Արա Էլակէօզ

Մոնրէալի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Արա Էլակէօզի յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, ան թէեւ երկար տարիներէ ի վեր մեկնած էր արտասահման, սակայն մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ արձանագրուած կը մնան իր ծառայութիւնները։ Աւելի՛ն, այդ բոլորը տակաւին թարմ են բոլորի յիշողութեան մէջ։

Արա Էլակէօզ, բառին բուն իմաստով, յանձնառութիւններու անձ մըն էր։ Անշահախնդիր սպասարկութիւն մատուցած էր թրքահայութեան։ Ան վարչականի պատասխանատուութիւններուն կը միացնէր իր կարողութիւնները՝ որպէս կազմակերպիչ եւ այդ բոլորը կ՚ընէր յատուկ ճաշակով ու տեսլականով՝ առանց զանց առնելու մեր մշակոյթը, աւանդութիւններն ու բարքերը։ Դժբախտաբար, որքան կը յառաջանան սերունդները, մեր իրականութենէն ներս այդքան կը նուազին այն համայնքային գործիչները, որոնք այդ համադրութեան հասնելու պաշարը ունին։

Մեր համայնքին մէջ նուազ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք հայկական երաժշտութեան հաղորդ դառնալու անմոռանալի առիթներ ունեցած են՝ շնորհիւ Արա Էլակէօզի կողմէ կազմակերպուած համերգներուն կամ երաժշտահանդէսներուն։ Իրեն համար գեղարուեստը միայն բարձրաշխարհիկ կենցաղի բնորոշ չէր, իբր այդ ան կը կազմակերպէր բազում ձեռնարկներ, որոնք համեստ էին, սակայն այդ համեստութեան մէջ զգալի էր նաեւ կատարելապաշտութիւնը։ Միջոց մը պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին եղած էր։

Արա Էլակէօզ պոլսահայ աւանդական ապրելակերպին հետամուտ ու խորաթափանց կեանքի ընկալում մը ունէր։ Այսինքն, ազգապահպանութեան խնդիրներուն լուծումը կը տեսնէր ամուր ու վերանորոգ ընկերամշակութային աշխոյժ կեանք մը ունենալու մէջ։ Այս մղումով կը կազմակերպէր ամանորեան խրախճանքներ, որոնց մասնակիցները կը զգային մեծ հաճոյք, որովհետեւ մեր համայնքի անդամները համախմբելով ընտանեկան հաւաքոյթներու ջերմութիւնն ու ոգեւորութիւնը կը բազմապատկէր։ Եւ այդ բոլորով ինքն ալ երջանիկ էր, գոհացում կը գտնէր մեծ ընտանիքներ ձեւաւորելու երեւոյթին մէջ՝ մանաւանդ, որ միշտ կը վայելէր նաեւ զօրակցութիւնը ազնուաշուք կողակցի մը. յանձին՝ Զարուհի Էլակէօզի։

Իր հետ վերջին անգամ հանդիպած էինք շուրջ տասը տարի առաջ Մոնրէալի մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութեան օրերուն։ Կարգադիր յանձնախումբին մէջ էր։ Ծրագրէն դուրս առիթն ունեցած էինք իրարու անմիջականութիւնը վայելելու՝ իր որդւոյն բնակարանին մէջ սարքուած ճաշասեղանին շուրջ։ Արա եւ Զարուհի Էլակէօզները, Արամ եւ Անի Էլակէօզ երիտասարդ ամոլը, որոնց զաւակները կը յաճախէին հայկական վարժարան։ Ջերմ հիւրասիրութեան մթնոլորտին մէջ կը մտածէի, որ Արա Էլակէօզի կեանքը արդարացած էր։ Տակաւին կը ճանչնայի նաեւ իր դուստրը՝ Դալարը, որն ալ, իր հերթին, հայկական վարժարանի մէջ ուսուցչուհի։ Էլակէօզներու պատուական ընտանիքին սիւնը թէեւ բռնած է յաւիտենական կեանքի ճանապարհը, սակայն վստահաբար մերօրեայ յաջորդներու յարկերէն ներս յաւերժ կը թեւածէ իր հոգին։

Էլակէօզ ընտանիքէն մեզի յայտնեցին, որ ըստ իր կտակին՝ յուղարկաւորութենէն վերջ Արա Էլակէօզի մարմինը պիտն ենթարկուի դիահրկիզման եւ արդիւնքը յառաջիկային քաղաքս բերուելով պիտի ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Բի՜ւր յարգանք Արա Էլակէօզի բարի յիշատակին եւ խորազգաց վշտակցութիւններ՝ իր այրիին եւ բոլոր հարազատներուն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017