Ձգտում

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ան­գամ ցնցում մը ապ­րե­ցաւ։ Իս­թան­պու­լի սրտին վրայ ա­հա­բեկ­չա­կան վայ­րա­գու­թիւն­ներ խլե­ցին բազ­մա­տաս­նեակ ան­մեղ կեան­քեր։ Ամ­բողջ եր­կի­րը կ՚ա­նի­ծէ այս ա­րիւ­նա­լի դէպ­քը ու կը սգայ նա­հա­տակ­նե­րը։ Թուր­քիա ծանր փոր­ձու­թեան մը դէմ յան­դի­ման է դար­ձեալ։

Եր­կի­րը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր պայ­քար կը մղէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Իսկ վեր­ջին շրջա­նին այդ պայ­քա­րը ար­դէն նոր հար­թու­թեան մը վրայ է՝ նոյ­նա­ժա­մա­նակ մէ­կէ ա­ւե­լի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ դի­մադ­րու­թեամբ։ Պե­տու­թիւ­նը եւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը իւ­րա­քան­չիւր ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման ժա­մա­նակ զու­գա­հե­ռա­բար թէ՛ մեծ ցնցում կ՚ապ­րին եւ թէ ի­րենց դի­մադ­րու­թիւ­նը կը բարձ­րաց­նեն ա­ռա­ւել եւս։ Սա թէեւ ա­ռա­ջին հեր­թին հա­կա­սա­կան ըլ­լալ կը թուի, սա­կայն ա­հա­բեկ­չու­թեան պատ­ճա­ռած ցնցու­մը ար­դէն ամ­բողջ երկ­րին կու տայ տո­կու­նու­թիւն մը՝ հա­կա­սա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ կողմ­նո­րո­շուե­լու, մա­նա­ւանդ մնա­յունն ու գնա­յու­նը յստակ տա­րան­ջա­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Ճիշդ է, որ Թուր­քիա չա­փա­զանց մեծ ու ծանր գին մը կը վճա­րէ՝ իր խա­ղաղ կեան­քը կեր­տե­լու հա­մար, ըն­թաց­քին կը դի­մագ­րա­ւէ մեծ փոր­ձու­թիւն­ներ, սա­կայն վեր­ջին հա­շուով չի շե­ղիր ա­ռանց­քա­յին նպա­տա­կէն։ Ար­դա­րեւ, խա­ղա­ղու­թեան ձգտու­մը եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ գի­տա­կից պայ­քա­րը, երկ­րի ներ­քին միաս­նա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ զգայ­նու­թիւ­նը գե­րի­վեր են ա­մէն տե­սակ խա­փա­նա­րա­րու­թե­նէ։ Բո­վան­դակ եր­կի­րը այ­սօր կը գի­տակ­ցի, որ Թուր­քիա եր­բեք անձ­նա­տուր պի­տի չըլ­լայ ան­գութ ա­հա­բեկ­չու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2016