ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՖՈՆԻՆ ԿՈՒՌՔԵՐ
Անզէն աչքով կարելի է դիտարկել, որ աղէտալի երկրաշարժը զգալիօրէն ցնցած է նախագահ Էրտողանի դիրքերը։ Այս կէտէն սկսեալ շատեր միտք կը յոգնեցնեն, որ պատճառները աւելի շատ ընկերա-տնտեսակա՞ն են, թէ աղէտը պարզապէս քաղաքական շահարկումներու առիթ կը դառնայ։ Միանշանակ, երկրաշարժը յեղաշրջած է Թուրքիոյ օրակարգը։ Աղէտի հետեւանքները այնքան անհաւատալի համեմատութիւններու հասած են, որ անկարելի է անդրադարձ չունենան քաղաքական իրադրութեան վրայ։ Խօսքը կը վերաբերի երկրի շուրջ տասնհինգ քաղաքներուն եւ զանգուածի մը, որու թիւը կը համապատասխանէ ընդհանուր բնակչութեան երկնիշ տոկոսին։ Տակաւին պատահեցան նաեւ հեղեղներ, իսկ յետցնցումները մինչեւ հիմա ահ ու սարսափ կը պատճառեն։
Աւելորդ է ըսել, որ որեւէ իշխանութիւն պիտի չերազէր ընտրութիւններու նախօրեակին այսպիսի բնական աղէտի մը դէմ յանդիման մնալ։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ նախագահ Էրտողանի պարագային։ Երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ, ստեղծուած ցասումի մթնոլորտին մէջ, հասկնալիօրէն, ցնցուեցան իր դիրքերը։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ ստեղծուեցաւ այն համոզումը, թէ ան տկարացած է նկատելիօրէն։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ նոյն կէտին վրայ է նաեւ իր դիրքերը վերականգնելու բանալին։ Արդարեւ, ան այժմ կը ջանայ համոզիչ ապացոյցներ ի յայտ բերել, թէ իր գլխաւորած քաղաքական ուժը բոլորէն աւելի արագ եւ ազդու ձեւով կրնայ յաղթահարել յառաջացած աւերները։ Նախընտրական քարոզարշաւն ալ այս նոյն տրամաբանութեան համահունչ ձեւով յառաջ կը տարուի թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ։ Եթէ ժողովուրդը համոզուի այս ուղղութեամբ, ապա նախագահ Էրտողանի քաղաքական գործունէութիւնը կրնայ նոր հարթութիւն մը թեւակոխել։ Այլապէս, այս երկրաշարժը կրնայ իր քաղաքական գործունէութեան կամ անխափան, միահեծան իշխանութեան համար վերջակէտ մը դառնալ։
Հոգեբանական գործօններէ անդին, երկրաշարժի հարցը Թուրքիոյ մէջ առաջին հերթին ընկերատնտեսական բնոյթ ունի՝ թէեւ միշտ քաղաքական շահարկումներու ալ պատճառ կը դառնայ։ Թուրքիոյ տնտեսութեան ընդհանուր կառուցուածքը, որով կ՚ուղղորդուի նաեւ ընկերային պատկերը, լրջօրէն կախուածութեան մէջ է շինարարութեան բնագաւառէն։ Թուրքիոյ մէջ տնտեսութիւնը, ճիշդ է, որ բաւական կենսունակ է, բայց այդ մէկը առաւել չափով առեւտուրի շնորհիւ կ՚ապահովուի, ո՛չ թէ արտադրութեան։ Երկրի տնտեսութեան մղիչ ուժը շինարարութեան ոլորտն է։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ Թուրքիոյ տնտեսական համագործակցութիւնը կարեւոր չափով կախում ունի շինարարական ընկերութիւններու արտասահմանեան գործունէութենէն։ Տասնամեակներէ ի վեր զարտուղի, չափանիշներէ դուրս քաղաքաշինութիւնը երկրի գլխուն փորձանք դարձած է։ Թէ՛ կեդրոնի իշխանութիւններուն եւ թէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու տեսակէտէ կարելի է լեցուն քննադատութիւն ընել՝ առանց կուսակցական խտրականութեան։ Այս վերջին երկրաշարժի հետեւանքներուն այսքան ծանր ըլլալը, անկասկած, քաղաքաշինութեան թերութիւններու հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է։ Պարզ է, որ քաղաքաշինութիւնը բնագաւառ մըն է, որ պէտք է վերահսկուի թէ՛ կեդրոնի իշխանութիւններուն եւ թէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կողմէ։ Տարեմուտի երկրաշարժներէն անմիջապէս վերջ՝ մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ, շրջանառութեան մէջ մտան հին թերթերու հաղորդումներ։ Երզնկայի մէջ տասնամեակներ առաջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն վերջ ալ մամուլը գրած է, որ հետեւանքները շատ ծանր եղած են՝ քաղաքաշինութեան թերութիւններու, վերահսկողութեան պակասի հետեւանքով։ Տասնամեակներու տեւողութեան, դժբախտաբար, ոչինչ փոխուած է։ Խնդիրները կուտակուած ու կուտակուած են։ Բոլոր կուսակցութիւններու շրջանին թերութիւններու պատահած ըլլալը պէտք է արձանագրել ո՛չ թէ անոնցմէ ոմանք արդարացնել փորձելու համար, այլ խնդրին համակարգային բնոյթը ապացուցանելու նպատակով։ Թուրքիոյ մէջ միշտ անհակակշռելի ժողովրդագրական շարժ մը կայ դէպի մեծ քաղաքները։ Այս առումով առաջին հերթին թէեւ միայն Իսթանպուլի արտառոց երեւոյթը աչքի կը զարնէ, սակայն խնդիրը այնքանով չի սահմանափակուիր։ Երբ բոլոր քաղաքները բնակութեան համար կը դառնան ձգողական, ապա այնտեղ շինարարութիւնները ինքնաբերաբար թափ կը ստանան՝ դառնալով նաեւ հարստանալու միջոց։ Ընկերային իւրաքանչիւր նման երեւոյթ կը ծնի իր տնտեսութիւնը։ Այս բոլոր առումներով հարցը կը սկսի ուղղակիօրէն առընչուիլ քաղաքականութեան հետ։ Տնտեսութեան, ընկերային պատկերի եւ ժողովրդագրութեան ուղղորդումէն սկսեալ, մինչեւ շինարարութիւններու վերահսկումը, խրախուսումը՝ բազմաթիւ հանգամանքներ մաս կը կազմեն քաղաքականութեան եւ անոնց առընչակից հարցերը կախեալ՝ քաղաքական կամքէ։
Նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն Թուրքիոյ մէջ ենթակառուցուածքներու մեծ ոստում մը տեղի ունեցած է։ Շինարարական հսկայական նախագիծեր կեանքի կոչուած են։ Մէկ կողմէ իշխանութիւնը կը պարծենայ այդ ձեռքբերումներով, իսկ միւս կողմէ սա ընդդիմութեան ձեռքին խաղաքարտ մըն է՝ պնդելու համար, որ միայն շինարարութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձուած են եւ իշխանամէտ շինարարներու հարստանալուն աչք փակուած է։ Ցաւալի է, որ մարդկային այսքան ծանր հետեւանքներու յղի բնագաւառի մը պարագային իրադարձութիւնները, ընդհանուր խօսոյթը կարելի չ՚ըլլար այս մակերեսային փակուղիէն դուրս բերել։ Շինարարութիւնները, ենթակառուցուածքները շատ էական են ամէն երկրի զարգացման տեսակէտէ։ Իսկ վէճերը ամէնուրեք միշտ կ՚ըլլան անպակաս։ Բոլորը գիտեն, թէ ամէն կուսակցութիւն ունի իրեն մերձակայ շինարարներ, շինարարական կամ կապալառու ընկերութիւններ։ Բոլորը կը զգան, թէ այսպիսի յարաբերութիւններով կազմակերպուած շինարարութիւններու պարագային որակն ու ամրութիւնը չեն կրնար հարիւր տոկոսով երաշխաւորուած ըլլալ։ Այսօր ալ մէկ կողմէ փուլ եկած շէնքերը բոլորին սիրտը կ՚արիւնեն, իսկ միւս կողմէ TOKİ-ի կողմէ կառուցուած ամուր շէնքերը, որոնք կանգուն մնացած են, անուշադրութեան չեն մատնուիր մարդոց կողմէ։ Թէ՛ տուեալները եւ թէ զգացումները խառն են՝ քանի խօսքը մահ ու կենաց հանգամանքներու կը վերաբերի։ Պարզապէս, բոլորը միայն կ՚ուզեն զգալ ինքնավստահ ու ապահով, իսկ քաղաքականութեան տրամաբանութենէն բխած յարաբերութիւններու դրուածքը այս առումով միշտ ալ կասկածայարոյց կը համարուի։ Հաւաքական հոգեբանութեան մէջ քաղաքական կշիռով պայմանաւորուած տնտեսական շահերը միշտ ալ խոտոր կը համեմատին մասնագիտական երաշխիքներու։ Ուստի, բաւական դժուար գործ մըն է մարդոց աչքին առջեւ համոզիչ պատկեր մը պարզելը։ Այս ճշմարտութիւնը անկախ է ամէն տեսակ կուսակցութենէ, քաղաքական համակրանքէ կամ հակակրանքէ, նոյնիսկ տեղին համեմատ աշխարհահայեացքէ։
Վերադառնալով բուն նիւթին, պարզ է, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան՝ առանց երկրաշարժի բացած վէրքերու լրիւ սպիացման։ Իսկ թէ ինչպիսի՞ քաղաքական ազդեցութիւններու պիտի վերագրուի այս պարագան, ապա իսկապէս դժուար է կանխատեսումներ ընել եւ անկեղծօրէն պէտք է շեշտել նաեւ, որ իսկապէս տհաճ գործ մըն է՝ հաշուի առնելով քաղաքական ուժերու վերաբերմունքը։ Աղէտի գօտիէն ներս թափով կը կատարուին նոր հիմնարկէքներ։ Ընկերային ցանցերուն վրայ դրականին առընթեր միշտ կը նկատուին նաեւ ժխտականներ։ Խնդիրները ընդելուզուած են եւ առարկայական ճշմարտութիւն է, որ այսքան մեծ աւերի մը հետեւանքներու յաղթահարումը ժամանակի կը կարօտի։
Կը մնայ մաղթել, որ ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուելիք քաղաքական մթնոլորտը բաւարար ըլլայ այս ուղղութեամբ համակարգային փոփոխութիւններու սկսելու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ