Մամլոյ մասին գանգատներ

Երէկ երեկոյեան առիթն ունեցանք հեռաձայնի վրայ զրուցելու տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց մեր զրոյցը։ Երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ դարձեալ կուտակուած են հարցականները՝ այս զրոյցը անգնահատելի հնարաւորութիւն մըն էր մեզի համար։ Զրոյցի աւարտին որդիական խորին յարգանքով մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք նորին սրբազնութեան, որ իր սուղ րոպէները յատկացուց մեզի եւ յանձն առաւ անկեղծ ու երկարաշունչ զրոյց մը՝ ընդհատելով իր երեկոյեան հանգիստը։

Այս սիւնակին մէջ աւելի առաջ ալ գրած ենք, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շատ հաճելի զրուցակից մըն է։ Հաճելի զրուցակից ըլլալուն պատճառը չէ, որ միշտ կը խօսինք հաճելի նիւթերու մասին։ Ընդհակառակն, ան հաճելի զրուցակից մըն է, որովհետեւ խնդիրներ քննարկելու, տարակարծութիւններ արտայայտելու ժամանակ կը յաջողի պահել մակարդակ ու մնալ իր բարձրութեան վրայ։

Երէկուան մեր հեռախօսազրոյցն ալ գրեթէ այսպիսի պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ։ Նորին սրբազնութիւնը մէկ կողմէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ իր մեկնաբանութիւններն ու դիտարկումները հայրաբար բաժնեց մեզի հետ, իսկ միւս կողմէ սրտբացօրէն ու շատ շինիչ ոճով քննադատական տեսակէտներ ալ յայտնեց մեր հրատարակութիւններու մասին։ Զրոյցի ընթացքին իրեն ալ ըսինք, որ ամենայն ուշադրութեամբ որպէս յորդոր կ՚ընկալենք իր խօսքը։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի յայտնեց, որ անպաշտօն լսումներու հիման վրայ մեր կողմէ հրատարակուած կարգ մը լրատուութիւնները չեն ցոլացներ ամբողջական ճշմարտութիւնը։ Այս դիտարկման փոխարէն՝ մենք ալ համեստօրէն յայտնեցինք, որ անպաշտօն լսումներու հիման վրայ լուրեր հրապարակելու ժամանակ միշտ համապատասխան վերապահութիւն կ՚արտայայտենք եւ հաղորդումներուն մէջ ալ այդ ուղղութեամբ կը կատարենք շեշտադրումներ։ Փորձեցինք նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնել, որ մեր համայնքէն ներս մեծ հետաքրքրութիւն մը կայ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Հանրային կարծիքը կը սպասէ լուրերու. որոնումներու մէջ է։ Մամուլին պարտականութիւնն է այդ բոլորը յագեցնել, բաւարարել մեր համայնքի տեղեկատուութեան ակնկալութիւնը։ Անշուշտ, այս բոլորը ամբոխավարումներէ եւ աղաւաղումներէ զերծ պէտք է ըլլան։ Մնաց որ, մեր մամուլը այս պահու դրութեամբ ենթակայ է իրերամերժ, հակադիր տուեալներու տեղատարափի մը։ Բոլոր կողմերու հետ հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալով՝ անաչառ գործ մը տեսնելու համար այդ բոլոր տուեալները պէտք է հաշուի առնել եւ ի վերջոյ արհեստավարժ հոտառութիւնով մը մատուցել ընթերցողին։ Հետեւաբար, հեռախօսազրոյցի ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր բարձր նկատառման յանձնեցինք, որ նման պայմաններու ներքեւ թիւրիմացութիւններու յաղթահարման եւ հանրային կարծիքի առողջ հունաւորման գլխաւոր նախադրեալն է պաշտօնական տեղեկատուութեան հոսքի աւելի աշխոյժ պահուիլը։

Հաշուի առնելով տեղապահ սրբազան հօր պատրաստակամ վերաբերմունքը՝ մենք ալ, մեր հերթին, իր նկատառման որդիաբար յանձնեցինք կարգ մը հանգամանքներ, որոնք մեր տեսակէտէ խնդրայարոյց են։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի յիշեցուցինք, որ Պատրիարքարանը պաշտօնապէս ժամանակացոյց մը հրապարակած է պատրիարքական ընտրութեան համար, սակայն ներկայիս արդէն յայտնի է եւ բոլորը համոզուած են, որ այդ ժամանակացոյցին գործադրութիւնը անկարելի է։ Ուրեմն ինչո՞ւ աճապարանք ցուցաբերուած է այդպիսի ժամանակացոյցի մը հրապարակման համար՝ երբ անոր գործադրութիւնը երաշխաւորուած չէր։ Նման երեւոյթները կրնան վնաս հասցնել Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութեան՝ կրնան անլուրջ թուիլ՝ որպէս հաստատութիւն անոր վարկին տեսակէտէ։ Նորին սրբազնութիւնը յարմար չդատեց պատճառաբանութիւններու մէջ խորանալ, ոչ ալ ջանաց արդարացումներ գտնել, պարզապէս յայտնեց՝ որ ուշ կամ կանուխ ընտրութիւնը անպայման պիտի ըլլայ։

Զրոյցի աւարտին անկեղծօրէն բաժնեցինք այն մաղթանքը, թէ պատրիարքական ընտրութեան կնճռոտ խնդիրը այլեւս յաղթահարուի՝ մեր աւանդութիւններուն, մեր եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց, մեր համայնքի սպասումներուն եւ պետական ընթացակարգերուն համապատասխան ձեւով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017