւններ կարգուսարքի՝ որ դիւրատար կ՚ընէ մարդկային կեանքը»։
Արդարեւ Հ. Գրիգորիս Վարդապետ Մանեան կ՚ըսէ. «Հոգեկան յուզումի վայրկեաններու մէջ՝ ձա՛յն մը.- առ, կարդա՛, կը թելադրէր իրեն … Տեսաւ գիրքը բարեկամի ձեռքին մէջ, առաւ եւ կարդաց Պօղոս առաքեալի մէկ նամակը, յուզում եւ տարակոյս փարատեցան. որոշեց քրիստոնեայ ըլլալ… Ընթերցումը՝ Քրիստոսի Եկեղեցիին Սուրբ Օգոստինոս, մեծ վարդապետը ծնաւ…»։
Մշակոյթի ծառայել, մշակոյթի հսկայ շէնքին վրայ քար մը աւելցնել՝ մարդկութեան ի նպաստ կատարուած մեծ ծառայութիւն մըն է, եւ երանելի՜ են անոնք, որ գիտեն այդ «քար»ին արժէքը եւ բծախնդրութեամբ, երբեմն զոհողութեամբ կ՚աւելցնեն այդ քարը մշակոյթի շէնքին վրայ։ Իւրաքանչիւր անհատ իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով պէտք է պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունենայ մշակոյթի մը զարգացման իր բաժինը բերելու նուիրական գործին։
Արդարեւ, այս գիտակցութեան հաստատման համար ողջամիտ ե՛ւ լուսամիտ անձեր պէտք է բերեն իրենց մասնակցութիւնը՝ իրենց կարծիքներով, հզօր եւ ողջախոհ գրիչով, շինիչ խօսքերով, նոյն ինքն իրենց տիպար կեանքով։ Ահաւասի՛կ, այս է պատասխանատուութիւնը մշակութասէր անհատին։ Եւ երբ «մշակոյթ»ի մասին է խօսքը, պէտք է նկատի ունենալ անոր ամենէն կարեւոր տարրը՝ լեզո՛ւն, որ հոգին է, միտքն է եւ ամէն ինչն է մշակոյթին՝ անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման։ Յարգը գիտնանք լեզուին եւ անոր մշակներուն, ծառայողներո՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 4, 2018, Իսթանպուլ