ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԵՆՔ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆՔ ԱՆՏԵՍԱԾ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԷՆ ԽՈՅՍ ՏԱԼՈՎ ԱՆՈՆՑՄԷ ԱԼ ՇԱՏԵՐ ԼՔԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱՆ։ ԱՆՈՆՔ ՄԻԱՅՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԵԿԱՆ, ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԱԼ ԳԱՑԻՆ»
Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը կը շարունակէ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Սա արդէն Թուրքիոյ օրակարգի թիւ մէկ խնդիրն է, սակայն միջազգային հարթութեան վրայ ալ կը ստեղծէ լայն արձագանգ։ Հայաշխարհէն ներս ալ անմիջական ուշադրութիւն եւ հետաքրքրութիւն խնդրոյ առարկայ է բանակի այս գործողութիւններուն նկատմամբ։ Արդարեւ, այս գործողութիւններու ընդգրկած տարածքէն ներս կը բնակին նաեւ հայեր՝ որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն։ Ընդհանուր առմամբ հայկական լրահոսին վրայ այս իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ կը տիրէ մտահոգութիւն մը, ինչ որ հասկնալի է, որովհետեւ ռազմական գործողութիւնները միշտ ալ վտանգաւոր են։ Բարեբախտաբար, ցարդ հայերու մահուան վերաբերեալ որեւէ ցաւալի լուր չէ հասած Սուրիոյ հիւսիսէն. միայն կարգ մը ընտանիքներ պարտաւորուած են իրենց բնակարանները լքելով հաստատուիլ յարաբերաբար աւելի անվտանգ շրջաններու մէջ։ Այս բոլորի լոյսին տակ կարեւոր է հետեւիլ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ տրուած պատգամներուն, որոնք թէկուզ անուղղակի՝ կրնան ազդանշաններ տալ շրջանի հայութեան վերաբերեալ պետութեան վերաբերմունքին կամ ընկալումներուն տեսակէտէ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան անցեալ կիրակի սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ օրակարգի բոլոր նիւթերուն վերաբերեալ արտայայտուեցաւ յստակ բանաձեւումներով։ Ան շեշտեց, որ այս գործողութիւններու պարագային յստակ կը տարանջատուին ահաբեկիչն ու մարդը։ Սա մարդկային գործօնի նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան ապացոյցներէն մին էր։ Էրտողան շեշտեց, որ թրքական կողմը երբեք չէ անտեսած կրօնական փոքրամասնութիւնները։ «Ահաբեկիչներէն խոյս տալով անոնցմէ ալ շատեր լքեցին Սուրիան։ Անոնք միայն Թուրքիա չեկան, այլ երկիրներ ալ գացին», ըսաւ նախագահը։
Լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան յաճախ շեշտեց, որ Թուրքիա մեծ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ, որպէսզի քաղաքային ժողովուրդը որեւէ ձեւով ռազմական գործողութիւններու թիրախ չդառնայ։ Միեւնոյն ժամանակ, նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա մտադիր չէ Սուրիոյ մէջ ժողովրդագրական պատկերը փոփոխութեան ենթարկելու։
«Անպաշտպան մարդոց դէմ, կանանց, երեխաներուն դէմ զէնք վերցնելը ներհակ է իսլամին եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ բոլոր հրահանգները տրուած են», յայտնեց նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ