ՍԷՐ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
Աստուած Սէր է եւ Արդարութիւն։ Ուրեմն, սիրոյ եւ արդարութեան մէջ ներքին եւ աստուածային կապ մը գոյութիւն ունի։ Արդարեւ, այն որ սէր չունի՝ արդար ալ չի կրնար ըլլալ, քանի որ արդարութեան նախապայմանն է հաւասարութիւն, եւ սիրոյ չափ հաւասարութիւն պահանջող զգացում մը գոյութիւն չունի։ Եւ այս իմաստով, արդարութիւնը սէր կը պահանջէ։
Խորհեցէ՛ք սիրելի՜ներ. եթէ մէկը սէր չունի, ինչպէ՞ս կրնայ նոյն կերպով վարուիլ չարին եւ բարիին հետ, քանի որ Աստուած Իր լոյսը կը սփռէ հաւասարապէս թէ՛ չարին եւ թէ բարիին վրայ։ Նաեւ, այն որ սէր չունի, ինչպէ՞ս կրնայ նոյն անկեղծութեմբ մօտենալ թէ՛ աղքատին եւ թէ հարուստին։ Եւ այն որ սէր չունի, ինչպէ՞ս կրնայ հաւասար նկատել զօրաւորը եւ տկարը իրենց Արարչին՝ Աստուծոյ առջեւ։
Աստուած, արդարեւ, Ինքզինք կը յայտնէ որպէս Սէ՛ր. սէր՝ անխտիր ամբողջ մարդկային էակներու եւ այս իսկ կ՚ենթադրէ արդարութիւն։ Իր բոլոր գործերուն մէջ Աստուած ցոյց կու տայ Իր բարեհաճութիւնը, Իր բարութիւնը, Իր շնորհքը, Իր սէրը, բայց նաեւ Իր վստահելիութիւնը, Իր հաստատամութիւնը, Իր հաւատարմութիւնը, Իր ճշմարտութիւնը։
Աստուած անսկիզբ եւ անժամանակ՝ բացարձակ Արդար է Իր իսկ բնութեամբ։ Աստուած արդարութիւնն իսկ է, քանի որ «Աստուած լո՛յս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Ինք «Սէր» է. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8), եւ Անոր բնութեան մէջ միաձուլուած են Սէրը եւ Արդարութիւնը։
Սիրոյ արգասիքներէն են գութը եւ ողորմութիւնը։ Բայց մարդկայնօրէն գութը եւ ողորմածութիւնը «արգելք»ներ են արդարութեան։ Ուստի արդարութեան մէջ գութը եւ ողորմածութիւնը տեղ չունի։ Բայց աստուածային արդարութիւնը կը հաշտեցնէ այն հակադիր արժէքները. Աստուած գթած է եւ ողորմած, բայց նաեւ բացարձակ արդա՛ր։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, կը տարուբերին գութի եւ արդարութեան միջեւ, եւ ինչպէս կը տեսնուի, գութը կը վիրաւորէ արդարութիւնը։
«Ճշմարտութիւնը սկիզբն է Քու խօսքիդ, յաւիտենական են Քու արդար դատաստաններդ». (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 160)։ Արդարեւ, արդարութիւնը կ՚ենթադրէ ճշմարտութիւն եւ Աստուած ճշմարտութիւնն իսկ է եւ Անոր համար անարդարութեան, անիրաւութեան հարց գոյութիւն չունի, քանի որ բացարձակ ճշմարտութիւնը արդարութիւն իսկ է։ Արդարութիւնը, արդարեւ, այն բարոյական առաքինութիւնն է՝ որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ իր նմանին, ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։ Ուստի, մարդուն արդարութեան ըմբռնումը կը յենուի աստուածճանաչութեան եւ գիտակցութեան վրայ։
Արդար մարդը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ՝ մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ։
«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ». (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։
Արդարութիւն հաստատել անկարելի չէ, բայց դժուա՛ր, եւ մարդ պէ՛տք է յաղթահարէ այդ դժուարութիւնը՝ սիրո՛վ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 7, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024