ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ, ԱՆՓՈՓՈԽ ՍՊԱՍՈՒՄ
Սուրիոյ տագնապը ո՛չ միայն ողբերգութիւն յառաջացուցած է այդ երկրի ժողովուրդին համար, այլ՝ լուրջ մարտահրաւէր մը եղած է ամբողջ տարածքաշրջանին տեսակէտէ։ Այս առումով դժուարութիւններու մեծ բաժին մը վիճակած է նաեւ Թուրքիոյ։ Երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիա իր հարաւային սահմաններու երկայնքով ապակայունութեան վտանգի դէմ կը պայքարի։ Այդ վտանգի ամենասուր կողմերէն մին եղած է այն հանգամանքը, որ նոյնիսկ իր միջազգային դաշնակիցներուն հետ յառաջացած են թիւրիմացութիւններ։ Հարաւային սահմաններու երկայնքով ապակայունութիւնը ազգային անվտանգութեան լուրջ հարցի մը վերածուած է Թուրքիոյ տեսակէտէ եւ այս իրավիճակին մէջ Անգարա ցայսօր գործած է ամենայն վճռակամութեամբ։
Սուրիոյ տագնապի սկսելէն ի վեր, միջազգային կամ տարածքաշրջանային յառաջատար դերակատարներու հետ Թուրքիա զանազան ձեւաչափերու մէջ համագործակցութիւն ծաւալած է ու փորձած՝ համատեղել իր շահերը։ Ի շարունակութիւն այդ բոլորին՝ այժմ ստեղծուած կացութիւնը շատ աւելի ճակատագրական է։ Երէկուան դրութեամբ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Սուրիա՝ անվտանգ գօտի մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէր Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործման անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ։ Երէկուան դրութեամբ Անգարա այս գործը իր իսկ միջոցներով տեսնելու համար ճանապարհ դուրս եկած է։ Սա Թուրքիոյ Հանրապետութեան տեսակէտէ բեկումնային պահ մըն է։ Ինչպէս որ Հանրապետութեան հիմնադրութեան շրջանին սահմաններու վերջնականօրէն յստակեցման ճանապարհին Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները եղած են բախտորոշ, այսօր ալ այդ նոյն սահմաններու անձեռնմխելիութեան երաշխաւորման տեսակէտէ Թուրք զինեալ ուժերու միջամտութիւնը կենսական է երկրին համար։ Թէ ի՛նչ պիտի ապահովեն այս գործողութիւնները Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ակնյայտ է, որ վերջին շուրջ 15 տարուայ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ կշիռը էապէս բարձրացած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Այժմ Անգարա այդ ամբողջ կշիռը ի գործ կը դնէ խաղաղութեան նպատակով։ Վաղուց ապակայուն այս տարածքաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկելը անշուշտ որոշ չափով մտահոգութիւն կը ստեղծէ, սակայն երկրի ղեկավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, բոլոր միջոցները ձեռք առած է նպատակին վրայ կեդրոնանալու եւ հարցը արկածախնդրութեան մը չվերածելու համար։
Բովանդակ երկրի մաղթանքը այն է, որ անխուսափելի այս գործողութիւններու պարագային որդեգրուած նպատակները ժամ առաջ կեանքի կոչուին, բանակը առանց կորուստներու երկիր վերադառնայ եւ տարածքաշրջանէ ներս վերահաստատուի խաղաղութիւնը, յաղթահարուին Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Այս սպասումները ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ամբողջ ժողովուրդի հասարակաց յայտարարը դարձած է։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ Անգարայի քայլերը յառաջիկայ շրջանին առարկայ պիտի դառնան անմիջական ուշադրութեան։ Ժողովուրդի սպասումն է, որ Թուրքիոյ զոհողութիւններն ու վճռակամութիւնը արդարանան՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերահաստատմամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ