Գերադաս արժէքներ

Թուր­քիա ճա­կա­տագ­րա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու բո­վով կ՚անց­նի։ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին ստեղ­ծուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բո­լոր նա­խըն­թաց­նե­րը ար­դէն փոր­ձա­քա­րի մը դէմ յան­դի­ման մնա­ցած են։ Սուր եր­կընտ­րանք­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը ձգուած է երկ­րին առ­ջեւ։

Շա­բա­թա­վեր­ջին կա­սե­ցուած զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­գան կա­ռու­ցե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը կը բնո­րո­շէին Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը, ինչ որ լուրջ խո­չըն­դոտ մը կը հա­մա­րուէր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ներ­կա­յիս այն­պի­սի գե­րակ­շիռ գոր­ծօն մը ստեղ­ծուե­ցաւ, որ յան­կարծ այդ բո­լոր քա­ղա­քա­կան բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը ստա­ցան երկ­րոր­դա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին բնազ­դա­յին հա­կազ­դե­ցու­թեամբ ան­դուն­դի եզ­րէն փրկուե­ցաւ երկ­րին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։

Սա կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մըն է։ Այդ ձեռք­բե­րու­մը նա­խախ­նա­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ Թուր­քիոյ ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։ Լա­ւա­տե­սու­թեան բո­լոր հիմ­քե­րով հան­դերձ, ա­նոր ար­դա­րաց­ման հա­մար ան­շուշտ կան ո­րոշ նա­խա­պայ­ման­ներ։ Կեն­սա­կան բո­լոր հար­ցե­րու շուրջ եր­կի­րը հնա­րա­ւո­րինս պէտք է պահ­պա­նէ ներ­կայ միաս­նա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տը։ Ժո­ղո­վուր­դը տար­րա­կան հար­ցե­րու շուրջ նուա­զա­գոյն ներ­դաշ­նա­կու­թիւն մը կ՚ակն­կա­լէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն։ Այդ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր հրա­ժա­րիլ սե­փա­կան հա­մո­զում­նե­րէն, սա­կայն միան­շա­նա­կօ­րէն կ՚են­թադ­րէ յար­գանք ի­րա­րու զգայ­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։ Յա­ռա­ջի­կա­յին հար­ցաքն­նու­թիւն­նե­րու եւ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու շա­րան մը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն պի­տի զբա­ղեց­նէ երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Այժ­մէն կա­րե­լի է կան­խա­տե­սել, որ աղմ­կա­րար պնդում­ներ, ցնցիչ փաս­տեր պի­տի յայտ­նա­բե­րուին աս­տի­ճա­նա­բար։ Այս բո­լո­րին դի­մաց եր­կի­րը պէտք է յա­ջո­ղի պա­հել իր ա­մուր կամ­քը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թե­նէն չհե­ռա­նա­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը։

Գե­րա­դաս ար­ժէք­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­շիւ­նե­րէ զերծ պա­հուի­լը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­գան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016