Միջազգային գործօններ

Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած զի­նեալ յե­ղաշր­ջման ձա­խող փոր­ձը լայն ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ։ Բնա­կա­նա­բար հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած է ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին վրայ, սա­կայն այս խնդի­րը Թուր­քիոյ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ եւս մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը բե­րէ իր հետ։ Թուր­քիոյ նման մի­ջազ­գա­յին դրու­թեան հետ նոյ­նա­ցած եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռու­մով լուրջ դե­րա­կա­տար­նե­րու շար­քին դա­սուած երկ­րի մը տե­սան­կիւ­նէն ո­րե­ւէ նիւ­թի շուրջ ան­կա­րե­լի է մի­ջազ­գա­յին գոր­ծօն­նե­րու ան­տե­սու­մը։

Հեր­ձա­տի­րա­կան խում­բի պե­տա­կան հա­րուա­ծի նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­սե­ցու­մէն վերջ ո­րոշ չա­փով ան­հա­ղորդ վի­ճակ մը ստեղ­ծուե­ցաւ Ան­գա­րա­յի եւ մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ։ Մա­հա­պա­տի­ժի վե­րա­կանգ­նման հա­ւա­նա­կա­նու­թե­նէն սկսեալ, մին­չեւ լայ­նա­ծա­ւալ հար­ցաքն­նու­թեան տե­ղի տուած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Եւ­րո­միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ պատ­ճառ դար­ձան վե­րա­պահ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու։ Ա­ռա­ջին պա­հու մօ­տե­ցում­նե­րը ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ե­կան փո­խա­րի­նուիլ այն մօ­տե­ցու­մով, թէ դէպ­քե­րու յա­ռա­ջի­կայ ըն­թաց­քէն դա­տե­լով ո­րո­շում­ներ պի­տի տրուին Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան եւ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Օ­պա­մա ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ սա ա­ռա­ջին գա­գաթ­նա­յին շփումն էր Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն ա­ռանց­քին վրայ։ Սկզբուն­քօ­րէն, ըստ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն, կող­մե­րը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Մնա­ցեա­լին մա­սին, բնա­կա­նա­բար, ան­կա­րե­լի է յա­ւե­լեալ են­թադ­րու­թիւն­ներ ը­նել։

Յա­մե­նայն­դէպս, Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա ե­րէ­կուան հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը կրնայ էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ՝ որ­պէս­զի ներ­կայ բարդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Թուր­քիա կա­րե­նայ դնել  մի­ջազ­գա­յին գոր­ծօն­նե­րը նպաս­տա­ւոր հու­նի մը մէջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016