ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔ

«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ։ Իր իմաստութեամբ է որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկիրները», (ԱՌԱԿ. Գ 18-19)։ Արարչագործութեան խորհուրդը, ահաւասիկ, կը բացայայտուի Աստուածաշունչ Մատեանի Առակաց Գիրքի այս հատուածով։ Ուստի, Աստուած կը ստեղծէ իմաստութեամբ եւ սիրով։ Աստուած ըստ Իր իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը։ Ան անհրաժեշտութեան մը, կոյր ճակատագրի մը, կամ դիպուածի մը արտդրութինը չէ։ Ան յառաջ կու գայ Աստուծոյ ազատ կամքէն, որ ուզեց արարածները «մասնակի՛ց» դարձնել Իր էութեան, Իր իմաստութեան եւ Իր բարութեան։ «Որովհետեւ Դուն ստեղծեցիր ամէն բան. Դուն ուզեցիր որ անոնք գոյութիւն ունենան, եւ անոնք ստեղծուեցան», (ՅԱՅՏ. Դ 11)։

«Ո՜րքան բազմաթիւ են, Տէր, Քու գործերդ։ Քու իմաստութեամբ ստեղծեցիր զանոնք», (ՍԱՂՄ. ՃԳ 24)։

«Բարի է Տէրը ամէնուն հանդէպ, Անոր գորովը կը տարածուի Իր բոլոր գործերուն վրայ», (ՍԱՂՄ. ՃԽԴ 9)։

Աստուած, ստեղծելու համար, նախապէս գոյութիւն ունեցող ո՛չ մէկ բանի եւ ո՛չ մէկ օգնութեան կարիքը ունի։ Արարչագործութիւնը անհրաժեշտ բխում մըն է աստուածային գոյացութենէն։ Աստուած ազատօրէ՛ն կը ստեղծէ «ոչինչ»էն։ Արդարեւ, Սուրբ Թէոփիլիոս Անտիոքացի սապէս կ՚ըսէ. «Ի՞նչով արտակարգ պիտի ըլլար եթէ Աստուած աշխարհը նախագոյ նիւթէ մը ձեւաւորէր։ Արհեստագործ մարդը, երբ անոր նախանիւթ մը տրուի, գիտէ անով ձեռակերտել ի՛նչ որ կ՚ուզէ։ Մինչդեռ Աստուած Իր զօրութեամբ կը յայտնուի՝ Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի ճիշդ այն ատեն, երբ Ան կը մեկնի ոչինչէն՝ ստեղծելու համար ի՛նչ որ կ՚ուզէ»։

Ուստի, «ոչինչ»էն կատարուած արարչագործութեան հանդէպ աներկմիտ հաւատքը Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ վկայուած է որպէս խոստումով եւ անսարսելի յոյսով լի ճշմարտութի՛ւն մը։

Արդարեւ, եօթը որդիներու մայրը զանոնք մարտիրոսութեան այսպէս կը խրախուսէ. «Ես չեմ գիտեր, թէ դուք ինչպէս յայտնուեցաք իմ արգանդիս մէջ. ես չե՛մ որ ձեզի հոգի եւ կեանք պարգեւեցի։ Ես չե՛մ որ կազմեցի տարրերը, որ կը բաղկացնեն ձեզմէ իւրաքանչիւրը։ Աշխարհի Արարիչը, որ կազմեց մարդը եւ որ սկիզբն է ամէն բանի, Ան Իր ողորմածութեամբ վերստին պիտի տայ ձեզի թէ՛ հոգին եւ թէ՛ կեանքը, որովհետեւ դուք հիմա դուք ձեզի չէք խնայեր՝ ի սէր Անոր օրէնքներուն։ Որդեակ իմ, դիտէ՛ երկինքն ու երկիրը եւ տե՛ս ամէն ինչ որ կայ անոնց մէջ, գիտցի՛ր, թէ Աստուած ստեղծեց զանոնք ոչինչէն եւ նոյն ձեւով ալ գոյացած է նաեւ մարդկային ցեղը», (Բ ՄԱԿ. Է 22-23, 28)։ Քանի որ Աստուած կարող է ոչինչէն ստեղծել, կարող է նմանապէս Սուրբ Հոգիով թէ՛ մեղաւորներուն հոգիին կեանքը տալ՝ անոնց մէջ ստեղծելով մաքուր սիրտ (ՍԱՂՄ. Ծ 12), թէ՛ մարմինի կեանքը տալ մեռեալներուն՝ Յարութեամբ, Ինք «որ կը կենդանացնէ մեռեալները եւ անգոն կը կանչէ դէպի գոյութիւն», (ՀՌՈՄ. Դ 17)։ Ինք որ Իր Խօսքով կարողացաւ ժայթքեցնել լոյսը խաւարէն (ԾՆՆԴ. Ա 3), կարո՛ղ է նաեւ հաւատքի լոյսը տալ անոնց որ կ՚անգիտանան զԻնք (Բ ԿՈՐՆ. Դ 6)։

Եւ քանի որ Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարեկարգ է. «Դուն ամէն ինչ կարգաւորեցիր չափով, թիւով եւ կշիռքով», (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 20)։

Յաւիտենական Բանով եւ Բանին մէջ գոյութիւն ունեցած արարչագործութիւնը իբր «պատկեր անտեսանելի Աստուծոյ», (ԿՈՂ. Ա 15), վիճակուած եւ ուղղուած է Աստուծոյ պատկեր մարդուն. (ՍԱՂՄ. ԺԸ 2-5), որ իր հերթին կոչուած է «անձնական յարաբերութեան Աստուծոյ հետ»։ Ուստի, մարդուս իմացականութիւնը քանի որ մասնակի՛ց է աստուածային Իմացողութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միանգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան ոգիով եւ յարգանքով, իմանալ ի՛նչ որ Աստուած կ՚ըսէ իրենց Իր արարչագործութեամբ։

Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն, ան կը մասնակցի այս բարութեան, եւ ուրեմն մարդը բնութեամբ «բարի՛» է։ «Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի էր. շատ բարի». (ԾՆՆԴ. Ա, Դ, Ժ, ԺԲ, ԺԸ, ԻԱ, ԼԱ)։ Որովհետեւ արարչագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր «պարգեւ» մը մարդուն եւ իբր «ժառանգութիւն» մը, որ սահմանուած է եւ վստահուած անոր։ Իւրաքանչիւր արարած ունի իր յատուկ բարութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Ուստի, «վեցօրեայ գործեր»ուն իւրաքանչիւրին համար ըսուած է. «Եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էր»։ Եւ արարչագործութեան զօրութեամբ է, որ բոլոր իրերը կայացած են ըստ իրենց գոյացութեան, ըստ իրենց իսկականութեան, ըստ իրենց յատուկ բարելաւութեան, իրենց իւրայատուկ կարգաւորութեամբ եւ օրէնքներով, ի՛նչ որ կը նշանակէ, թէ արարչագործութիւնը աստուածային Իմաստութեան արդիւնք է։ Եւ ընդհանրապէս կեա՛նքը Իմաստութեան ստեղծած վիճակ մը, իրողութիւն մըն է։

Իրենց յատուկ էութեան համեմատ Աստուծմէ ուզուած եւ ստեղծուած այլազան արարածները, Աստուծոյ անհո՜ւն իմաստութեան եւ բարութեան ճառագայթը կը ցոլացնեն՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով։ Այս պատճառով, մարդը պարտի յարգել իւրաքանչիւր արարածին յատուկ պիտանիութիւնը, որպէսզի խուսափի անոնց անկարգ գործածութենէն, ի՛նչ որ արհամարհանք է անոնց Արարիչին. իսկ մարդոց եւ անոնց շրջապատին համար՝ աղէտալի հետեւանքներ յառաջ բերող։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ արարչագործութիւնը Իմաստութեան հետեւանքն է։

Իմաստութիւնը կ՚ենթադրէ «հաւասարութիւն»ներ եւ «տարբերութիւն»ներ։ Այր-մարդը եւ կին-մարդը «ստեղծուածներ» են, այսինքն «ուզուած» են Աստուծմէ. մէկ կողմէն՝ մարդկային անձերու կատարեալ հաւասարութեամբ, եւ միւս կողմէն այր-մարդու եւ կին-մարդու իւրայատուկ լինելութեամբ։ «Ըլլալ այր», «ըլլալ կին» Աստուծմէ ուզուած բարեշնորհ իրականութիւն մըն է։ Այր-մարդը եւ կին-մարդը ունին անկորնչելի արժանապատուութիւն, որ անմիջականօրէն կու գայ Աստուծմէ՝ իրենց Արարիչէն։

Այր-մարդը եւ կին-մարդը համազօր արժանապատուութեամբ ստեղծուած են «ըստ Աստուծոյ պատկերին»։ Իրենց «այր-մարդ»ու եւ «կին-մարդ»ու լինելութեամբ անոնք Արարչին իմաստութիւնը եւ բարութիւնը կ՚արտացոլացնեն։

Աստուած ո՛չ մէկ ձեւով մարդուն պատկերին համեմատ է։ Ան ո՛չ այր է եւ ո՛չ ալ կին։ Աստուած զուտ հոգի է եւ անոր մէջ սեռերու տարբերութիւնը տեղ չունի։ Բայց այր-մարդուն եւ կին-մարդուն «կատարելութիւն»ները Աստուծոյ անհո՜ւն կատարելութենէն եւ իմաստութենէն բան մը կը ցոլացնեն։ «Միատեղ» ստեղծուած՝ մին միւսին համար ուզուած են Աստուծմէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 7, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020