«ԿԻՆ-ՄԱՐԴ» ԵՒ «ԱՅՐ-ՄԱՐԴ»

Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, ապա Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան (1951-1961), «Շողակաթումներ-1925» գիրքին մէջ հրատարակուած «Կինը եւ մայրը» քարոզ-յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Փոքրիկ շեղում մը։ Ի՞նչ է կին-մարդը համեմատութեամբ այր-մարդուն», եւ կը շարունակէ. «թերեւս չիկայ աւելի ճշգրիտ ու խորհրդապաշտիկ ըմբռնում մը քան այն՝ զոր Աստ-ւածաշունչը կը պատկերացնէ ստեղծագործութեան պատմութեան առաջին էջին մէջ իսկ։ Կին-մարդը հաւասար է այր-մարդուն, վասնզի այր (եբրայեցերէն՝ իշ) եւ կին (եբր. իշշա) միասին կը կազմեն ՄԱՐԴը, հաւասարապէս կրելով Աստծու պատկերը։ Սուրբ-գրական այն յարասութիւնը թէ կի՛նը .- այր-մարդէն ստեղծուեցաւ եւ ո՛չ թէ այրը կնոջմէն -, չի՞ հակասեր այն ճշմարտութեան, նոյնպէս սուրբ-գրական, թէ .- ա՛յրն ալ կնոջմէ է - ծնած եւ երկուքը, ինչպէս .- ամէնը՝ Աստուծմէ։ Յետոյ ինք - նախահայրն - անգամ, իր գիտակցութեան առաջին զարթումի պահուն՝ թէ իսկ մեղապարտութեամբ դառնացած, պայծառօրէն չնախատեսե՞ց - կեանքը - խաբուած կնոջ մէջ՝ որ պիտի ըլլար - մայր բոլոր կենդանիներուն -, ապրող հոգիներուն։

«Ինչո՞ւ սակայն, դարերու նուիրագործած այն հին նախապաշարումը՝ որու համաձայն կին-մարդը կը ստորադասուի այր-մարդուն։ Դժուար չըլլայ գուցէ բացատրել։

«Ֆիզիքական, ինչպէս նաեւ բարոյական աշխարհին մէջ զօրաւորն է որ կը յաղթէ ու կը տիրապետէ։ Արդ, այրը կազմուած ըլլալով աւելի կուռ դնդերներով եւ աւելի ամրապինդ ջիղերով, կրցեր է իշխել կնոջ՝ որուն ֆիզիքական յօրինուածքն է եղած աւելի փափուկ եւ նուրբ, հետեւաբար աւելի տրամադիր անձնատրութեան։ Բիրտ ոյժի տիրապետութեան դարաշրջանի մը մէջ անկարելի էր սպասել բարոյական բարձր հասկացողութիւն այր-մարդու եւ կին-մարդու փոխյարաբերութեանց մէջ անոնց բնոյթի մասին։ Բայց այսօր ալ, ուր աշխարհ կը պարծի նախապաշարումներու շղթան փըշ-րող ազատամտութեան - չենք ըսեր ողջ-մըտութեան - անունով, երկու սեռերու հաւասարութեան գաղափարը յաճախ հիմ-նըւած չէ դժբախտաբար ուղղափառ եւ լուրջ տեսութեան մը վրայ։ Տեսակ մը թեթեւամիտ եւ դարպասող նախապատուութիւն, ուր ճշմարտասէր դատողութեան կշիռէն զուրկ բնազդներն են որ միակողմանի ծանրոյթը կու տան մէտին, ա՛յլապէս կը խանգարէ բեռերուն անհրաժեշտ ներդաշնակութիւնը։

«Կասկած չկայ թէ այր-մարդու առնական ոյժերն ու կարողութիւնները համապատասխան ըլլալով իր ֆիզիքական կերտուածքին ու գործարանաւորութեան, բոլորովին նման չեն կին-մարդու կնոջական ընդունակութիւններուն ու յարմարութիւններուն՝ որոնք նոյնպէս համեմատական են իր ֆիզիքական կառուցուածքին ու խառնուածքին։ Այսպէս, երկու սեռերու միջեւ կան բնախօսական եւ հոգեբանական վիճակներու այլազան երանգաւորումներ՝ որոնք ընդհանուր հիմի մը վրայ միայն կը միանան ու կը նոյնանան։ Վասնզի անհնար է մտածել, արդարեւ, թէ բնախօսական կազմուածքի տարբերութիւն մը, իր ամենէն աննկատելի նրբութիւններուն մէջ իսկ, չունենայ հոգեբանական համապատասխան տարբերութիւն մը։

«Կարելի է անվարան ընդունիլ, օրինակ, թէ զգացողական ջիղերը աւելի զօրաւոր են կնոջ քան այր-մարդուն մէջ՝ որ իր կարգին քան կինն ունի աւելի ուժեղ կամեցաղական ջիղեր։ Եթէ աւելի առնական քան կնոջական յատկութիւն է կորովը, հակառակն է գորովը։ Եթէ իգական սեռին մէջ գերակշիռ կը գտնենք անպայման եւ անհաշիւ նուիրումի բնազդը, արական սեռին մէջ աւելի շեշտուած կը տեսնենք Բանին (raison) լըր-ջութիւնը՝ որ բնազդներուն կու տայ գիտակցութեան դրոշմ ու արժէք։

«Բնահոգեխօսական այն բոլոր պայմաններն ու երեւոյթները՝ որոնց թատր կը դառնայ կնոջ կեանքը որդիծնական, մանկատածական եւ նոյն իսկ տնարարական անհրաժեշտութիւններու հետեւանքով, կը զատորոշեն կին-մարդը այր-մարդէն՝ որ զերծ է ե՛ւ այդ պայմաններէն, ե՛ւ այդ երեւոյթներէն։

«Բայց այդ զատորոշումը, անշո՛ւշտ, ոչինչով կը խանգարէ հաւասարութեան աստուածային կշիռը։ Վասնզի կան երկու սեռերու յատուկ ազնիւ ու յոռի կիրքեր՝ որոնցմով մարդկային կեանքը կ՚ամբողջանայ։ Ձգողական ու վանողական զօրութիւն մը այս կիրքերը կը մօտեցնէ իրարու կամ կը հեռացնէ իրարմէ, ստեղծելով համակրութիւններն ու հակակրութիւնները։ Դժբախտ վրիպումով մը հակամարտ կիրքերու իրարու հանդիպումը, զոր ի զո՜ւր մարդկային տգիտութիւնը երբեմն անքատօրէն նուիրագործել կը ճգնի, ծնունդ կու տայ կեանքի անհանդուրժելի պատկերներու եւ եղերական ու եղեռնական արարքներու։ Իրերանման եւ իրերահաշտ կիրքերու զուգախառնումը, ընդհակառակը, կը հնարաւորէ այն իրական, տեւական ու գեղեցիկ ներդաշնակութիւնը՝ ուր երեւան կու գայ առն եւ կնոջ ճշմարիտ ու երանաւէտ հաւասարութիւնը…

«Հարկ կա՞յ ըսել թէ ընկերային կեանքի հիմը ընտանեկան կենցաղն է։ Ահա թէ ինչո՞ւ ա՛լ աւելի կը շեշտուի կնոջ մեկուսացումի անհրաժեշտութիւնը տան՝ իր սրբազան տաճարին մէջ։

«Տունը վառարան մը չէ՞, ուր՝ լոյսի եւ ջերմութեան սկիզբ՝ մշտնջենական կրակը կ՚արծարծեն հայրն ու մայր, փոխադրելով զայն իրենց էութեան խորքէն։ Հնդեւրոպական բունին հարազատ շառաւիղ՝ հայ լեզուն տեսէք ի՜նչպէս այս խորհուրդը թանձրացուցեր է հօր եւ մօր բառապատկերներուն մէջ։ Նոյն կրակն է, - ատր=այր, - որ արու սկիզբներէն կը կազմէ հ-այրը եւ էգ սկիզբներէն մ-այրը։ Հոս, սակայն, կինը կը դիտենք իր մայրական դերին մէջ։

«Մայր մը.- օ՜հ, չգիտեմ ի՛նչպէս վերլուծել ու բացատրել զայն։ Այն ցեղը, որուն ակնարկեցինք վերեւ, եւ որ չյաւակնիր միակն ըլլալ բոլոր ցեղերուն մէջ, իր - Խնամակալ Տիկնոջ - մէջ տեսեր է նաեւ - մայրն ամենայն զգաստութեանց -. ինչպէս օր մ՚ալ - Բարեխօս Խնամակալ Տիրուհւոյն - մէջ - մաքրութեան սրբարան եւ զգաստութեան ընդունարան - ծնողը…։

«Մայր մը -կեա՛նք-ն իսկ է, կրելով իր մէջ -կենդանարար զօրութիւնն ու անմահութեան աղբիւրը- աստուածային սուրբ Հոգուն՝ զոր ա՛յնքան քիչ ու գէշ կը ճանցնանք, աւա՜ղ։ - Տածողական շրջարկութեամբ - ստեղծագործող այդ Հոգին չէ՞, արդարեւ, որ - կը հովանաւորէ - կոյսը եւ կը փոխարկէ զայն մօր։ Հուր-Հոգի՛ն։ Եւ չտեսա՞նք վերը հաւասարութեան իմաստն ու արժէքը հո՛ն՝ ուր այդ կրակը կ՚ըլլար հայր ու մայր միանգամայն…»։

Արդարեւ «մայր»ը եւ «մայրութիւն»ը մարդկային ցեղին գագաթնակէտը՝ ամենաբարձր աստիճանն է, քանի որ ան աստուծաշնորհ յատկութիւն մըն է կին-մարդուն տրուած…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9, 2018