ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ
«Հետեւաբար միտքով պատրաստ եւ արթուն եղէք, ձեր ամբողջ յոյսը կապած փրկութեան պարգեւին, որ ձեզի պիտի տրուի երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի։ Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ». (Ա ՊԵՏՐ. Ա 13, Ե 8)։
Ողջախոհութիւնը, անձերը կ՚որակաւորէ ըստ իրենց կեանքի տարբեր վիճակներուն։ Բարոյական օրէնքը բոլորին համար կը սահմանէ ապրելակերպ մը՝ աւելի դիւրաւ յանձնուելու Աստուծոյ՝ անբաժան սրտով։
Արդարեւ, ողջախոհութիւնը ժուժկալութեան մէջ կը գործադրուի։ Ողջախոհութիւնը ըստ էութեան կ՚ենթադրէ զգաստութիւն, որ մարդս կ՚արգիլէ չարին ազդեցութիւններէն տարուելու։ Զգաստ ըլլալ կը նշանկէ՝ պատրա՛ստ ըլլալ, հեռատես ըլլալ եւ անակնկալներու դէմ բանականութիւնը չկորսնցնել։
Սուրբ Հոգիին «պտուղ»ները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մարդուն մէջ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Այս ուղղութեամբ, Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տասներկու պտուղ կը թուէ. «սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, երկայնամտութիւն, բարեսրտութիւն, հեզութիւն, քաղցրութիւն, հաւատարմութիւն, համեստութիւն, ժուժկալութիւն, ողջախոհութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-23)։
Զգաստութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ հաստատ տրամադրութիւնը կը ներկայացնէ իմացականութեան եւ կամքին։ Զգաստութիւնը մարդուն տէ՛ր ըլլալն է իր իսկ կեանքին եւ հակակշռելը իր կիրքերուն։ Ան կը կանոնաւորէ մարդուն արարքները, կը դասաւորէ ըստ բանականութեան եւ հաւատալիքներուն, համոզումներուն։ Ան ենթակային կ՚ապահովէ անվտանգ եւ համեմատաբար խաղաղ կեանք մը։ Աւետարանի դիտումներէն մին է սորվեցնել զգաստութիւնը. «Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին։ Այս շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ մը եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ, եւ յոյսով սպասենք այն երջանիկ օրուան, երբ մեր մեծ Աստուածն ու փրկիչը Յիսուս Քրիստոս իր փառքով պիտի յայտնուի». (ՏԻՄ. Բ 11-13)։ Ուստի, զգաստութիւնը մարդ պէտք է ունենայ արթնութեամբ մէկտեղ. «Ճիշդ չէ որ պարծենանք։ Չէ՞ք գիտեր առածը, որ կ՚ըսէ.- Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ե 6), եւ. «Հետեւաբար քունով չտարուինք ուրիշներուն նման, այլ՝ արթուն եւ զգաստ ըլլանք, որովհետեւ քնացողները գիշերն է որ կը քնանան։ Բայց մենք, քանի ցերեկին կը պատկանինք՝ պատրա՛ստ ըլլանք, հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագած, եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դրած մեր գլխուն». (Ա ԹԵՍՈՂ. Ե 6-8)։
Մարդիկ կոչուած են ապրելու զգաստութիւնը ժուժկալութեան մէջ։ Անոնք իրենց փոխյարաբերութիւններուն մէջ փոխադարձ յարգանքին գիւտը պէտք է կատարեն զգաստութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ յոյսին մէջ, միշտ՝ իրերօգնութեան սկզբնական կանոնին հետեւելով։ Մարդիկ պիտի օգնեն իրարու զգաստութեան մէջ աճելու։ Արդարեւ, զգաստութեան գիտակցութիւնը կը ծաղկի, կ՚աճի եւ կը զօրանայ բարեկամութեան մէջ։ Ան կը դառնայ ապրելակերպ մը. զգաստութիւնը կատարելութեան միջոց մը, կերպ մը կը դառնայ եւ մարդ հետզհետէ կը զօրանայ իր տկարութիւններուն մէջ եւ կը փրկուի իր թերութիւններէն։ Եւ անշուշտ, կատարեալ մարդու մը բարեկամութիւնը շատ աւելի զօրաւոր եւ վստահելի կ՚ըլլայ։ Զգաստ մարդը միշտ աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ, քանի որ ան պատրա՛ստ է դիմադրելու ամէն դժուարութեան, տանելու ամէն նեղութիւն եւ զօրաւոր ըլլալու ամէն վտանգի դէմ։ Զգաստ մարդը միշտ պատրա՛ստ է կեանքի անվերջ, մշտնջենական պայքարին։
Ամէն մարդ կոչուած է զգաստութեան, եւ ան որ կ՚անդրադառնայ իր կոչումին՝ կը յաջողի՛։ Զգաստութիւնը կ՚ենթադրէ խոհեմութիւն. ան բանաւորութեան մէջ քա՛ջ է, անոր քաջութիւնը անգիտակից չէ, այլ բանականութեամբ զօրացած արդիւնաբեր քաջութիւն մըն է. անոր քաջութիւնը կոյրզկուրան քաջութիւն մը չէ, այլ բանաւոր եւ գիտակցաբար կատարուած, նպատակայարմար ճշմարիտ քաջութիւն մըն է։
Արդարութիւն, զօրութիւն եւ ժուժկալութիւն. ահաւասիկ զգաստութեան ստեղծած բարոյական առաքինութիւնները, յատկութիւնները՝ որոնք մարդս կը կատարելագործեն։ Արդարեւ, մարդ, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր դիրքը, կեանքի վիճակը, ապրելակերպը, իր ճամբով կոչուած է կատարելութեան, որուն լրումը նոյնիքն Հօր կատարելութիւնն է։ Աստուած կատարեալ է, եւ մարդիկ պէտք է կատարեալ ըլլան։ Եւ ահաւասիկ այս կատարելութեան ապահով ճամբաներէն մին եւ կարեւորագոյնը եւ առաջնակարգն է զգաստութի՛ւնը։
Ուրեմն պէտք է գիտակցիլ, թէ զգաստութեան մէջ կարելի է հաշտուիլ եւ համակերպուիլ նուիրական ծրագրին՝ որ մարդկային ուժերէն եւ կարողութիւններէն վե՛ր է։ Այս իսկ պատճառով, պէտք է միշտ զգաստ ըլլալ ամէն գործի մէջ, ամէն ատեն։
Զգաստութիւնը, իր այս հանգամանքով, մարդս ատակ կը դարձնէ գործելու եւ վարուելու անշեղօրէն, եւ գործելու միշտ բարին, հետեւելու ճշմարտութեան։
Զգաստութեան շնորհիւ է որ մարդ կը հասնի սիրոյ, սրբութեան կատարելութեան, բարոյական եւ հոգեւոր կեանքը հասուննալով հետզհետէ զգաստութեան մէջ, կը զարգանայ, կը ծաղկի յաւիտենական կեանքին համար, երկինքի փառքին մէջ։
Արդարեւ, ամէն մարդ կոչուած է սրբութեան, այսինքն՝ կատարելութեան։
Յիսուս յատկապէս կը պատուիրէ այս մասին.
«Կատարեալ եղէ՛ք ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Ե 48)։
Եւ ահաւասիկ, զգաստութիւնը կատարելութեան ամենէն ապահով ճամբաներէն մի՛ն է, այն որ կը գործէ զգաստութեամբ կը հասնի կատարելութեան՝ որուն արդէն կոչուած է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 1, 2020, Իսթանպուլ