ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ անհանդուրժելի է անձնական հաշիւներու նկրտումներով վնաս հասցուիլը հայոց պատմական վանքին եւ Աստուծոյ կամքով առկայ բոլոր խընդիրները կը լուծուին բարւոք ձեւով։
Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ, որ մեզի ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ՝ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի դիմագրաւած առկայ մտահոգիչ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Թէեւ Նորին Ամենապատուութիւնը հակիրճ արտայայտուեցաւ, հասկնալիօրէն բացայայտումներ չըրաւ առկայ թէժ կացութեան մէջ, սակայն, այժմու պահուն շատ կարեւոր էր զգալ իր զարկերակը, վերահասու դառնալ իր տրամադրութիւններուն՝ Սուրբ Աթոռի իրադարձութիւններու շարունակութիւնը պատկերացնելու տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ ան ներկայիս իսկապէս վճռական է՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Սրբոց Յակոբեանց վանքի գերագոյն շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
Իր խօսքով, Հայոց վանքին մէջ կան կարգ մը մարդիկ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը բնակին առանց վարձավճարի եւ այդ պայմաններու շարունակութեան ապահովման ձգտումով, այդպիսի ընդվզեցուցիչ սպասումներով իրենք իրենց թոյլ կու տան ամէն տեսակ խառնակութիւն։ Այդ շրջանակներու վարքագծին վերաբերեալ բուռն անհանգստութիւն արտայայտելու առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր հարցման ի պատասխան անդրադարձաւ նաեւ «Կովերու պարտէզ»ի հարցին։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ես կը վստահէի նախկին կալուածոց տեսուչ, այժմ արդէն կարգալոյծ Երէցեանին։ «Կովերու պարտէզ»ի ծրագիրը ես դիտարկած եմ դրական տեսանկիւնէ, որովհետեւ ինձ համար առանցքայինը այն էր, որ վանքին համար եկամուտ պիտի ապահովուէր՝ այնտեղ 7 աստղանի պանդոկի մը կառուցումով։ Սկիզբի շրջանին որեւէ նախագիծ կամ գծագրութիւն չէի տեսած։ Բայց եւ այնպէս, աստիճանաբար անդրադարձայ, որ խնդիրը չ՚ընթանար իմ պատկերացուցած հունին մէջ։ Յետոյ երբ արդէն ծանօթացայ գծանկարներուն, պայմաններուն, ապա տեսայ, որ պիտի երթայ ո՛չ միայն այդ տարածքը, այլեւ նոյնիսկ մեր ժառանգաւորացի տարածքի մէկ մասը։ Այդ կէտէն սկսեալ փորձեցի ամէն ինչ կասեցնել եւ առաջ Աստուած այս խնդիրը կը լուծուի բարւոք ձեւով»։
Ինչ կը վերաբերի Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն կողմէ Նորին Ամենապատուութեան պատրիարքական հանգամանքի ճանաչման դադրեցման հարցին, Սուրբ Աթոռի գահակալը մեզի յայտնեց, որ այդ բոլորը պատեհապաշտ մարդոց գործը կը համարուի եւ իր աչքին որեւէ արժէք չի ներկայացներ։
Մեր կարճ հեռաձայնային խօսակցութեան աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաստատեց մեր հարցադրումը, թէ ամենայն իշխանութեամբ եւ հեղինակութեամբ գործի գլուխ է եւ հետամուտ՝ Սուրբ Աթոռի շահերուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ