Հպանցիկ ակնարկ գործունէութեան. անցումային շրջանի պատրիարքը

Եւ այսպէս, այս շաբաթավերջին թրքահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր մեր համայնքը կ՚ապրի սուգի եւ ցնցումի օրեր, որոնք այս շաբաթավերջին կը հասնին իրենց գագաթին։ Թէեւ սուգի շրջանը քառասուն օր է, սակայն, տրամաբանականօրէն, ամենածանրն է հրաժեշտի փուլը։ Եւ ահա,՛ այդ փուլը եկած է վրայ հասնիլ։ Վաղը Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենան հոգելոյս Պատրիարքի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման արարողութիւնները, որոնց կը յաջորդէ թաղման կարգը՝ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հրաժեշտ կը տրուի երջանկայիշատակ Պատրիարքին։ Ո՛վ գիտէ քանիերորդ անգամ Մայր եկեղեցին ականատեսն ու վկան կը դառնայ նման հրաժեշտի մը։ Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը մէկ կողմէ ունի բազում նմանութիւններ նախորդ պատրիարքական յուղարկաւորութիւններուն հետ, իսկ միւս կողմէ ունի նոյնքան առանձնայատկութիւն։ Իւրաքանչիւր գահակալ նոր գլուխ մըն է Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ։ Ուստի, վաղը դարերու այդ հոլովոյթին մէջ կ՚եզրափակուի շրջան մը, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին բացուի նոր էջ մը, սպիտակ էջ մը, ուր այս փառաւոր Աթոռի ոդիսականը պիտի գտնէ իր շարունակութիւնը։

Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ պատկերացում մը ունին մեր Պատրիարքութեան անցեալին շուրջ, կրնան միանշանակօրէն վկայել, թէ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարք գահակալած է անցումային ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Այստեղ, սակայն, կայ նրբութիւն մը։ Արդարեւ, այդ անցումային շրջանը եթէ մասամբ իրմէ անկախ հանգամանքներով պայմանաւորուած էր, ապա մետայլի միւս երեսակին՝ այդ անցումին ենթակառուցուածքը ստեղծուած էր իր իսկ կողմէ։ Սա անկարեւոր կամ երկրորդական պարագայ մը չէ, որովհետեւ ան պատրիարք ընտրուելէ առաջ հնարաւորութիւն ունացած էր զգալի չափով ուղղութիւն տալու Աթոռի գործունէութեան։ Գահակալելէ առաջ եւս կարելիութիւն ունեցած էր իր տեսիլքը ցոլացնելու Պատրիարքարանի գործունէութեան վրայ։ Ճի՛շդ է, որ այս տեսակէտէ բախտաւոր էր, որովհետեւ իր երկու նախորդները՝ երանաշնորհ պատրիարքներ Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեան եւ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեան բաւական ճանապարհ հարթած էին իր առջեւ, խրախուսած էին զինքը, գնահած՝ եռանդը։ Այո՛, Մեսրոպ Պատրիարք այս տեսակէտէ բախտաւոր էր, սակայն, յանուն արդարութեան պէտք է արձանագրել նաեւ, որ ինքն ալ գիտցած էր լաւագոյնս արժեւորել այդ բախտը, չէր մսխած հնարաւորութիւնը։

Երջանկայիշատակ Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն զուգադիպած անցումային շրջանը կարելի չէ բացատրել լոկ սերնդափոխութիւնով մը։ Թէեւ այդ ամբողջին մէջ կայ, բնականաբար, սերնդափոխութեան երեսակ մը, սակայն ամէն ինչ այդքանով սահմանափակուած չէ։ Ընդհանրապէս, համաշխարհային մակարդակով եղափոխութեան մը միջավայրին մէջ գործած է հոգելոյս Պատրիարքը։ Հետեւաբար, ինքն է, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը առաջնորդած է՝ 20-րդ դարէն դէպի 21-րդ դար։ Մեսրոպ Պատրիարք մեծ ճիգ վատնած է, որպէսզի մեր Պատրիարքարանի եւ ընդհանրապէս համայնքի մտայնութեան մէջ ապահովէ փոփոխութիւն՝ համաշխարհայնացման դարաշրջանի իրականութեան համապատասխան։ Անկեղծ էր Պատրիարքը այդ ջանքերուն մէջ, որովհետեւ ինքն ալ հարիւր տոկոս չէր պատկերացներ, ըստ երեւոյթին, այդ անցումը։ Շատ յաճախ կը փորձէր, կը ձախողէր, յամառօրէն, առանձ վհատելու նոր փորձի մը կը ձեռնարկէր։ Երբ անցնող տասը տարիներու հեռաւորութենէն կը վերյիշենք իր շրջանի վէճերուն բնոյթը, բովանդակութիւնը, ապա կրնանք համոզուիլ, թէ Պատրիարքը կ՚ընթանար ձեւով մը փորձելով։ Հաւատացած էր փոփոխութեան, եթէ նոյնիսկ վստահ ալ չէր, թէ ինչպէս պիտի ըլլար այդ մէկը։ Այդ յամառ ջանքերը յաճախ կրնային ծնունդ տալ հակասութիւններու, ուստի եւ անխուսափելի վէճերու, յաճախ կը փոխուէր իր համախոհներու, գործակիցներու շրջանակը։ Եւ այսօր, տասնամեակի մը հեռաւորութենէն մեր աչքին առջեւ այդ բոլորը կը պարզուին հետաքրքրական համայնապատկերի մը վրայ։ Փոփոխութիւններու հետամուտ ըլլալու, փոփոխութիւններ ապահովելու իր ոճն ու ձեւը Աթոռի տարեգրութեանց մէջ կ՚արձանագրուին՝ որպէս յարափոփոխ ժամանակներու հետ քայլ պահելու հեւք։ Մեսրոպ Պատրիարք կայունութիւն գերադասող մը չէր իր էութեամբ, ինչ որ իշխանաւորի մը տեսակէտէ կրնայ չըլլալ հարիւր տոկոսով արդարանալի, սակայն ան կ՚ընթանար այլ առաջնահերթութիւններով, որոնք իրենց մէջ կը պարունակէին հաւասարակշռման յարակից գործօններ։ Լճացումէ զերծ մնալու ուղղութեամբ կը տագնապէր ան եւ այդ ճանապարհին վրայ միշտ անպակաս էին պոռթկումներ։ Ու տակաւին, Մեսրոպ Պատրիարք աշխարհի փոփոխութիւնները չէր դիտարկեր կրաւորական դիրքերէ, այլեւ այդ բոլորը կ՚ընկալէր՝ որպէս մարտահրաւէր։ Կը տագնապէր, որովհետեւ կը գիտակցէր, որ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը չունէր համապատասխան ճկունութիւն այդ բոլորին քայլ յարմարցնելու առումով։ Տեղական մտածելակերպ մը չունէր, սակայն, դարձեալ իր բախտին բերումով՝ իր կոչումը կ՚ենթադրէր տարաբնոյթ տեղական ստիպողութիւն։ Այդ հակասութիւնը զինքը կը կանգնեցնէր սուր ճամբաբաժաններու առջեւ եւ ան ձեւ մը կը գտնէր զանոնք յաղթահարելու՝ մանաւանդ ապաւինելով իր վայելած ժողովրդականութեան։ Այդ ներուժը եղած էր իր հիմնական յենարանը տասնամեակներ շարունակ։

Նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի գահակալութեան տարիներու ընդհանուր հաշուեկշիռը անկարելի է առողջ ձեւով մատուցել՝ առանց հաշուի առնելու նախքան իր ընտրութիւնը ունեցած յանձնառութիւնները եւս։ Ան տասնամեակներ շարունակ խորհրդանշեց, ըստ էութեան, երկու կարեւոր գործ։

Առաջինը՝ երիտասարդաց առաքելութիւնն է։ Իր մտահորիզոնին մէջ սա միայն նոր սերունդը եկեղեցիին կապելու հարց մը չէր։ Ան կը ձգտէր այնպիսի սերնդափոխութեան մը հասնիլ, որ մեր երիտասարդութիւնը ձեռք բերէր 21-րդ դարու, համաշխարհայնացման ժամանակաշրջանի համապատասխան որակներ։ Գնալըի բարձունքին իր ծնունդ տուած շարժումէն սկսեալ, մինչեւ «Երիտ»ն ու համայնքի վարչական կեանքի պարագային օրակարգի վրայ բերած հարցաքըն-նող մօտեցումները՝ իր ամբողջ պայքարը ուղղուած էր համայնքէն ներս որակի նշաձողը բարձրացնելու։ Այդ որոնումներուն մէջ կը թիրախաւորէր նոր սերունդը, որուն կը ջանար ջամբել արժեհամակարգի մը կրողը ըլլալու գիտակցութիւնը։ Այդ ջանքերու ապագայ պտուղները պիտի գան կշիռքի վրայ դնելու իր գործունէութեան նշանակութիւնը պատմութեան դատաստանին առջեւ։

Երկրորդը՝ գաւառի նկատմամբ իր զգայնութիւնն էր։ Եթէ չըլլար անոր նախանձախնդրութիւնը, ապա այսօր գաւառի մեր մնացորդացը հազիւ այսքան հոգեհարազատ եղած ըլլար պոլսահայ իրականութեան մէջ։ Առ երեւոյթ, այդ գործը շատ հաճելի էր հայրենակցական ձգտումներուն տեսակէտէ եւ յաճախ այդպէս ալ կ՚ընկալուէր, սակայն իր պատկերացումները աւելի մեծ նպատակի մը կը վերաբերէին։ Գաւառի մեր մնացորդացին նկատմամբ հոգելոյս Սրբազանի նախանձախնդրութեան հիմքին կար Պատրիարքական Աթոռի մարմնաւորած ժառանգութեան բո՛ւն հորիզոնները մատնանիշ ընելու մղումը։ Թէեւ այս առումով յարաբերաբար ձեռնտու ժամանակներու մէջ աշխատեցաւ, սակայն եթէ որդեգրած չըլլար այդ սկզբունքը, ապա դժուար թէ արժեւորէր այդ նպաստաւոր պայմանները։ Ան համոզուած էր, թէ Պատրիարքական Աթոռի կշիռն ու հեղինակութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ են՝ անոր մարմնաւորած ժառանգութեան թէ՛ խորքով, թէ՛ ծածկոյթով եւ թէ բնոյթով։ Իր ջանքերով կազմակերպուած ուխտագնացութիւններէն սկսեալ, մինչեւ Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ վերակառուցումը՝ իր գործունէութեան փայլուն յաջողութիւններուն օրինակ կրնան դասուիլ անտարակոյս։

Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքին շատ հոգեհարազատ էր երբեմն իր փոխանցած պատգամները մատուցել՝ որպէս իրեն նախորդած 83 պատրիարքներու միասնական դատողութեան արդիւնքը կամ պտուղը։ Այս պատմական Աթոռի ապագայ՝ 85-րդ գահակալը, եթէ ունենայ նման որոնում մը, ապա իր 84 նախորդներու շարքին պիտի կարողանայ նպատակասլաց ձեւով օգտագործել Մեսրոպ Պատրիարքի թողած աւանդը։ Իրմով դրոշմուած տարիներու իմաստը պիտի բիւրեղանայ նոր ժամանակներու պրիսմակէն։ Իր յիշատակը ժամանակներու մէջ պիտի վերածուի արահետի մը՝ այս Պատրիարքական Աթոռի ճանապարհորդութիւնը յառաջ մղելու եւ անոր նաւը առաջնորդելու համար դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։

Բի՜ւր յարգանք իր քաղցր յիշատակին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019