Յագեցեալ օր մը…
Յագեցեալ օր մը ապրեցաւ երէկ մեր համայնքը։ Վերջին շուրջ ինն տարուան՝ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ երէկուան օրը։ Հոգեւորականներն ու աշխարհականները, վարչայիններն ու հասարակութեան զանազան դէմքերը ներգրաւուած էին երէկուան զարգացումներուն մէջ։ Թէեւ օրուան աւարտին ապահովուած արդիւնքները չբաւարարեցին այդ երթեւեկի մասնակիցները, սակայն նրբութիւնը նաեւ այս կէտին վրայ էր։ Երբ բոլորը դժգոհ էին, սա կը նշանակէր, որ յաղթողներ կամ պարտուողներ չկային եւ որոշ չափով ընդհանուր համաձայնութիւն մը ստեղծուեցաւ համայնքէն ներս։
Փխրուն է այդ համաձայնութիւնը՝ այն աստիճան, որ ոեւէ մէկը չի փափաքիր զայն կոչել համաձայնութիւն։ Խոցելի կէտեր, կասկածներ, ապագայի վերաբերեալ մտահոգութիւններ կը մնան առկայ։ Բայց, երկար ժամանակ վերջ, երէկ յիշեցինք կամ զգացինք բան մը, որու դրսեւումները երկար ժամանակէ ի վեր կը պակսէին մեր մօտ։
Թրքահայ իրականութենէն ներս ճակատագրական վիճակներու մէջ տակաւին կը գործեն անգիր օրէնքները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ